Այն ինչ որ կատարուեցաւ շաբաթավերջին բոլոր առումներով սադրանք էր։ Սադրանք, ոչ միայն Հայաստան ժամանած եւրոպացի դիտորդներու առաքելութեան, Արցախի ամբողջ ժողովուրդին, բայց մանաւանդ Հայաստան-Ատրպէյճան «խաղաղութեան» գործընթացին դէմ։
Խաղաղութիւն բառն չակերտի մէջ պահեցի, որովհետեւ բոլոր դէպքերը ցոյց կու տան, որ Ալիեւի իշխանութիւնը ներկայ փուլին ոչ մէկ առումով պատրաստ է խաղաղութեան երթալու։ Ատրպէյճան ունի մեծ պահանջներ, որոնց գլխաւոր մասը մերժելի է ոչ միայն Հայաստանին այլ նաեւ հաւաքական Արեւմուտքին ու յատկապէս Իրանին համար։
Ասկէ առաջ բազմիցս գրած եմ այս նիւթին մասին շեշտադրելով, որ Ալիեւի վարչամեքենայի ըրածները այս փուլին իրենց մէջ կը պարունակեն առաւելապաշտական միտումներ։ Ալիեւ կը հաւատայ, որ ինք անպարտելի է ու այդ մօտեցումը հիմունք դարձնելով կը փորձէ առաւելագոյնը կորզել Հայաստանէն, որ իր հերթին ունի շատ լուրջ անվտանգային խնդիրներ։
Եւ գուցէ այդ պատուհանէն դիտարկելով երեւոյթները Հայաստանի իշխանութիւնները եւ յատկապէս վարչապետ Փաշինեան կը փորձեն ամէն կերպ ժամանակ շահիլ ու ատոր զուգահեռ խօսիլ միայն ու միայն խաղաղութեան մը հասնելու տրամադրութիւններով։ Բարի տրամադրութիւնը, խաղաղասիրութիւնը ու նաեւ աւելի մեծ առումով Հարաւային Կովկասի մէջ ամբողջական խաղաղութեան հասնելու մօտեցումները անշուշտ ողջունելի են, սակայն այս փուլին այդ բոլորը Ատրպէյճանի համար ընդունելի չեն։
Ատրպէյճան «չի վազեր» հասնելու համար խաղաղութեան, այլ մեծ ցանկութիւն ունի իր հին-նոր ծրագիրը առաջ քաշելու, որ խորքին մէջ ալ ատրպէյճանեան ծրագիր չէ, այլ փան-թուրքական ծրագիր է, որուն ջատագովը անշուշտ Էրտողանեան Թուրքիան է։
Գուցէ խաղաղութեան եւ խաղաղասիրութեան մասին խօսակցութիւնները, կամ Փաշինեանի վարչամեքենային մէջ եղող եւ բաւական ամերիկամէտ գործիչներուն բերնէն լսելի դարձող յայտարարութիւնները մեծ վնաս կը բերեն այս իշխանութիւններուն, սակայն աւելի քան փաստացի է, որ Փաշինեան ներկայ փուլին այլ ընելիք չունի։
Ամենակարեւոր ընելիքը Փաշինեանի համար ժամանակ շահելու դրոյթն է եւ այդ առումով մենք նկատեցինք, որ իշխանութիւնները հակառակ առկայ մի քանի մեծ ռիսքերու մինչեւ ներկայ փուլը կարողացան իրավիճակը հաւասարակշռելի պահել։
Ճիշդ է նաեւ, որ նոյն այս «խաղաղասիրութեան» թեման, որ մեծ ծաղր ու ծանակի առարկայ կը դառնայ ընդդիմութեան կողմէ ինչ որ առումով ողջունելի մօտեցում է Արեւմուտքին եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն կողմէ, որոնք ներկայ պահու դրութեամբ Հայաստան- Ատրպէյճան գիծին վրայ կարեւոր դերակատարութիւն մըն ալ ստանձնած են։
Այս բոլորէն անդին եւ վերադառնալով անցեալ կիրակի օր եղած սադրանքին, հարկ է դիտարկել, որ այն եղած է նախօրօք ծրագրուած յարձակումի մը նախերգանքը։
Եւ այսպէս հերթափոխի համար Խայպալու շրջանէն դէպի անցակէտ մեկնող ոստիկանական կառքը ենթարկուած է գրոհի, որուն հետեւանքով ալ Արցախի ՆԳՆ-ի երեք ոստիկաններ կը նահատակուին։ Կը գրանցուի մէկ վիրաւոր, իսկ Ատրպէյճան (պաշտօնապէս) կը յայտարարէ, որ դէպքին հետեւանքով իր զինուորներէն երկուքը զոհուած են։ Այս ամբողջ սենարին վրայ, ինչպէս տարբեր անգամներու ատրպէյճանեան կողմը կ’աւելցնէ «համեմող» մեծ սուտ մը, ըստ որուն այդ կառքը զէնք ու զինամթերք պիտի տանէր Արցախի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտ։ Բան մը , որ կը հերքուի Արցախի մարմիններուն կողմէ, որոնք առանց վարանումի կը կրկնեն ՀՀ ԱԳՆ-ի կողմէ եղած եւ դէպքը ծրագրուած գրոհ համարող յայտարարութիւնները։
Ամէն պարագայի այս բոլորէն անդին հարկ է նաեւ աչքի տակ պահել վերջին շաբաթներուն ընթացքին քաղաքական բաւականին աշխոյժ իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Երեւան-Պաքու գիծին վրայ, ուր ժամանած էին մէկէ աւելի բարձրաստիճան գործիչներ։
Անշուշտ դարձեալ այս պարունակին մէջ աւելի քան ուշագրաւ պէտք է համարել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին Պաքու տուած այցը, որ նաեւ կը տեղադրուի Ռուսաստանի կողմէ արդէն երեւելի դարձող եւ իր ձեռքէն սահող շրջան մը անպայման «փրկելու» եւ ետ ձեռքերուն մէջ առնելու շտապողականութեամբ։
Այստեղ կան ի հարկէ բաւականին նուրբ թելեր, որոնք ամէն պարագայի իրենց մէջ ունին որոշ շեշտ երանգներ պաշտօնական Երեւանի կողմէ առնուած կամ առնուելիք քայլերուն մասին։
Իրողապէս մինչեւ այս պահը Փաշինեան հակա-ռուսական քայլերու չէ դիմաց, բացի այն համարձակ արտայայտութիւններէն, որոնք Արցախի շուրջ ստեղծուածին եւ յատկապէս Լաչինի միջանցքին փակ ըլլալը կը բեռցնեն Մոսկուայի ուսերուն։
Ի վերջոյ յայտարարութիւնները կարեւոր են, բայց եւ այնպէս անոնք, ոչ մէկ պարագայի անոնք որոշիչ են քաղաքականութեան մէջ «մեծ ցատք»եր կատարելու կամ երկար տարիներու վրայ մշակուած քաղաքականութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու կամ բարեփոխելու տեսակէտէն։
Ռուսաստան, որ մեծապէս խառնուած է Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ, դարձած է աւելի դիւրազգաց եւ դիւրաբորբոք ու գուցէ այդ պատճառով է նաեւ, որ Երեւանէն լսուող ցանկացած յայտարարութիւն ան կ’ընդունի բաւական չարախինդով առկայ իրավիճակը աւելիով բարդացնելով ու նաեւ միւս կողմէ Լաչինի հարցով մնալով նոյնքան անտարբեր եւ կամ ամենաթող վիճակի մը մէջ։
Այս բոլորին մէջ անկեղծ ըլլալու համար անպայման պէտք է դիտարկել, որ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ետք որոշակի կասկածներ սկսան աճիլ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն առընթեր։ Այս թէզը լաւապէս օգտագործումի դրուեցաւ Հայաստանի ընդդիմութեան կողմէ, որ ուզեց հաւատալ, որ այդ կերպ կարող է Փաշինեանը նեղ կացութեան մատնել եւ անշուշտ ռուսական նեցուկն ու հաւանութիւնը Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն մը իրականացնելու տեսակէտէն։
Սակայն Ռուսաստան գէթ այս կտրուածքով շատ տեղին եւ մեծ դաշնակցի դրոյթով մօտեցաւ հարցերուն ու նաեւ բացայայտ յայտարարեց, որ «մենք Հայաստանի ներքին խնդիրներուն առընթեր ըսելիք մը, միջամտելիք մը չունինք»։
Այդ բոլորը հաշուարկելէ ետք Փաշինեան , գոնէ առերեւոյթ փորձեց ամէն ճիգ ընել ամրացնելու համար Մոսկուայի հետ կապերը, անգամ չհասկնալով, որ այդ յարաբերութիւններու մեծագոյն խանգարիչը, ոչ միայն Հայաստանի «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ն է, այլ Մոսկուա-Պաքու յարաբերութեանց նոր մակարդակն ու մօտիկացումը։
Ու այստեղ շատ բնական էր, որ այդ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները պիտի բարելաւուէին ի հեճուկս երրորդ կողմի մը, որ այս պարագային փոքրիկ Հայաստանն էր։
Այդ յարաբերութեանց ամբողջական եւ մեծ ստուերը մենք բոլորս տեսանք Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ եւ գուցէ այսօր ալ այդ նոյն խաղաոճը կը շարունակուի երկու երկիրներուն միջեւ, որոնք ունին նոյն շահերը, կամ աւելի ճիշդը որոնց այս փուլի շահերը մեծ հաշուով համընկնած են։
Հիմա այս բոլորի լոյսին տակ, ինչպէ՞ս պէտք է վարուին Հայաստանի իշխանութիւնները, կամ ցանկացած քաղաքական խումբ, որ իշխանութեան կը հասնի։
Հարցադրումը ինքնին շատ դժուար է, ոչ միայն անոր համար, որ Մոսկուան զբաղ է Ուքրանիոյ ճակատով, այլ նաեւ անոր համար, որ Հայաստանն նոր տալիք մը չունի այդ «վիրաւոր» կայսրութեան։
Ու այս պատկերին դիմաց, կարելի է՞ յուսալ, որ Արեւմուտքը, եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգները պիտի ուզեն, եւ պիտի կամենան մտնել Հարաւային Կովկասի նոր դրոյթներուն մէջ, կամ ԱՄՆ-ի կողմէ վերջին ամիսներուն բաւական աշխոյժ մօտեցումները դեռ պիտի շարունակուի՞ն եւ պատճառ ու պատուար պիտի դառնան, որ Պաքու ետ մղէ իր արիւնոտ ձեռքերը Հայաստանէն ու Արցախէն։
Դարձեալ դժուարին հարցում է այս հարցումը եւս ու մտահոգիչն այն է, որ մինչեւ այս պահը աշխատող ազդակ է «Հարաւային Կովկասը անպայման ռուսերուն կը պատկանի» յղացքը, որ ունի եւ դեռ ալ կրնայ ունենալ ծանր հետեւանքներ Հայաստանի համար։ Ոչ միայն անոր համար, որ Մոսկուան սկսած է Պաքուն նախընտրել Երեւանի փոխարէն, այլ անոր համար, որ Ատրպէյճանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւնը ունի շահակցական մեծ երեսներ։
Սագօ Արեան