https://www.youtube.com/watch?v=gZOio55zPGU
Երկուշաբթի՝ 27 Մարտ 2023-ին, Գանատայի խորհրդարանի հերթական նիստի ընթացքին, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար՝ Մելանի Ժոլի անդրադարձաւ Արցախի շրջափակման եւ անգամ մը եւս շեշտելով Գանատայի որոշումն ու կեցուածքը Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց վերաբանալու Լաչինի միջանցքը եւ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները:
Տեղին է յիշել, որ Գանատայի խորհրդարանի նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Ազատական կուսակցութեան անդամ՝ Ժան Եիփ եւ յայտնեց, թէ իր ընտրատարածքի, Սքարպորօ-Էյճինգորթի մէջ ապրող հայ համայնքի քաղաքացիները խորապէս մտահոգ են Արցախի հակամարտութեան գծով լարուածութեան սրումին առնչութեամբ։ Ան յիշեցուց, թէ արդէն աւելի քան հարիւր օրէ ի վեր Արցախի շրջափակումը կը շարունակուի եւ առկայ է մարդասիրական խորացող տագնապ մը, իսկ Արցախի ժողովուրդը մտավախութիւն ունի, թէ կացութիւնը շուտով կրնայ վերստին սրիլ։ Ապա, ան հարց տուաւ, թէ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը կրնա՞յ պարզաբանել, թէ Գանատայի կառավարութիւնը ի՞նչ քայլեր առած է այս հարցին ուղղութեամբ։
Նիստին ներկայ Արտաքին գործոց նախարար՝ Մելանի Ժոլի պատասխանելով հարցին յայտնեց. «Ես կը կիսեմ Գանատահայերու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու մտահոգութիւնները: Մենք կը շարունակենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղել վերաբանալու Լաչինի միջանցքը, մենք պէտք է կանխենք մարդասիրական տագնապի վիճակի յաւելեալ վատթարացման: Գանատան կ’աջակցի 2020-թուականի հրադադարի համաձայնագրին, եւ հայ ռազմագերիներուն վերադարձին»։ Ան միաժամանակ յայտնեց, որ Գանատան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի սահմաններուն վրայ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան։