Տիկնանց Միութեան Տէպիւթանթներու պարահանդէսը

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, Տիկնանց Միութեան Տէպիւթանթ պարահանդէսի յատուկ յանձնախումբը, Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-ին, քաղաքիս «Westin Prince» առաջնակարգ պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ կազմակերպած էր Տէպիւթանթներու 22-րդ պարահանդէսը, սոյն պարահանդէսը ամենափնտռուած եւ բարեճաշակ ձեռնարկներէն մին է, որ կը կազմակերպուի ամէն երկու տարին անգամ մը եւ որուն նպատակն է մեր նորահաս պարման-պարմանուհիները ծանօթացնել գաղութիս եւ ինչու չէ զիրենք մասնակից դարձնել եկեղեցւոյ շուրջ կազմակերպուած ձեռնարկներուն:

Պարահանդէսի բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Անիթա Օհաննէսեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ներկայացուց կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամուհիները. Ալին Փիլթէքեան, Անն Օհաննէսեան, Տալիթա Տէօքմէճեան, Հիլտա Ադամեան, Մարլին Ուսթուն եւ Շիլա Թորիկեան: օրդ. Փաթիլ Իմաստունեան եւ պրն. Արէն Զարգարեան ներկայացուցին համայնքիս 16 գարուններ թեւակոխած պարմանուհիները եւ անոնց ընկերակցող երիտասարդները. թիւով 15, որոնք էին Ելինա Ազատեան, Ռաբին Թոմպազեան, Նաթալի Սաղըրեան, Նաթալիա Գույումճեան, Մարիա Թեւանց, Ալիթա Եալտզճեան, Արլին Խաչատրեան, Սարին Շիմիլեան, Սելինա Քուրք, Անի Եաղուպեան, Օլիվիա Ճէնքինզ, Բէլլա Գարաճեան, Մարիա Մանուկեան, Տաթեւիկ Մուրատեան եւ Մոնիք Բէլթէքեան:

Ընկերացող պարմաններն էին, Գայլ Հասերեան, Օրբէլ Յարութիւնեան, Արազ Թօփճեան, Ալիք Ճէնքինզ, Արա Տէօքմէճեան, Ալեքս Սարգիսեան, Արէն Ավանէս, Արտէն Ուսթուն, Շանթ Չոլաքեան, Լիվս Էլսեան, Դանիէլ Պետրոսեան, Մայքլ Շմիթադ, Արի Տէր Օհաննէսեան, Ռէմի Կըրկէս, եւ Մաթիւ Աքսու, որոնք մեղմ երաժշտութեան մթնոլորտի մէջ, մուտք գործեցին սրահէն ներս եւ գրաւեցինյատկացուած իրենց տեղերը, ապա պարահանդէսի բացումը կատարեցին վալսով եւ հայկական շուրջ պարով:

Շնորհաւորական եւ քաջալերական խօսքերով ելոյթ ունեցան, Գանատահայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան եւ եկեղեցւոյս հովիւ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան:

Գնահատելի աշխատանք տարած էր կազմակերպիչ յանձնախումբը, որ այս տարի եւս լոյս ընծայած էր գրքոյկ մը:

Այսպէսով իր ամբողջութեան մէջ, այս ձեռնարկը կը հանդիսանար եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան համար կարեւոր աղբիւր մը, պարման-պարմանուհիներու ներկայացման առիթ մը եւ մեր համայնքին համար ուրախ երեւոյթ մը:

Ապրիք տիկիններ եւ վարձքերնիդ կատար: