Տօնավաճառ Թէքէեան Կեդրոնին Մէջ

Աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալի Թէքէեան Մշակ. Միութեան կեդրոնէն ներս: Իրերայաջորդ մշակութային յաջող ձեռնարկներուն առընթեր, կարծէք նոր թափ մը կը ձգտի տալ տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպած տօնավաճառը, քաջալերելու համար վարչութիւնը, շարունակելու խրոխտաբար առաքելութիւնը:

Կիրակի օր, 15 Նոյեմբերի առաւօտուն «Տոքթ. Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան սրահը» սրահը, լրացուցիչ կերպով լեցուած եւ յարդարուած էր: Տօնավաճառ էր: Սեղաններու վրայ այլազանութեամբ գեղեցիկ, բոլորին ճաշակներու գոհացնող ծախու առարկաներ կը սպասէին իրենց գնորդներուն:

Bazar3Ժամը 10:30 ին, հաւաքական սրտաբուխ աղօթքէ վերջ շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներով, ժապաւէնի հատումը կատարեց, շնորհալի Տիկին Մարօ Փաթթուքեան: Հօրենական Արզումանեան ընտանիքի մէջ դաստիարակուած՝ գիտակից հայուհի եւ մայր, իր կարելի միջոցներով կը սատարէ եւ կը քաջալերէ ազգային հաստատութիւնները:

Ամիսներու տքնաջան աշխատանքով, պատկառելի թիւով տիկիններու գործակցութեամբ, հաճելի մթնոլորտի մէջ պատրաստուեցան, հայկական համեղ խմորեղէնները ճաշատեսակները, ինչպէս մանթը, խճողակ, եւ անպայմանօրէն նոր տարուան սեղաններու զարդ թոփիկը հաւատացող, մեծ թիւով տիկիններ եւս բերած էին բազմատեսակ խմորեղէններ:

Միշտ դալար մնան հայու յոգնած՝ բայց ազգին օժանդակելու համար միշտ պատրաստակամ հոգիներն ու ձեռքերը:

Այս բոլոր աշխատանքները արժեւորուեցան, երբ հոծ թիւով հիւրեր, նախորդ տարիներէն շատ աւելի խուռներամ ժամանեցին սրահ, քաջալերելու համար տօնավաճառը: Համեղ ճաշերու սպասարկումը անցաւ անթերի եւ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ:

Bazar4Bazar5Ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մասին արտայայտուեցան ներկաներէն շատեր, ինչ որ կը փաստէր թէ կը յամենային եւ կը շարունակէին գնումներ կատարել:Տօնավաճառի այս տարուան բացառիկ յաջողութիւնը արդիւնքն էր հաւաքական համերաշխ աշխատանքին, մասնաւորաբար հոյլ մը նուիրեալներու:Կազմակերպչական լուրջ երեւոյթ մը որ գլխաւորեց, ինչպէս նախորդ տարիներուն, ձեռներէց եւ հաւատաւոր Տիկին Անի Թորիկեան:

Անմար մնայ Թէքէեան տան ճրագը, որպէսզի միշտ վառ պահէ մեր ժողովուրդին «Հայու Հոգին»:

Վ. Պալեան