Հայ ժողովուրդը հին դարերէն ի վեր միշտ ալ գնահատած ու տեղ է տուած արուեստին. յատկապէս հայ երգին, նոյնիսկ կեանքի փոթորկալից պայմաններու ժամանակ ան իր ողբը երգով է արտայայտած:
«Նաղաշ» համոյթը 2010-ին (15-րդ դարու հոգեւորական բանաստեղծ Մկրտիչ Նաղաշի անունով) ծնունդ առնելով հայրենիքի մէջ, կու գայ միջազգայնօրէն ճանաչում ունեցող բեմերու ճանապարհէն, նորոգելու ոչ միայն հայերու, այլ եւ բոլոր արուեստագէտներու հոգիները։
Հակառակ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն, ներկաներու թիւը արդարացուած կը նկատուէր։
Երկուշաբթի՝ 13 Մարտ 2023-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Գեղարուեստի Թանգարանի Պուրժի համերգասրահի (Salle Bourgie du Musée des beaux-arts de Montréal) շքամուտքը խանդավառութիւն կը տիրէր. շատեր նախքան համերգը առցանց ծանօթացած էին խումբի բարձրորակ կատարման որակին, իսկ ես նախընտրած էի այդ անակնկալը վերապահել տուեալ երեկոյին. ի հարկէ ծանօթ էի բանաստեղծի գրական միջին հայերէնի պարզ ու մատչելի լեզուին սակայն բնականաբար ոչ երաժշտութեան:
Որոշուած ժամուն, խօսնակը յաւուր պատշաճի բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց արուեստագէտները, որոնք յաջորդականութեամբ մուտք գործեցին գրաւելու համար իրենց տեղերը՝ Հասմիկ Բաղդասարեան Սօփրանօ, Տաթեւիկ Հովսեսեան Սօփրանօ, Արփինե Տէր-Պետրոսեան Ալթօ, Տիգրան Հովհաննիսեան Դհոլ, Արամ Նիկողոսեան Ուդ, Հարություն Չքոլեան Դուդուկ ապա Դաշնակահար-Երգահան Ջոն Հոդեանը, ղեկավարելու իր հեղինակած երաժշտութեամբ օրուայ յայտագիրը՝ «Խորհրդածութիւն ագահութեան մասին, Եթէ այս աշխարհին մէջ մեղքով դուք կը զարմանաք, Ողբ երեխայի մահուան մասին, Վայ անոնց ովքեր ոխ կը պահեն, Մէկ այլ պատասխան, Անգրագէտներուն, Ողբ ննջեցեալներու համար»:
Արուեստագէտները իրենց կատարումներով առաջին պահէն իսկ գերեցին հանդիսատեսին, մագնիսացնելով վերջիններուս, որոնք կլանուած կ’ըմբոշխնէին հրամցուածը: Երեկոն յաջողութեամբ պսակուած էր… սա ինքնին ոչ միայն արուեստագէտներուն անզուգական կատարումը ցոյց կու տար, այլ նաեւ Երգահան Ջոն Հոդեանի բարձրորակ ու հմուտ երաժիշտ ըլլալը: Այստեղ նուագարանները ներկայացուած էին ոչ նուագակցողի դերին մէջ, այլ միաձուլուելով ձայնային (vocal) բաժիններուն, կը կազմէին ամբողջութիւն այսինքն՝ հեղինակը ձայնային բաժինները նկատի է ունեցած որպէս նուագարան: Հետաքրքրական էր լսել միջնադարեան հոգեւոր բանաստեղծութիւնը ժամանակակից երաժշտութեամբ. սա ինքնին ցոյց կու տայ երգահան Ջոն Հոդեանի բացառիկ ունակութիւնը որպէս երաժիշտ։ Ինչու չէ՝ կրնանք նաեւ զուգահեռ անցնել վերջինս Կարլ Օրֆի (Carl Orff) հետ ուր ինք եւս քսաներորդ դարու առաջին կիսուն երաժիշտ, հեղինակած է իր նշանաւոր «Կարմինա Բուրանա (Carmina Burana)» կանտատը տասներորդ դարու հոգեւոր բանաստեղծութեան խօսքերով: Սա ինքնին փաստ է, որ ոչ թէ միայն անցեալին ունեցած ենք մեծութիւններ այլ նաեւ այդ հոսքը չէ դադրած…
Յայտագրի աւարտին, ընդառաջելով հանդիսատեսի բուռն ծափողջոյններուն խումբը հանդէս եկաւ շատ գեղեցիկ օրօրոցային հատուածով մը, ապա Երգահան ու ղեկավար Ջոն Հոդեանը ներկայացուց համոյթի շնորհալի արուեստագէտները վեր առնելով անոնց կատարողական բարձրորակ արժէքը, եւ անդրադառնալով Տիկ. Լիզա Սվաճեանին կատարած արդիւնաւէտ աշխատանքին՝ ան իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց անոր:
Նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքներով, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ՝ Սամուէլ Քէօշկէրեան:
Յ.Գ. Գնահատելի էր գաղղիերէն լեզուով բացատրութիւններով կիսուիլը մինչ հատուածներու կատարումը, սակայն ցանկալի պիտի ըլլար, որ նման երեկոն ունենար պատշաճ յայտագիր, որուն յաջորդէր «Նաղաշի» արուեստագէտներու պատմական եւ կենսագրական ակնարկները նաեւ երգերու բանաստեղծութիւնները: