Հրաւէրով Թորոնթոյի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի, Հոկտեմբերի կիսոյն Թորոնթօ ժամանեց, Գանձասարի հերոս, Դադիվանքի շրջանի եւ Վաղուհասի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեան, ան հրաւիրուած էր իբր գլխաւոր պատգամաբեր հիմնադրամի հանգանակային ճաշկերոյթին որ տեղի ունեցաւ Կիրակի Հոկտեմբեր 18. 2015-ին:
Հոկտեմբեր 16. 2015-ին, Տէր Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեան, ընկերակցութեամբ Հայաստան հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի Ատենապետ պրն. Մկրտիչ Մկրտիչեանի այցելեց Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարան, ուր դիմաւորուեցան, Ս. Ե. Հ. Ա. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Արփի Փանոսեանի, փոխ տնօրէն պրն. Արա Տէր Յարութիւնեան եւ խնամակալութեան մարմնի անդամներու կողմէ.
Տէր Յովհաննէս այցելեց դասարանները, հանդիպում ունեցաւ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ, եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարժարանէն ներս տարած բծախնդիր աշխատանքներուն համար- որմէ վերջ մաս կազմեց եկեղեցւոյս կազմակերպած 8-րդ տարեկան քայլարշաւին, իր օրհնութիւնները տալէ ետք:
Կիրակի Հոկտեմբեր 18-2015-ին Սուրբ պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Տէր Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեանի , Սուրբ պատարագին ներկայ էր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան եւ եկեղեցւոյս հովիւ՝ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, պատարագիչ Տէր Յովհաննէս քահանան, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ Տէր Զարեհ Ա. Քահանային, իրենց ջերմ ընդունելութեան համար որ առիթ ընծայեցին կատարելու Թորոնթոյի Ս. Ե. Հ. Ա. Եկեղեցւոյ կամարներու ներքեւ Սուրբ պատարագը:
Իր քարոզին մէջ Տէր Հայրը դրուագներ պատմեց Գանձասարի 1990-ական թուականներուն Ազերիի դէմ եղած պայքարներուն եւ ի վերջոյ 1993-ին ունեցանք մեծ յաղթանակ եւ Գանձասարը մնաց ապահով, շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքահայութեան ներդրումին ի նպաստ Արցախի բարելաւմաՆ:
Տէր Յովհաննէս քահանան Սրբազան հօր հետ մեկնեցան Մոնթրէալ, հոն եւս ծանօթանալու մոնթրէալահայութեան: