Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ բացուած է «Իմ Հայրենիք» խորագիրով լուսանկարներու շարժական ցուցահանդէսը

Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ բացուած է «Իմ հայրենիք» խորագիրով լուսանկարներու շարժական ցուցահանդէսը։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Ըստ աղբիւրին՝ ցուցադրուած լուսանկարներուն մէջ խաղաղ եւ պատերազմական օրերու դրուագներն են՝ ինչպէս Արցախէն եւ Հայաստանէն, այնպէս ալ՝ Ռուսիայէն, Իտալիայէն, Իսրայէլէն, Չեխիայէն եւ Սլովաքիայէն:

Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի վարիչ Նարէ Նիկողոսեանը տեղեկացուցած է, որ նախաձեռնութեան հեղինակը երեւանաբնակ լուսանկարիչ Արմէն Ենգոյեանն է:

«Ցուցահանդէսի՝ անոր մտայղացումը ծնած է դեռ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին:

Ի աջակցութիւն արցախահայութեան՝ ան փորձած է մէկ գաղափարի շուրջ համախմբել նաեւ այլ երկիրներու լուսանկարիչներ»,- մանրամասնած է ան՝ աւելցնելով, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են 23 լուսանկարիչի գործեր: Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով մտայղացման հեղինակը չէ կրցած ներկայ գտնուիլ ցուցահանդէսի բացման, իսկ կազմակերպչական աշխատանքները կը համակարգէ արցախցի քանդակագործ Արմէն Պետրոսեանը:

«Այսօր աշխարհի հետ խօսելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն ալ մշակոյթն է, ներառեալ նման լուսանկարներու ցուցադրութիւնը: Մեր օրերուն, երբ բառերը տեսակ մը կարծես արժեզրկուած են, արուեստն ու մշակոյթը դարձած են այն զէնքը, որմով կարելի է պայքարիլ, աւելի անկեղծ, պարզ ու մարդկային զգացմունքներու լեզուով խօսիլ համաշխարհային հարթակներէն ու միջազգային հանրութեան հետ: Կը կարծեմ, որ այս ցուցահանդէսը նոյնինքն ատոր վառ ապացոյցն է: Իւրաքանչիւր լուսանկարի մէջ կարելի է տեսնել հայրենիք՝ ուրոյն դրսեւորումներով: Օտար լուսանկարիչները ներկայացուցած են իրենց երկրին վերաբերեալ այնպիսի դրուագներ, որոնք համահունչ են նաեւ այսօրուան մեր իրականութեան»,- յայտնած է Ն. Նիկողոսեանը:

Անոր խօսքով՝ շարժական ցուցահանդէսը ներկայացուած է նաեւ Մարտակերտ, Ասկերան քաղաքներուն մէջ, Բերդաշէն եւ Մաղաւուզ համայնքներուն մէջ: Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ անիկա բաց պիտի մնայ մինչեւ Փետրուարի վերջ: Կը նախատեսուի նաեւ լուսանկարները ներկայացնել Երեւանի մէջ: