Մատաթ Բ. Մամուրեան
Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 101-րդ տարեկան անդամական եւ գանատահայ համայնքներու Ծառայութեան «Բարեւ» Կեդրոնի տարեկան 5-րդ ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 26 Մարտ 2023-ի յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին, եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» Սրահին մէջ նախագահութեամբ գանատահայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան. ժողովին ներկայ էին նաեւ թեմիս փոխ-առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան եւ հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան եւ թեմական խորհուրդի փոխ ատենապետ պրն. Պետրոս Չինչինեան:
Դիւանի ատենապետութիւնը ստանձնեց տիկ. Աբէթ Ալբայ, հայերէն ատենադպրութիւնը տիկ. Պէթի Փանոսեան, իսկ անգլերէնը՝ տիկ. Լենա Մարինոսեան, իբր խորհրդարանական (parliamentarian) պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան: Դիւանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց տիկ. Աբէթ Ալբայ, իրենց վստահուած պաշտօններուն համար:
Հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, ստուգելէ ետք ժողովի օրինաւորութիւնը, ելոյթ ունեցաւ բացման եւ բարի գալստեան խօսքերով: Ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը որ աղօթքով ընթացք տայ ժողովին:
Հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան ընթերցեց իր միամեայ գործունէութեան տեղեկագրութիւնը, որ ընդունուեցաւ գնահատանքով: Վաւերացուեցաւ նախորդ Անդամական (2022) ընդհանուր ժողովի ատենագրութիւնը, Ծխական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Ռաֆֆի Պետրոսեան, տիկ. Արմինէ Պօյաճեան յաջորդաբար ներկայացուցին Ծխական խորհուրդի եւ «Բարեւ» Կեդրոնի բարոյական տեղեկագիրները զոր ընդունուեցաւ գնահատանքով: Եկեղեցւոյ եւ «Բարեւ» Կեդրոնի նիւթական հաշուետուութիւնը, ներկայացուց տիկ. Արմինէ Պօյաճեան, յետ քննութեան, ժողովականները վաւերացուցին գնահատանքով գործունէութեանց նիւթական տեղեկագիրերը, ինչպէս նաեւ 2023 տարեշրջանի նախահաշիւը (եկեղեցւոյ եւ «Բարեւ» Կեդրոնի)
Ընտրողական Յանձնախումբի տեղեկագիրը ներկայացուց տիկ. Անի Սարվարեան:
Ընտրութիւններու արդիւնքը կու տանք ստորեւ:
Ծխական Խորհուրդ
Վարդան Գասպարեան, Տիգրան Վարդանեան եւ Վազգէն Քէշիշեան
Թեմական պատգամաւորներ
Օհան Օհաննէսեան եւ Մատաթ Բ. Մամուրեան
Հաշուեքննիչ Յանձնախումբ
Ասրինէ Տօքմէճեան, Սիրվարդ Պէնէտիքթ եւ Արպէ Սաթուրի
Ընտրողական Յանձնախումբ
Սուզաննա Յարութիւնեան եւ Ռօզին Իմաստունեան
Նշանակուեցաւ նաեւ անդամարշաւի յանձնախումբ բաղկացած՝ Ճօրճ Անուշեանէ, Մասիս Էսաղօլեանէ, Գլատիս Կիվէրկիսէ եւ Էմիլ Շահնազարեանէ:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը, իր փակման խօսքին մէջ շնորհաւորեց եկեղեցւոյս հովիւին տարած աշխատանքները, օրուայ դիւանի անդամները Ծխական խորհուրդի անդամները եւ նորընտիր անդամները, իսկ Ծխական խորհուրդի շրջանաւարտ անդամ Ճիվան Պապաօղլուին շնորհակալութիւն յայտնեց իր տարած աշխատանքին համար:
Առաջնորդ Սրբազան հօր պահպանիչով, փակուեցաւ եկեղեցւոյս 101-րդ ընդհանուր անդամական ժողովը: