Լոյս տեսած է ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստի ուսումնարանի Երաժշտութեան բաժնի առաջնակարգ գիտաշխատող, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, արուեստագիտութեան դոկտոր, փրոֆէսըր՝ Աննա Սէնի Արեւշատեանի «Կոստանդնուպոլսի հայ երաժիշտ-տեսաբանները. XVIII-XIX դարեր» մենագրութիւնը: Գիտական խմբագիրը արուեստագիտութեան դոկտոր, փրոֆէսըր՝ Լիլիթ Երնջակեանն է:
ԳԱԱ-ի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ աշխատութիւնը նուիրուած է XVIII դարու երկրորդ կէսի, XIX դարու առաջին կէսի՝ մինչեւ ազգային երաժշտական դպրոցի ձեւաւորման շրջանի Պոլսոյ հայ երաժիշտ-տեսաբաններու աւանդին, որոնք կարեւոր դեր ունեցած են հայ ազգային մասնագիտացուած երաժշտական արուեստի զարգացման գործին մէջ, մեծապէս նպաստած են հայ ազգային երաժշտատեսական մտքի ձեւաւորման եւ նոր հայկական ձայնագիտութեան ու նոթագրութեան ստեղծման: Յատկապէս նշանակալի է անոնց ներդրումը Նոր ժամանակի հայ ազգային երաժշտատեսական մտքի ձեւաւորման մէջ:
Հեղինակը նշած է, որ Կոստանդնուպոլիսը՝ իբրեւ չորս կայսրութիւններու պատմական մայրաքաղաք եւ տարբեր մշակոյթներու խառնարան, մշտական շփումներու հնարաւորութիւն կ’ընձեռէր տարբեր երաժիշտներու համար: Այդ է պատճառը, որ Պոլսոյ մէջ ձեւաւորուած եւ ստեղծագործած են այնպիսի հայ մեծանուն երաժիշտներ, ինչպէս՝ Գաբրիէլ Երանեանը եւ Տիգրան Չուխաճեանը, ընդհուպ մինչեւ Կոմիտաս վարդապետը, որ սերտօրէն կապուած եղած է Պոլսոյ մտաւորական եւ գեղարուեստական շրջանակներու հետ, յատկապէս Պոլսոյ մէջ իրականացուցած ստեղծագործական վերջին շրջանին՝ 1908-1916 թթ.: Այդ աւանդոյթը չէ ընդհատուած նոյնիսկ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք՝ հասնելով մինչեւ մեր օրերը: