Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան. «Արցախի ճանաչումը բոլոր լուծումներու հիմնական բանալի»

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ, Փետրուարի 24-ին եւ 25-ին տեղի ունեցաւ գիտագործնական համաժողով, նուիրուած Արցախեան շարժման 35-րդ ամեակին՝ «Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հրամայականը» խորագրով։

Այս գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի գլխաւոր սրահին մէջ, մասնակցութեամբ Հայաստանի աւելի քան քսան ակադեմիական, դիւանագիտական, քաղաքագիտական եւ այլ բնագաւառներէ բաղկացած բարձր մակարդակի մասնագէտներու.

Սոյն գիտաժողովին հիւրաբար եւ հեռակայ կարգով ներկայ էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան երկարամեայ գերագոյն ղեկավար  դէմքերէն Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, ուր ան տեսաուղերձով մը անդրադարձաւ Արցախեան տագնապին  ու այնտեղ կարեւորեց Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը։

Ստորեւ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Դոկտ. Կէօնճեանի ուղերձին ամբողջութիւնն ու անոր կցելով խօսքին տեսանիւթը։

 

 

 

 

 

 

 

 

Յարգելի եւ թանկագին հայրենակիցներ՝

Թոյլ տուէք առաջին հերթին ձեզ ողջունել հեռաւոր Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքէն, եւ սրտանց շնորհաւորել, պատկառելի մասնակիցներով ձեր կազմակերպած այս գիտաժողովը:

Արդարեւ, նկատի առած, 1988-ին Արցախի շարժման սկսած օրերէն ի վեր մինչեւ այսօր՝ 35 անցնող տարիներուն ամբողջ պատմութիւնը, ես եւս բուռն հաւատացողներէն մէկն եմ թէ, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման հարցի հետապնդումը, մեր այսօրուան հարցերուն հարցն է անկասկած:

Այսինքն բոլոր միւս Արցախի խնդիրներու ծիրին մէջ, ան կեդրոնական բանալի հարցն է:

Արդարեւ, նոյնիսկ երբ Լաչինի անցքը յուսանք շուտով բացուի, գիտենք թէ Արցախի ճակատագիրը պիտի տակաւին գտնուի անդունդի եզրին:

Գիտենք նաեւ թէ Արցախը 1991-ին՝ այդ օրերու բոլոր օրէնքները յարգելով, եւ նախատեսուած հանրաքուէն օրինական կերպով կատարած ըլլալով, իր անկախութիւնը հռչակած է օրինաւորապէս, արդէն իսկ 1991 Դեկտեմբերի 10-ին:

Անկէ ետք, ան պէտք էր առաջնահերթ կարեւորութիւն տուած ըլլար, ամէն առիթով, իր անկախ երկիր ըլլալու հանգամանքին՝ եւ անոր պաշտպան կենար:

Մանաւանդ 1994-ի զինադադարէն սկսեալ, միջազգային բոլոր բանակցութեանց կամ ելոյթներուն առիթով, Արցախը եւ Հայաստանը պէտք էին օրակարգերու անսակարկելի տուեալներէն մէկը դարձուցած ըլլային Արցախի անկախութեան հանգամանքը:

Այսօր, 32 տարիներու բացթողումէն ետք, գուցէ այլեւս դժուար ըլլայ վերակենդանացնել՝ թէեւ պատմականօրէն անժխտելի՝ սակայն դժբախտաբար մոռացութեան մէջ թաղուած այս իրականութիւնը:

Սակայն յանկարծ այսօր՝ նոյն ինքը Լաչինի փակման իբրեւ անսպասելի՝ սակայն նպաստաւոր հետեւանք, նոր եւ նոյնքան ուժեղ անժխտելի տուեալներ ստեղծուած են, Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը արծարծելու, եւ նպաստաւոր որոշում հայցելու համար, Միջազգային Արդարութեան դատարանին կողմէ:

Արդարեւ անցնող երկու ամիսներուն ընթացքին, նոյն ինքը Ալիեւը, համարեա աշխատեցաւ մեր օգտին, փաստելու համար թէ նկատի առած մարդկային իրաւունքներու նոյնիսկ տարրական պահանջները, Արցախը այլեւս երբեւիցէ չի կրնար մաս կազմել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան:

2008 թուին անկախացած, եւ 2010-ին Միջազգային Դատարանին զօրավիգին արժանացած Քօսօվօ-ին պարագան՝ Արցախին իր կատարեալ նմանութեամբ, անժխտելի նախընթաց մըն է անկասկած, որուն պէտք է որ անայլայլ կառչինք, Միջազգային Դատարանին առջեւ մեր փաստարկումներուն ընթացքին:

Թանկագին հայրենակիցներ, պատկառելի այս ժողովին մասնակցող հեղինակաւոր անձնաւորութեանց՝ այս բոլորին մասին, քաղաքական թէ իրաւագիտական նոր տուեալներ հայթայթելու յաւակնութիւնը չունիմ, բնականաբար:

Իմս հիմնուած է յստակ, ուղիղ տրամաբանութեան՝ եւ նախադէպերու հայթայթած անշրջանցելի տոկուն յենարանին վրայ:

Նաեւ իրազեկ ենք անշուշտ, թէ Արցախը եւ Հայաստանը այսօր կը գտնուին ուշադիր եւ գերզգայուն դիրքի վրայ, չգրգռելու եւ նոր յարձակումներու պատրուակ չհայթայթելու համար թշնամի դրացիներուն:

Այս կապակցութեամբ սակայն, տեսակէտս է թէ անցնող ամիսները պատեհութիւնը տուին որպէսզի Արցախին պարտադրուած անմարդկային պայմանները լայնօրէն բացայայտուին միջազգային հարթակներուն վրայ: Առաւել, բնութեան այսօրերուն ստեղծած աղէտալի վիճակը այդ շրջանին մէջ, Ատրպէյճանը զսպուած պահելու լաւագոյն հաւաստիքներ են վստահաբար:

Այս բոլորով հանդերձ կը գիտակցինք թէ Արցախի անկախութեան ճանաչման աշխատանքներուն ձեռնարկելը կ’ենթադրէ մեծ եւ դժուարին՝ իրաւագիտական, դիւանագիտական եւ հանրային կարծիք ստեղծելու, մասնագիտական աշխատանք: Հետեւաբար Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնները եւ Սփիւռքը պարտին անմիջապէս ձեռնարկել գործակցական լրջագոյն աշխատանքի:

Խորապէս համոզուած եմ թէ որքան որ Սփիւռքին կը պակսի օրկանական կազմակերպուած կառոյց մը, պիտի ան անպայմանօրէն իր առաւելագոյն գործակցութիւնը բերէ այս գոյութենական աշխատանքին:

Ես եւ իմ պատկանած կազմակերպութիւններս՝ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եւ Աւանդապահ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, վստահ եմ թէ պիտի ընեն իրենց կարելին, մանաւանդ, այս աշխատանքին տրամադրելով իրենց անգլիատառ եւ հայերէն բաւականին տարածուած եւ հեղինակաւոր մամուլը:

Գլխաւորը սակայն, Արցախի եւ Հայաստանի այս առնչութեամբ առնելիք քայլերն են անկասկած, եւ այս գիտաժողովը հրաշալի դեր կրնայ կատարել այդ նպատակին համար:

Յաջողութիւն Ձեզ սիրելի հայրենակիցներ:

 

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

Մոնթրէալ, Գանատա

24 Փետրուար 2023

 

Տեսանիւթին միանալու համար սեղմել՝  https://youtu.be/Z6IsPMkhpDk