Գանատայի Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Մնայուն Յանձնաժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի ապաշրջափակումը պահանջող բանաձեւը

Երեքշաբթի՝ 14 Փետրուար 2023-ին, Գանատայի Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Մնայուն Յանձնաժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան պատգամաւոր՝ Սթեֆան Պերժերոնի միջնորդութիւնը՝ որ Ատրպէյճանին կոչ կ’ուղղէ ապաշրջափակելու Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը, երաշխաւորել տեղաշարժի ազատութիւնը եւ խուսափիլ տարածաշրջանի մէջ մարդասիրական իրավիճակի յետագայ վատթարացումէն։ Բանաձեւը պիտի յղուի խորհրդարանի քննարկման եւ կառավարութենէն պատասխան կը պահանջուի։

Հարկ է նշել, որ Գանատահայ համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններ եւ բարձրաստիճան անհատներ երկար ժամանակ տարբեր մակարդակներուն, աշխուժօրէն գործողութիւններ կ’իրականացնեն Գանատայի կառավարութեան դրական եւ ճշգրիտ միջամտութիւնը ապահովելու համար՝ ի նպաստ Լաչինի միջանցքի բացման։

Նշենք նաեւ, որ Յունուար 15-ին, Գանատայի ընդդիմադիր Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, Գանատայի խորհրդարանի երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւնները՝ Պահպանողականները, Նոր Դեմոկրատներն ու Պլոք Քեպէգուան, Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական ​​յանձնաժողովի արտահերթ նիստ պահանջած էին, որպէսզի խորհրդակցութիւն կայանայ Արցախի շարունակուող շրջափակման առնչութեամբ։

25 Յունուարին Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը երկու առանձին նիստ գումարեց՝ քննարկելու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակումը։ Առաջին նիստին, Գանատայի խորհրդարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդէս եկան Արցախի Հանրապետութեան պետական ներկայացուցիչները եւ զեկուցեցին շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի բնակչութեան իրավիճակի մասին։ Երկրորդ քննարկման՝ 31 Յունուարին, տպաւորիչ ներկայացմամբ, հանդէս եկաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանը։ Սոյն նիստին հաղորդուած է, որ Գանատայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը դիմած էր նաեւ Ատրպէյճանի դեսպանատանը՝ իր տեսակէտը ներկայացնելու համար, սակայն վերջինս չէր արձագանգած: