Մատաթ Բ. Մամուրեան
«Յիշատակ Սրբոց Նահատակացն, որք կատարեցան յընթացս ցեղասպանութեան, վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»
Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական մարմնի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի 108-րդ ամեակի ոգեկոչական Սուրբ եւ Անմահ պատարագ: Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ:
Ս. Պատարագը մատուցեց Գանատահայոց թեմի փոխ-առաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, Ս. խորանին սպասարկեցին մասնակից եկեղեցիներու բարեշնորհ սարկաւագները ու դպիրները: Ս. պատարագի երգեցողութիւնները ներդաշնակ կերպով կատարուեցան եկեղեցիներու միացեալ դպրաց դասերու կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ Անուշ Գալստանեանի:
Ս. պատարագին ներկայ էին, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ հոգ. Տ. Վարդան Ծ. վրդ. Թաշճեան, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի քհնյ. Թանաշեան, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեան, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ գերյ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէճեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ այցելու հովիւ վեր. դոկտ. Աւետիս Պոյնէրեան, Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան տիար Արիս Պապիկեան, Միջ-Յարանուանական Մարմնի Ատենապետ Տիար Յակոբ Ճանպազեան, օրուայ բանախօս Պրն. Ռաֆֆի Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու վարչութեանց ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով հաւատացեալներ:
Յետ Սուրբ եւ Անմահ պատարագի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանան, ուր ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց օրուայ խորհուրդը, գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկան Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազնաւորեան» երգչախումբը եւ «Մեղրիկ Բարիքեան» դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Անուշ Գալստեանի եւ Հիլտա Գանտահարեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թալին Գըլըպոզեանի, ներկայացնելով «Տէր կեցո դու զհայս», «Հիմի էլ լռենք» եւ «Ապրելու Ապրիլ» երգերը, Արամ Շահպազեան դաշնակի ընկերակցութեամբ Թալին Գըլըպոզեանի մեներգեց «Կարօտել եմ Տուն իմ հայրենի» երգը:
Հանդիսավար Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանան հանգամանօրէն ներկայացուց ու ապա հրաւիրեց օրուան բանախօսը, ՀՕՄ-ի Ամենօրեայ վարժարանի տնօրէն տիար Ռաֆֆի Սարգիսեանը, փոխանցելու համար Եղեռնի Սրբադասուած նահատակներու յիշատակներուն նուիրուած, իր խորհրդածութիւնները:
Պրն. Ռ. Սարգիսեան, ակնարկ մը նետեց Հայոց Ցեղասպանութեան 108 տարիներու պատահարին, եւ ըսաւ ներկայիս ալ դէմ հանդիման կը գտնուինք նոյնանման մարտահրաւէրներու, Արցախեան ճակատագրական այս հանգրուանին, միացեալ ուժերով համախմբուած պէտք է դիմագրաւել մեր դէմ դրուած մերօրեայ դժուարութիւնները: Իր խօսքը վերջացուց ըսելով «պէտք է պահել ու պահպանել Հայաստան աշխարհը ու Արցախը մեզի ժառանգ ձգուած մեր նախնիներէն»:
Ներկաները ծափահարութիւններով բարձր գնահատեցին պրն. Ռաֆֆի Սարգիսեանի բանախօսութիւնը:
Միջ-Յարանուանութեան ատենապետ պրն. Յակոբ Ճանպազեան իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր, հայրենիքի եւ սփիւռքի աշխարհացրիւ հայութիւնը անգամ մը եւս մէկտեղուեցաւ վերանորոգելու պահանջատիրութեան իր ուխտը, ոգեկոչելու եւ յարգելու խնկելի յիշատակը աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն Սրբադասուած հայոց նահատակներուն, որոնք զոհը դարձան ցեղասպան թուրքին, դառնալով 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանուած ժողովուրդը:
Մեծ Եղեռնին զոհ գացին մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները անխտիր, առանց յարանուանական կամ գաղափարական խտրականութեան: Այսօր, մենք եւս հաւաքուած ենք Լուսաւորչակերտ այս կամարներուն ներքոյ, միասնականութեան բացառիկ օրինակով յարգելու յիշատակը մեր մէկ ու կէս միլիոն անթաղ նահատակներուն, այն խոր հաւատքով որ այսօր անդենականին մէջ կը ցնծան անոնց Սրբադասուած հոգիները ի տես մեր միասնութեան, քրիստոնէական հաւատքին եւ ազգային արժէքներուն կառչած մնալու մեր հաւաքական վճռակամութեան»: Իր խօսքի աւարտի, կազմակերպիչ մարմնի անունով իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանին, որ իր մատուցած հոգեպարար Սուրբ եւ անմահ պատարագի խորհուրդի ընդմէջէն հոգեւոր սնունդով լիցքաւորեց մեր հոգիներն ու սրտերը ի յարգանք հայոց մէկ ու կէս Սրբադասուած նահատակներուն: Շնորհակալութիւն նաեւ արարողութեան մասնակից հոգեւոր հովիւներուն, խորանին սպասարկող սարկաւագներուն դպիրներուն եւ դպրաց դասին:
Մասնայատուկ եւ ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Պրն. Ռաֆֆի Սարգիսեանին, որ հակառակ իր բազմազբաղ ժամանակացոյցին, սիրով ընդունեց այսօրուան խորհուրդի պատգամախօսութեան դժուարին բայց քաղցր պարտականութիւնը: Ձեր խօսքերը արդար էին ու տեղին: Վարձքդ կատար Պրն. Տնօրէն:
Շնորհակալութիւն «Զարեհ Ազնաւորեան» երգչախումբին «Մեղրիկ Բարիքեան» դպրաց դասին, բազմիցս ընդառաջելով մեր հրաւէրներուն մասնակից կը դառնան նաեւ այսօրուան յիշատակի հանդիսութեան կոկիկ ելոյթով ու մեներգով:
Շնորհակալութիւն կուզեմ յայտնել Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն, հոգաբարձութեան եւ կանանց յանձնախումբին որ սիրայօժար մեզի տրամադրեցին եկեղեցւոյ յարմարութիւններն ու ձեռնարկի աւարտին տեղի ունենալիք հիւրասիրութիւնը:
Բիւր յարգանք ու խոնարհում մեր մէկ ու կէս միլիոն Սրբադասուած նահատակներու անմեռ յիշատակին::
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հետեւելով թափորին հոգեւորականներու հետ ուղղուեցան Նահատակաց Յուշարձան, կատարուեցաւ հաւաքական աղօթք ի յիշատակ 1915-ի Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհ դարձած մէկ ու կէս միլիոն Սրբադասուած նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար. «Մեր Հայրենիք» Քայլերգով իր աւարտին հասաւ արարողութիւնը: Եկեղեցւոյ «Յովնանեան Սրահին» մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: