Թէքէեան Մշակութային Միութեան Անզուգական «Ծիծաղի երեկո»ն՝ Անակնկալներով ու նորոյթներով լեցուն

Ընկերային գործունէութեանց առընթեր, եւ թերեւս աւելի աշխուժ՝ Թէքէեան Մշակութայինն Միութիւնը այս վերջին վեց ամսեայ շրջանին ունեցաւ ատոք մշակութային աշխատանք, նոյնիսկ կարելի է համարձակիլ ըսել՝ փայլո’ւն աշխատանք:

Նորա Արմանիի ներկայացումէն, Առնօ Բաբաջանեանի երգահանդէսէն, KEV ORKIAN-ի ելոյթէն ու վերջապէս «Վեմ» քառեակի այցելութենէն ետք, մեզի կը հրամցուէր «Ծիծաղի երեկոյ». նորոյթ թատերական ձեռնարկը, բեմադրութեամբ՝ Ցոլիկ Մուղալեանի. նորոյթ՝ իր նիւթերով, բեմադրական ոճով ու ներկայացման յանդգնութեամբ:

Երրօրեայ սոյն ծիծաղի փառատօնը տեղի ունեցաւ Շբ. 27, եւ Կիր. 28 Մայիս 2023 ինչպէս նաեւ մեծ խանդավառութեամբ դարձեալ պիտի ներկայացուի Շբ. 10 Յունիս 2023-ի երեկոյեան:

Կ’ըսուի թէ՝ դպրոց մըն է թատրոնը. եւ «Ծիծաղի երեկո»-ն արդարացուց այդ ասացուածքը:

Երբ հեգնանքն ու երգիծանքը կը ներկայանան իրենց սուր խայթոցով, երբ խոշորացոյցի տակ կը դրուի մեր առօրեա’ն, մեր այսօ’րը… միայն այն պահուն կ’անդրադառնանք, թէ որքան անտեղի էին մեր մտահոգութիւնները, կամ որքան դիւրութեամբ անտեսեցինք ուրախութեան արժանի այդ մի քանի րոպէները:

Եւ Ցոլիկ Մուղալեան իր յօրինումով ու բեմադրութեամբ փորձեց հրամցնել՝ ա’յդ, իսկ թատերախումբը, բնական խաղարկութեամբ մը, հարազատօրէն փոխանցեց նոյն նպատակը՝ մեզի:

Նիւթերու այժմէականութեան, բնական խաղարկութեան ու բեմական անակնկալներու շարքի մը ականատես եղանք՝ շարունա’կ: Հակառակ սլացող արագութեան պատճառաւ՝ ստեղծուելիք սայթաքումներու պատահականութեանը, Ցոլիկ – եւ հետեւաբար դերակատարները – յաջողութեամբ կրցան «կարգապահել» ներկայացման հեզասահ ընթացքը՝ մինչեւ վերջ:

Ներկայացումը կազմուած էր 10 պատկերներէ (10 բազմանուագ նիւթերով):

1- Մանճրիկեանները  (Հեղինակ՝ Ցոլիկ Մուղալեան)

2- Փակցուր հատ մը (Հեղինակ՝ Ցոլիկ Մուղալեան)

3- Հինգ տարի ետք (Թարգմ.՝  Ցոլիկ Մուղալեան)

4- Զոմպոյեան Ընտանիքը (Հեղինակ՝ Ցոլիկ Մուղալեան)

5- Դրացուհիները (Հեղինակ՝ Ցոլիկ Մուղալեան)

20 վայրկեան դադար

6- Կարմիր Գլխարկիկը (Հեղինակ՝ Խաժակ Քէհեաեան)

7- Փոքրիկի Գործիքը (Հեղինակ՝ Խաժակ Քէհեաեան)

8- Հոգեբուժի մօտ (Թարգմ՝.Ցոլիկ Մուղալեան)

9- Սփիւռքահայութիւն (Հեղինակ՝ Ցոլիկ Մուղալեան)

10- Հնդկերէն Ֆիլմ (Հեղինակ՝ Ցոլիկ Մուղալեան)

Անսպառ ու բացառիկ խաղարկութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Ազիկ Թաթուլեան, Արփի Սողոմոնեան, Վարդօ Մուղալեան, Ժանօ Արապաթլեան, Հրանդ Մարոնեան, Վիգէն Աբգարեան եւ իրենց առաջնորդը՝ Ցոլիկ Մուղալեան:

Սովորութիւն է, որ թատերական ներկայացումէ մը ետք, անդրադարձում մը արձանագրուի, նկարագրելով՝ դերակատարին որոշ ու յստակ տիպարի կատարումը (մայր, կեսուր, սիրահար կամ…): Իսկ հանդիսատեսը՝ առաջնորդուած դերակատարին խաղարկութեան չափանիշէն, կու տայ իր քննադատական վճիռը:

Ասիկա սովորոյթ մըն է…:

Սակայն «Ծիծաղի երեկոյ»-ի եօթ դերակատարները բոլորն ալ չունենալով առանձնայատուկ  ու որոշ տիպար մը, ներկայացան 10 այլազան նիւթերու՝ 10 տարբեր նկարագիրներով: Եւ կ’աւելցնենք, ըսելով թէ՝ բոլորն ալ իրենց բնական խաղարկութեամբ դիմագրաւեցին այս մարտահրաւէրը:

Վերջապէս, առանց տատամսելու, հպարտութեամբ նշենք, որ Ցոլինէ Մուղալեան՝ բեմադրութեամբ, դերակատարութեամբ մանաւանդ նիւթերու յօրինումով եղաւ անզուգընթաց, եթէ ոչ աննախընթաց: Իր անհատնում ու անծայրածիր երեւակայութիւնը՝ ստեղծելու ու փոխանցելու այժմէական նիւթերը, յաջողութեամբ պսակուած իր բեմադրական յանդգնութիւնը եւ վերջապէս իր անսպառ ուժանիւթը (energy), որ տեւեց երկու ժամ՝ արժանի է բարձր գնահատանքի:

Կ’ըսուի, թէ արուեստն ու տաղանդը երբեմն կը ժառանգուին: Այս պարագային՝ Խաժակ Քէհեաեանի յօրինումի օժանդակութիւնը իր մօր՝ Ցոլինէին, ակնյայտ յաջողութիւն մըն էր:

Իսկ մենք ամենամեծ սքանչացումը ունինք ձայնային ու լուսաւորումի պատասխանատու Սամ Չոլաքեանի (PAPA HAIG): Ճաշակաւոր արհեստավարժի (professional) նուրբ ու ցնցիչ շնորհքները կը խառնուէին մեր զգայարանքներուն: Մէկ խօսքով ձայնն ու լոյսերը ենթարկուած էին հիմնական յեղաշրջումի:

Շարժապատկերներու միջամուտները՝ ընդմիջումներ չէին, այլ ամբողջացումը՝ ծրագրուած արուեստի գեղեցկութեան:

Որոտընդոստ ծափահարութիւններու մէջ Ցոլիկ Մուղալեան, սրտաբուխ շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր թատերախումբի յաջողութիւն  պատճառողներուն, ինչպէս նաեւ՝ նիւթապէս, բարոյապէս կամ ներկայութեամբ օժանդակութեան մասնակից եղողներուն:

Գեղեցկօրէն զարդարուած  էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Յ. եւ Ս. Արզումանեան» Սրահը, մինչ ինչպէս նաեւ ջերմ ու մտերմիկ սեղաններու շուրջ (ներկայանալի համեմներով) հանդիսատեսներու ներկայութիւնը, կարծես, ստեղծած էր Cafe’-Theatre-ի մը հաճելի մթնոլորտը:

Որքա՜ն բաղձալի պիտի ըլլար, եթէ սոյն գեղեցիկ ու յոգնատանջ աշխատանքով պատրաստուած ձեռնարկը դուրս ելլէր Մոնթրէալի սահմաններէն:

 

            Պերճ Գոգորեան