Անոր Սիրտը Հայաստանի մէջ էր

Օհան Տուրեանի Ծննդեան 100 Ամեակը

1922-2011

 

Գրեց՝ Սեդա Գանտահարեան

 

«Հարկաւոր է փրկել նօթաները

Եւ ոչ թէ զանոնք նուագել»

Օհան Տուրեան

 

Օհան Տուրեան ծնած է 8 Սեպտեմբեր 1922-ին Երուսաղէմ բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ: Հայրը՝ Գէորգ Խաչատուրեան, կինը՝ Նազլի, 5-րդ զաւակով յղի ծննդաբերութեան ժամանակ կը մահանայ, որբացնելով մանչերը:

Գէորգը մտահոգ, թէ այս պզտիկները առանց մօր ի՞նչ պիտի ըլլան, կ’որոշէ վերամուսնանալ: Հայֆա կը մեկնի ու հոն հանգուցեալ տիկնոջ մօտիկ ազգականին Եասմինին հետ կամուսնանայ եւ անկէ ալ կը բախտաւորուի հինգ զաւակներով:

Խաչատուրեան ընտանիքի անդրանիկ զաւակը կ’անուանուէր Յովհաննէս, եւ ան երիտասարդ տարիքին կ’որշէ Մարոք Ափրիկէ երթալ դրամ շահելու, սակայն զինք կը կորսնցնեն:

Գէորգը տղուն յիշատակը անթառամ պահելու համար, տասներորդ մանչ զաւակը դարձեալ Յովհաննէս կանուանէ, ապագային Օհան:

1900-ականներուն սկիզբը Երուսաղէմի մէջ հայկական դպրոց գոյութիւն չունէր, օտար վարժարաններ կը յաճախէին հայ ուսանողները, ու շատեր արաբախօս դարձած էին, բայց հայ մնացած, եւ այդ պատճառով արաբական անուններով կը կանչէին զիրար՝ Հաննա, Իպրահիմ, Սլէյման, Ըսհա’ա, Տաուտ, Եուսէֆ, Եագուպ,- ասոնք եղբայրներն էին Յովհաննէսին- Ռհանին, քոյրերը՝ Հեղինէ- անգլերէն՝ Հէլէն, Վարդանուշ-արաբերէն՝ Ուարտէ եւ վերջապէս Յովհաննէս -արաբերէն՝ Հաննա-Օհան:

Հայրերնին, իր զաւակներուն կրթութեան  մտահոգութեամբ, այդ ժամանակաշրջանին գերմանացի մարդասէր Johann Ludwig Schneller-ի արուեստի դպրոցը կը տեղաւորէ Օհանին, եւ որովհետեւ Երուսաղէմի դպրոցը տեղ չկար, Օհանին կը ղրկեն Նազարէթի Schneller դպրոցը կրթութիւն ստանալու եւ արհեստ սորվելու:

Օհանը երաժշտութեան հանդէպ հակում ունենալով Flute, սրինգ եւ երգեհոն նուագել կը սորվի, եւ արդէն պատանի տարիքէն երաժշտութեան սէրը կը սկսի զարգանայ:

Դեռ այդ տարիքէն այս հանճարը՝ Յովհաննէս-Օհան Խաչատուրեան այնքան հմայուած էր Արամ Խաչատուրեանի արուեստով, որ համեստաբար մտածելով որ ինք տակաւին երկար ճամբայ ունի հասնելու նման մեծութեան եւ կրելու նոյն մականունը, իր մականունին սկզբնամասէն կրճատած է «խաչա» մասնիկը, մնալով Օհան Տուրեան:

Ես հոս պիտի ջանամ իր կեանքի մէկ հանգրուանին մասին գրելու, որը ինծի ծանօթ է: Ես ծնած եմ Երուսաղէմ, շատ փոքր տարիքիս գաղթած ենք Հայաստան, հայրս կը պատմէր՝ Օհանենք Երուսաղէմի հայոց թաղամասին մէջ կը բնակէին, մեր տուները բաւական հեռու էին իրարմէ, սակայն իր պատանի տարիքին յաճախ զինք կը տեսնէինք Երուսաղէմի մէջ եկեղեցւոյ երգեհոնը կը նուագէր:

Տուրեան եօթ լեզուներու կը տիրապետէր եւ տարբեր նուագախումբերու հետ իրենց լեզուով կը խօսէր:

Օհան Տուրեան 1939-1945 Երուսաղէմի երաժշտանոցի մէջ կը սորվի եւ կը զարգացնէ երգագրութեան (composition), ղեկավարութեան (conducting) եւ երգեհոն (organ) նուագելու արուեստները:

Զիւրիխի երաժշտանոցին մէջ կը սորվի ղեկավարութիւն: Ստեղծագործական դասեր առած է «Ռոժէ Դէզորմերէ»է եւ «Ժան Մարտինօնէ» է:

1957-ին 35 տարեկան հասակին Մոսկուա է, դասական երաժշտութեան 6-րդ միջազգային փառատօնին մասնակցելու, ուր մեծ յաջողութիւններ կարձանագրէ: Այդ տարին բախտը կունենայ հանդիպելու երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոս Հայրապետին, որուն հրաւէրով կը հաստատուի Երեւան:

1959-ին կը ղեկավարէ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը, մինչեւ 1964 թուականը 1963-1968, իբրեւ հիւր կը ղեկավարէ Լայբցիկի Cewandhaus օփերայի հանրայայտ նուագախումբը: Գերմանիոյ մէջ մաէստրոյի Պեթհովէնի 9-րդ սիմֆոնիան ուղղակի ցնցեցուցած էր երաժշտական աշխարհը:

1971-1972-ին տիրիժորը Երեւանի մէջ Պետական Օփերայի նուագախումբը ղեկավարեց:

2005-ին սկսած էին ֆիլմի աշխատանքներ, որուն գործապէս մասնակցած էր ֆիլմի արտադրիչ Սթաս Նամինը, եւ մեծապէս աջակցած էր բժիշկ Վահան Վարդապետեանը՝ մաէստրոյի արուեստի ջերմ երկրպագուն: Ֆիլմ, առաջին ներկայացում-շնորհանդէսն էր: Երեւանի «Մոսկուա» կինօթատրոնի հանդիսատեսը յոտնկայս երկարատեւ ծափահարութիւններով կը ողջունէ դահլիճ մտնող մաէստրօն: Ֆիլմի արտադրիչ՝ Սթաս Նամինը արտակարգ ջերմութեամբ կը ներկայացնէ Օհան Տուրեան-երեւոյթը, անոր հոգիի մեծութիւնը, անսովոր տաղանդը, ստեղծագործութիւնը՝ զայն տեսնելով որպէս հայ մշակոյթի վերջին մեծերէն մին. «Ոչ մէկը կարող է սիրել Հայաստանը, այնպէս, ինչպէս ան կը սիրէ»: Ֆիլմին մէջ, կը ներկայացուէր Տուրեան-երաժիշտի բարձր փրոֆեսիոնալիզմը, բացառիկ նուիրումը, աստուածաշնորհ տաղանդն ու մեծ ներշնչումները:

Երաժշտութիւնը իր տարերքն էր, իր աշխարհն էր, այնքան բնական, եւ նուագավարութիւնը՝ իր կոչումը, նաեւ ակնյայտ փաստ է որ Հ.Հ. Ժողովրդական արտիստ, Ավինիոնի Նոր Պապ Ֆրանսայի արուեստի ու գրականութեան պատուոյ ասպետ՝ Օհան Տուրեանը աշխարհի մէջ լաւագոյն համարուող երեք երաժշտական ղեկավարներէն մէկն էր: Ան բացառիկ նուագարար չէր միայն, ան մեծ արուեստագէտ էր, երաժշտութիւնը գերազանցող մեծ երգի: Անոր բեմական ապրումը նուագավարի վահանակի  մօտ ոչ միայն տարերք կը յիշեցնէր  այլեւ աղօթք: Այդ սիրոյ աղօթքն էր, խնկարկում արուեստին: Իր ելոյթներու ընթացքին անոր աչքերը փակ էին, ան կը խօսէր կիսախուփ աչքերու դէպի վեր ուղղուած հայեացքով:

Այս բոլորով հանդերձ Տուրեանը չափազանց բարդ մարդ էր, բախումներ ունեցած էր կառավարութեան հետ, սակայն ան երբեք չէր չարացած: Ան սերտ յարաբերութիւններ ունէր Վազգէն Սարգսեանի եւ Կարէն Դեմիրճեանի հետ:

Ան մէկն էր այն երջանիկներէն, որուն հոգեկան հմայքը, տաղանդի պարզութիւնը, այնքան զօրաւոր էր, որ կը ճեղքէր ամէն մէկ արգելք ու պատնէշ՝ կը հասնէր ուրիշ սրտերու խորքը, կը  դառնար հանուր ու մարդկային:

Անոր համար ա’ն մնաց Օհան Տուրեան, անուն, որ արժանապատուութեան, բարոյականութեան եւ փրօֆեսիոնալիզմի խորհրդանիշ էր: Ան կապրէր երաժշտական իր աշխարհին մէջ:

Ահռելի երաժշտացանկ մը ունէր, որուն մեծ մասը կը ղեկավարէր առանց երաժշտատետրի ու ղեկավարի ցօղիկի-Baton, իր գեղեցիկ խօսող ձեռքերով երաժշտութիւն կը ստեղծէր:

120-է աւելի աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ անգիր ու անթերի կը ղեկավարէր Մոցարթ, Պեթհովէն, Բերլիոզ սիմֆոնիաներ, եւայլն:

Ան ըսած է «Դադարը ինձ համար մահ է»: Սակայն ան երբեք չդադարեցաւ եւ դարձաւ ց’մահ երաժշտական ղեկավար:

Բացառիկ էին Օհան Տուրեանի ղեկավարութեամբ համերգները: 1960-ականներուն բախտ ունեցած եմ Երեւանի մէջ վայլելու մաէստրոյի կենդանի արուեստը:

Նոյն թուականներուն Երեւանի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտանոցին մէջ դասաւանդած եմ Օհանի որդուն՝ Նարեկ Տուրեանին երաժշտական գրականութիւն:

Նարեկը չափազանց աշխոյժ եւ խելացի աշակերտ էր, ան դարձաւ դերասան բեմադրիչ:

Օհան Տուրեան մահացաւ Երեւան Յունուար 6, 2011 թուականին մարմինը ամփոփուած է Կոմիտասի անուան Պանթէոնին մէջ:

Իր ստեղծագործութիւններն են՝ «Komitasakan», «L’Armenienne», «Pastorales 3»

Օհան Տուրեանի ծննդեան 100-ամեակի կապակցութեամբ Երեւանի մէջ ստեղծուած է մշակութային յատուկ յանձնախումբի ատենապետութեամբ բժիշկ՝ Վահան Վարդապետեանի:

100-ամեակի կապակցութեամբ Երեւանի Օփերային դահլիճի մէջ կայացաւ համերգ:

Օփերայի յարակից տարածքին մէջ տեղադրուեցաւ Օ. Տուրեան մաէստրոյի արձանը. քանդակագործ՝ Էդիկ Բաղդասարեան:

Նաեւ պիտի բացուէր Օ. Տուրեան Տուն-թանգարան եւ արտատպուէր Յոբելենական արծաթէ յուշագրաւ:

Բժիշկ Վահան Վարժապետեան գրի առած  է մաէստրոյի յուշերը եւ պատրաստած է «Իմ Օհան Տուրեանը» հատորը:

Երուսաղէմի Պատրիարքի հովանաւորութեամբ 2023 Օգոստոս 6-ին պիտի հնչեցուին հայկական եկեղեցւոյ զանգերը եւ յուշաքար մը պիտի ամրացուի եկեղեցւոյ պատին: