Ո՞ւրկէ պիտի բռնէի գրականութեան այն «Կարմիր թել»ը, որ կար Երուանդ Ազատեանի ձեռքերուն մէջ։
Հին խարազանի մը չարութեամբ չէ, որ ան բնակած ու ապրած էր գրականութեան մէջ։
Անոր հանդէպ մեծ համարումը աճած էր ու մեծցած, ամէն անգամ, երբ սուրճի բաժակին մէջ հայելով կը թերթէի 1988 թուականին տպագրուած՝«Գրական գեղարուեստական սեւեռումներ» հատորը որ չեմ ալ գիտէր, թէ ուրկէ ուր եկած ու հասած էր Պուրճ Համուտի մեր տան գրադարանը։
Երուանդ Ազատեանը, ինծի համար միշտ ալ մնաց այդ հատորին մէջէն դէպի մեր աշխարհը կամուրջ նետող գրադատ մը, որ ամէնակարեւորը գիտէր սիրել ու գուրգուրալ գրականութեան համար խարոյկ վառողներուն։
Գուցէ այդ բոլորը «լիւքս» ընկալումներ եղան ոմանց համար, բայց ան միշտ ալ բնակեցաւ գրականութեան մատոյցներուն մօտ։
Մեզմէ շատ առաջ, մեր սերունդէն տարիներ առաջ Ազատեան ամուր գրչահարուածներ տալով մտած էր այդ գիրի մեծ «պարտէզ»ին մէջ ու հոն գտած այն ծաղիկները, որոնք միշտ ալ պիտի մնային իր ափերուն մէջ։
Յար եւ նման այն կարմիր թելին, որ խորքայնօրէն կը կազմէ մարդուս երկրային կեանքին ողջ ընթացքը։
Անշուշտ գրականութեան մէջ ըլլալով հանդերձ Ազատեան նաեւ կը լողար ներ-ազգային քաղաքականութեան ջուրերուն մէջ։ Խմբագրի մեծ մականով ան կը թիավարէր շատ լաւ ընկալելով, ու հասկնալով արեւելք- արեւմուտք մեծ պայքարներու ողջ եղելութիւնը։
Շատ լաւ կը ճանչնար արեւմտեան աշխարհը, անոր քաղաքական թիավարումները, ընթացքը, գաղափարական երեսները, աշխարհ ընկալումն ու մեծ պայքարները։
Ու հոն այդ վիշապային պայքարին մէջ ալ սրտին մէջ պահած էր փոքրիկ Հայաստան մը, որ Սովետէն անցնելով պիտի պարզէր նոր պատուհան մը յանուն իրաւ անկախութեան։
Այն դպրոցէն որ կու գար ան, Ազատեանին տուած էր հայրենիք՝ Հայաստանը ամէն բանէ վեր դաւանելու ուխտը։
Ոչ մէկ ռէժիմ, ոչ մէկ իշխանութիւն, ոչ մէկ ղեկավար, ոչ մէկ իշխանաւոր-վարչապետ, կամ ոչ մէկ հրամանատար կրնային ետ մղել զինք Հայաստանին հանդէպ իր մէջ ապրող սէրէն։ Փայփայուած սէր մը, որ կը տանէր կրունկի մը ծանրութեամբ, որ կը տանէր մինչեւ սկիզբը, կամ աւարտը, կամ վերջը բոլոր սկիզբներուն եւ կամ սկիզբը բոլոր վերջերուն։
Այսպէս ինքն իր մէջ նայող, գոյներու գիծի, երաժշտութեան բայց մանաւանդ բանաստեղծութեան բառերուն մէջ ապրող ու ապրեցնող իրականութեան մը ամբողջ էութիւնն էր Երուանդ Ազատեանը։
Դասական ոճի նրբակերտ հագուկապով, ժամացոյցը միշտ դաստակին, պարտաճանաչ ու լծուած իր գործին ու մեծ առաքելութեան։
Գուցէ վերջին մը այն մոհիկաններէն, որոնց հետ առանց քաղաքական ամուլ վիճակներու, առանց հաշիւներու ու մանաւանդ առանց յետին նպատակներու կը նաւարկես դէպի այն բացերը, ուր բանաստեղծութեան արեւը կը շողայ։
Երեւանեան յետմիջօրէները պիտի չմոռնամ, մեր հանդիպումները իր միշտ սիրած «գաբուչինո» եւ հեռուն հայող խօսքերուն ու սլացքներուն հետ։
Յանուն Վարուժանի եւ Շահնուրի
Մօտենալու համար Ազատեանի «գրական հանգանակ»ին եւ հասկնալու համար անոր ըմբռնումները հարկ կը համարեմ այստեղ ներկայացնել երկու հատուած «Գրական գեղարուեստական սեւեռումներ» հատորէն։
Առաջինը Դանիէլ Վարուժանի եւ երկրորդը Շահան Շահնուրի մասին։
Արդարեւ Դանիէլ Վարուժան խօսքն ու միտքը վերհանելու համոզիչ փորձով Ազատեան, իր «Դար մը Վարուժան» յօդուածին մէջ կը գրէ ՝ «Որքան առինքնող, փայլատակող եւ յանկուցիչ էին Վարուժանի լեզուն, ոճն ու բանաստեղծական հնարքները՝ նոյնքան այլազան էին իր նիւթերը. ան երգեց սէրը, մարդու եւ գեղեցիկի արարչութիւնը, երգը քերթողին կոչումն ու առաքելութիւնը եւ ներբողեց հայ ժողովուրդը իր շինականով, կալով ու արտով, իր պատմական անցեալի փառքերով ու նաեւ անկումներով. սակայն հարկադրուեցաւ յաճախ մխրճուիլ այդ ժողովուրդի ժամանակակից արիւնալի տագնապանքին մէջ, զոր նկարագրեց ցնցիչ իրապաշտութեամբ եւ զարհուրելի պատկերներով։
Վարուժան ինքզինք հակադրեց ապագայապաշտութեան եւ այդ պատճառաւ մեղադրուեցաւ անցելապաշտութեամբ, սակայն ան դիմեց անցեալի վսեմացման, իբրեւ գեղարուեստական ու փիլիսոփայական միջոց՝ դիմադրելու համար ժամանակի դաժանութեան. ան պաշտեց եւ վսեմացուց անցեալը՝ նուաճելու համար ապագան։ Բանաստեղծը անձնատուր չեղաւ երբեք անցեալին, այլ զայն գործածեց իբրեւ նժոյգ՝ արշաւելու համար դէպի ապագան, անցնելով մեր «Կարմիր հող»երէն, ուր՝
«Հիւլէ մը կայ Հայկէն, փոշի մ’Արամէն
Անանիայէն բիբ մը դէտ՝
Դեռ աստղերուն ճաճանչներով թաթաւուն»։
Ան պայքարեցաւ իր գրիչով, իր ոգիով եւ մինչեւ իր մահուան վերջին րոպէն՝ նաեւ մերկ ձեռքերով. հաւատաց հայ ժողովուրդի ապագային եւ մաքառեցաւ անոր ի խնդիր ու կառչեցաւ յոյսին, յոյսի աննուաճելի լոյսին։ Ան մեր ժողովուրդի ցաւերուն մէջ սարսռացուց Համայն մարդկութեան տառապանքը, ինչպէս մեր անկումին մէջ տեսաւ անկումը գլխագիր Մարդուն. հայը մարդն էր իրեն համար եւ՝ փոխադարձաբար: Անդրադառնալով այս անբաժանելի միասնութեան ան (դեռ 1908-ին) կը գրէր. «Հազիւ մեր հին փառքը երեւակայութեան թռիչքով կը հրահրեմ՝ ինքնիրմէս բոլորովին դուրս կ’ելլեմ։ Ոչ թէ միայն մեր, այլ ամբողջ մարդկութեան դիւցազնական դարերուն կարօտն [նոսթալժի] ունիմ»։
