Ուրբաթ՝ 24 Մարտ 2023-ի երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի «Ժիրայր եւ Էլիզ Տէրվիշեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գինեձօնի հանդիսութիւն, վերջերս հրատարակուած՝ Կարօ Նշանեանի հեղինակութեամբ «Daring to Accomplish» (անգլերէն լեզուով) գիրքին՝ որ կը ներկայացնէր պրն. Նշանեանի կեանքն ու նուաճումները 45 տարիներու ընթացքին. երաժշտական (երգ), օփերայի եւ այլ մշակութային բնագաւառներու մէջ, որ ան սատարած է Գահիրէէն մինչեւ Մոնթրէալ, Հայաստան եւ այլուր:
Ան իր զարգացած ու յառաջացած արուեստին պատճառաւ, հանդիպած է հայրենի կամ արտասահմանի տարբեր գաղութներու արուեստագէտներու:
Օրուան հաւաքոյթին իր մասնակցութիւնը բերաւ իրեն քաջածանօթ լրագրող՝ Լեւոն Սեւունց որ մեծապէս արժեքաւորեց գիրքը ու մանաւանդ Կարօ Նշանեանի կեանքի յանդգնութիւնը դէպի յաջողութիւն:
Գրասէր ներկաներու շարքին էին նաեւ, յատուկ հրաւէրով՝ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմէն ներկայացուցիչներ:
Խօսք առաւ Պրն. Շահէ Թանաշեան ատենապետ՝ ՀԲԸՄ-ի Մոնթրէալի մասնաճիւղի եւ մասնաւորաբար շեշտեց, թէ ինչպէս գիրքին մէջ յիշուած էր, պրն. Նշանեանի կեանքը կարելի էր օրինակ դառնալ նոր սերունդին:
Տէր Դաւիթ քհնյ. Մարգարեան, գինիով օրհնեց գիրքին առաջին տպագրութիւնը, մաղթելով Կարօ Նշանեանի նորանոր յաջողութիւններ:
Հանդիսութեան աւարտին, ներկաներէն շատեր փափաքեցան ստանալ հեղինակին մակագրած գիրքէն: