Յառաջիկայ Երկուշաբթի՝ 5 Յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Մոնթրէալի մէջ տեղի պիտի ունենայ «We Are Our Mountains» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Նախօրօք նոյն ժապաւէնը ցուցադրուած էր 18 Մարտ 2023-ին «Հայ Տունի» նախաձեռնութեամբ, սակայն այս անգամ ժապաւէնը կը ցուցադրուի Գանատայի մէջ Լիբանանեան կինօփառատօնի կազմակերպիչ մարմնի կողմէ:
«ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի կատարած նախորդ ցուցադրութեան լրագրութիւնը կրնաք կարդալ հետեւեալ յղումով՝ «Հայ Տուն»-ի Նախաձեռնութեամբ՝ We Are Our Mountains Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը – Abaka News
Իսկ Երկուշաբթի օրուան մանրամասնութիւններու եւ տոմսերը ապահովելու համար այցելել հետեւեալ կայքէջը՝
Վստահաբար ձեր ներկայութեամբ եւ քաջալերանքով գեղեցիկ պատկեր մը պիտի ձգած ըլլաք մեր հայ գաղութի մասին: