«Հայ Տուն»-ի Նախաձեռնութեամբ՝ We Are Our Mountains Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը

ՄՈՆԹՐԷԱԼԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ

 

Շաբաթ 18 Մարտ, 2023.

«Հայ Տուն»ը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր նախաձեռնելու «We Are Our Mountains» ֆիլմի ցուցադրութիւնը College Marie Victorin-ի  Salle de’silets-ի սրահին մէջ:

Խուռներամ բազմութիւն մը՝ մեծամասնութեամբ հայերու – տարբեր հատուածներէ- փութացած էր ներկայ գտնուելու այս ազգային ժապաւէնին ներկայացման:

Ինքնին փաստարկու (documentary) ցուցադրութիւն մըն էր նիւթ ունենալով Արցախի մասին:

Ներկայ էր եւ բացման խօսքը կատարեց «Հայ Տուն»-ի ատենապետ՝ Սեւակ Կոստանեան ներկայացնելով «Հայ Տուն»ի պատմականը եւ առաքելութիւնը մոնթրէալահայ գաղութին:

Իրեն յաջորդեց ֆիլմին բեմադրիչը, Ուրուկուէյցի մը՝ Federico Lomos, որ ամենայն հպարտութեամբ արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախի դատին ու իրաւունքներուն մասին, որուն յաջորդեց ֆիլմի ներկայացումը՝ տխո՜ւր սակայն իրական կեանքէ առնուած, պատրաստուած մեծ յաջողութեամբ ու յանդգնութեամբ:

Ստորեւ կու տանք համառօտ այլ հետաքրքրական հանդիպումը, որ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթը ունեցաւ բեմադրիչին հետ:

«Ծնած եմ Ուրուկուէյ, սակայն պիտի փափաքէի, որ երկրորդ ազգութիւնս ըլլար Հայ:: Մի քանի տարիներ առաջ, պատահաբար, նստած էի բարեկամներու հետ, երբ անոնցմէ մին, (ոչ հայ) մօտեցաւ ինծի եւ խօսեցաւ հայկական հարցին մասին: Ոչինչ գիտէի: Ինծի համար շատ անծանօթ հարց մըն էր, սակայն հետաքրքրական էր: Մխրճուեցայ խնդիրին մէջ եւ տեսայ կատարուած ոճիրը, ցեղասպանութիւնն ու մանաւանդ ուրացուած արդարութիւնը: Լծուեցայ գործի. եւ որքա՜ն կը մխրճուէի այնքան աւելի՜ կը համոզուէի ճշմարտութեան: Իսկ այսօր փափաքս է, որ համայն աշխարհ ճանչնայ ո’չ միայն մէկ ու կէս միլիոն հայ զոհերուն մասին այլեւ գրաւուած հողերու մասին: Մանաւանդ երիտասարդները պէտք է գիտնան այս բոլորը: Ես հպարտ եմ որ կը գտնուիմ հարցին ա’յս կողմը, եւ վստահ եմ որ ճի’շդ կողմն եմ»:

Բաժնուեցանք այս զո’ւտ հայկական ոգիով լեցուած Ուրուկուէյցի-էն մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

 

Պերճ Գոգորեան