Հեթանոսական դարերուն վարուժանեան պաշտամունքը երբեք ձգտում մը չէր հեռանալու եւ խզուելու իր առօրեայէն, այլ մեր ապականած ժամանակներուն մէջ վերականգնելու դիւցազնական օրերու պարզ ու վսեմ կենսասիրութիւնը. հակադրուելով օրուան կեղծապատրիշտ եւ ամօթխած բարքերուն՝ ան կը ներբողէր իրական կեանք մը, որ մե՛րը եղած էր վաղեմի դարերուն ու դարձեալ կը վերադառնար մեզի՝ վարուժանեան հանճարի խիզախ մատուցումով: Դանիէլ Վարուժանով մարդը կը մերկանար ժամանակակից քաղաքակրթութեան շպարներէն ու տգեղութիւններէն՝ վերադառնալու համար իր ադամական իսկութեան եւ մարդկային ազնիւ եւ առողջ կիրքերուն։
Այնքան համակող, համոզիչ ու ջերմ էր քերթողին անկեղծութիւնը, որ ան արհամարհելի բացառութիւններով միայն, ողջունուեցաւ եւ ընդունուեցաւ իբրեւ «վսեմական քերթող», եւ իր ստեղծագործական ճանապարհը ողողուեցաւ հիացումով, ովսաննաներով եւ դափնիներով։
Վարուժանի կեանքն ու բանաստեղծութիւնը կը թուին խռոված եւ արիւնած ըլլալ իր ցեղին ճակատագրին բերումով. սակայն, ան ցաւած է նաեւ իւրայիններէն. հակառակ այդ իրողութեան, այս վերջնոյն հետքերը այնքան չենք նշմարեր իր գրականութեան թէ մտերիմ նամակագրութեան մէջ. ան իր զայրոյթին ամբողջ բոցը ուղղած էր հայ ժողովուրդի ոսոխին եւ այդ ոսոխը հովանաւորող ու հրահրող Եւրոպայի դէմ –
Ալլահն ամպին մէջէն, Սուլթանը՝ ցեխին
Հոտոտելով փոխն իր փոխ՝
Կը ժպտէին հաշտ իրարու
Ու Եւրոպան դէմքն իր ետեւ դարձուցած
Կոպերը թաց կը շփէ –
Մեր ծուխէն աչքն իր բոզի
Կըսկծելուն համար լոկ»։
Ան Վարուժանով «կը նաւարկէ», Վարուժանով կ’ապրի եւ ի վերջոյ Վարուժանով ալ կը փնտռէ մեր վիրաւոր ժողովուրդի նոր փրկութեան արշալոյսը, որուն ալ կը նայի Երեւան տուած բազում այցերու ժամանակ։
Դասականութեան եւ ուղղափառութեան մէջ իր ունեցած ապրումներուն զուգահեռ Ազատեան միեւնոյն ժամանակ այլախոհութեան պաշտպան է։ Ան մեծ ճիգ կը գործադրէ In the box մտածողութեան դէմ պայքարելու համար։ Իր համար գրողը «անկաժէ» պիտի չըլլայ, կուսակցութեան փողահարը պիտի չդառնայ, կուսակցութեան գաղափարները «ծախող» կամ գնող պիտի չըլլայ, այլ անոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ գիրը պահել ու այդպէս ալ «լողալ» արուեստի ու գրականութեան մաքուր ջուրերուն մէջ։
Գուցէ այդ պատճառով էր, նաեւ որ Ազատեան միշտ ալ բարձր պահեց Շահան Շահնուրի անունը։ Արժեւորեց անոր գիրը, բարձր հարթակներու հանեց անոր արուեստը, կերպով մը գուրգուրաց, ներկայացուց, ապրեցուց՝ Շահնուրի աւանդը։
Հոն էր նաեւ, որ բացայայտօրէն կ’երեւար, որ Ազատեան միայն կարմրաւուն եւ գունեղ փողկապներու կախարդանքին «զոհ» եղած մէկը չէր։
Ան գիտէր արժանիքները զատորոշել ու մանաւանդ տաղանդաւորին հետ խօսիլ առանց սեթեւեթելու, առանց կեղծելու ու ամենակարեւորը առանց շպարելու իր բառերը։
Կերպով մը «պահապան հրեշտակ» այն մարդոց որ լուսաւոր սրահներէն անդին են, գուցէ կեանքի լուսանցքին, անտեսումի մեծ մութերուն եւ հոգելքումի մեծ կրակներուն շուրջ։
Ազատեանի այս «առաքելութեան» իրական ապացոյցը Շահնուրի մասին անոր գրած տողերն են, երբ ան «Շահան Շահնուր» (դարձեալ նոյն հատորին մէջ) խորագրեալ յօդուածին մէջ, ի միջի այլոց կը գրէր՝ «Փարիզի մայթերուն վրայ վազող, լուսանկարչական մութ սենեակներու մէջ մաշող ու սեռային–սիրային խելայեղ մարտնչումի մատնուած երբեմնի առոյգ ու չարքաշ տղան ահա կը կոխէ եօթանասունի սեմէն ներս, այնքան դեռ «խենթ», որքան եղած էր ան 1920–ական թուականներուն, երբ հայութեան բնաւեր զանգուածին հետ ինկած էր Ֆրանսայի մայրաքաղաքը։
Ճշմարիտ մեղանչում մը պիտի ըլլար այս սիւնակներուն մէջ Շահնուր վերլուծելու փորձը. այդ պատճառաւ ալ, այս գրութիւնը, հեռու ամէն յաւակնութենէ, կոչ–յիշեցում մըն է սփիւռքի թէ հայրենիքի մտաւորականութեան՝ թէ հասա՛ծ է պահը գրական հուժկու կոթողի մը առջեւ արժանի տուրք մը մատուցանելու։
Այո՛, Շահնուր անուն մըն է, որ եզրերու բացարձակութիւն կը ներշնչէ. ան ըսել կու տայ թէ սփիւռքահայ արձակի մեծագոյն տաղանդն է ինք։ Բացարձակապաշտութիւնը ունի իր վտանգները, այդ պատճառաւ ալ պիտի ուզէինք հայրենական գրականութեան նկատմամբ Շահնուրի մեծութիւնը եւ անոր տեղը բնորոշելու հոգը թողուլ հայրենի գրողներուն ու քննադատներուն։
Շահնուր մեր ամէնէն վառ դիմագիծով գրողներէն մէկն է. անոր տիրապետութիւնը գրեթէ անմարելի է, նոյնիսկ եթէ տասնեակ մը տարիներ առաջ կարդացած ըլլաք իր գրականութիւնը: Կը զգաք թէ տարիներու ընթացքին ան քալա՛ծ է ձեզի հետ իբրեւ ձեր մտերիմը, խօսած է ձեզի՝ ձեր առանձնութեան մէջ ու մնացած է միշտ կենդանի, միշտ տիրապետող, միշտ ձեր ջիղերուն ու հոգեկան աշխարհին թափանցող. եւ ամէնէն զարմանալին՝ երբ ժամանակի հետ փոխուած եւ յեղաշրջուած են ձեր գրական ըմբռնումները, տարբեր ու արդիական չափանիշներու վայելքը համտեսած է ձեր քիմքը՝ Շահնուր չէ կորսնցուցած իր դառն ու անոյշ համը։
Ամբողջ սփիւռքահայ գրականութիւնը տժգունեցաւ, հակառակ իր իրաւ նուաճումներուն. ու շատեր դեռ տժգունեցան՝ չծնած իսկ. Սէն Ռաֆայէլի հիւանդ մենաւորը, սակայն, մնաց հոգիով առոյգ ու խրոխտ, մնաց վառ իր դիմագիծով եւ պահեց մեր յաջողութեանց գագաթնային սահմանագիծը՝ աւելի քան կէս դարու մեր գրական ստեղծագործութեանց մէջ։
Ցեղ մը ամբողջ կ’ընկղմէր ի՛ր իսկ արեան մէջ ու անոր խլեակները, բախտէն հալածական, ինքնուրացման մրրիկներուն մատնուած կը տուայտէին եւրոպական ոստաններուն մէջ. ի՜նչպէս կրնար իր աղաղակը զսպել Շահնուրի խառնուածքը ունեցող խռովայոյզ գրագէտ մը: Ան թոյլ տուաւ իր աղաղակը եւ ժամանակի դատաստանին թողուց անոր մեկնաբանութիւնը։ Եւ այսօր, Եղեռնէն գրեթէ վաթսունամեակ մը ետք, երբ նահանջը ընդհանուր է ու համազգային, երբ «կը նահանջենք բանիւ եւ գործով, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ», երբ մանաւանդ «կը նահանջէ լեզո՜ւն, կը նահանջէ լեզո՜ւն…»՝ ձեւ, կերպարանք, իմաստ կը զգենու շահնուրեան սրտապատառ աղաղակը եւ լաւագոյնս կը մեկնաբանէ «պատկերազարդ պատմութիւն հայոց» ըլլալու իր բնոյթը։
Շահնուր գրական թանձր ու խիտ իմաստութեան, դառն հիւմըրի, ուժեղ պատկերներու եւ հոգեբանական անվերածելի սեւեռումներու վարպետն է. չհինցող, չտժգունող ինքնուրոյնութիւն մը ունին իր լեզուն ու ոճը, իր գրական ամբողջ աշխարհահայեացքը։ Զգացական ու իմացական իր թափանցումները կը զօրանան ու կը պաշտպանուին գրական–գեղարուեստական արժանիքներուն տոկունութեամբ։ Անոր ամբողջ գրականութիւնը ձեր սիրտին մխուած «քաղցր դաշոյնի մը» նման – Թէքէեանի բացատրութեամբ – կը մնայ անվերջ»։
Նորերուն հանդէպ մեծ սէր …
Երուանդ Ազատեան մեծապէս պաշտպանն էր նորարարութեան։ Ինչ խօսք, որ այդ նորարարութեան հանդէպ սէրը կիսած էր իր շնորհաշատ տիկնոջ՝ Նորա Իփէքեանին հետ, բայց եւ այնպէս անոր ընկալումները մարմին կը ստանային, ոչ միայն գոյնի, երանգներու ու կտաւներու հանդէպ սիրով ու գուրգուրանքով այլ նաեւ գրական հրապարակ ելլող նոր անուններուն ողջոյն մը տալով։
Ժամանակի հոսքին մէջ չքացող պատկերներու, տեսարաններու եւ մեծ սպասումներու գաւիթին տակ, երբ անուններու եւ դէմքերու կերպարանքները կ’այլանան, դարձեալ կը կառչինք մշտամնայ բառին կողմէ բացուած առագաստներուն։
Առագաստներ, որոնց մէջ միայն յիշողութիւնը չէ տիրական, միայն հանդիպումը, կշիռը, բարեկամութիւնը չեն մշտական, այլ մանաւանդ այն ոգին, որ մինչեւ հիմա ալ մարմին կը դառնայ, ամէն անգամ, երբ մեր մտքերուն կը թեւածէ Երուանդ Ազատեան կերպարը։
Ու այս բոլորէն անդին, այս բոլորէն յետոյ, դարձեալ որոնումը այն “Կարմիր թել»ին, որ քեզ կը կապէ այդ մաքուր պահերուն։
Գիրի ընկալումներուն ու ինչպէս վերը նշեցի բանաստեղծութեան, իրական բանաստեղծութեան մաքրութեան…։
Ի վերջոյ ուրկէ՞ փնտռել այն «Կարմիր թել»ը որ կար ատեն մը Երուանդ Ազատեանի ափերուն մէջ։ Պահուած թել մը, որ հակառակ ամէն տիպի պայքարներուն մնաց անաղարտ ու մաքուր։ Այդ թելը, իրական երակն էր գրականութեան ու աւելի քան ապահով եմ, որ մեր մտքին, մեր սրտին, մեր էութեան ու աւելին զինք իրապէս ճանչցած ու մարդոց սրտերուն մէջ իր գողտրիկ ժպիտով պահուած պիտի մնայ։
Նոյնիսկ եթէ մտքի թելերը օր մը հիննան, ծերանան ու անցնին Ազատեան դեռ պիտի ժպտայ մեզի։Ինչպէս կը ժպտար Երեւանի սրտին մէջէն ամէն անգամ, երբ Կիրակի յետմիջօրէներու ձանձրոյթը կը լեցուէր, իր իմաստուն խօսքերով, հեռագնաց հայեացքներով ու ամենբացառիկը ժպիտներուն ՝ Ազատեանի գողտրիկ ժպիտով։
Սագօ Արեան