ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՆՈՐՈՇ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾՆԵՐ ՈՒ ԵՆԹԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 1809-1848

«1848 թ. Ապրիլի 2-ին իւր բնակարանից դուրս է գալիս եւ այլեւս չի վերադառնում Խաչատուր Աբովեանը»: [1]

Բազմաթիւ են Խաչատուր Աբովեանի մահուան շուրջ եղած ենթադրութիւնները, յատկապէս ժողովրդական իրար հակասող առեղծուածներու մութ  բացայայտումները. արդեօք ո՞ր մէկն է վաւերականն ու ճշգրիտը.  արդէն իսկ  հարիւր եւ եօթանասունհինգ տարիներ են անցեր հայ ազգի գրող լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեանի անհետացմանը… սակայն մինչեւ օրս եղած ուսումնասիրութիւնները ոչ մէկ ստոյգ եզրակացութեան չեն յանգած: Պատմական այդ ժամանակաշրջանի ցարական քաղաքական ճնշումներու հետեւանքով բնական էր, որ Աբովեանի յառաջդիմական գաղափարները, շատերու մօտ անհանդուրժողականութիւն յառաջացուցած պիտի ըլլային, յատկապէս մանր եւ բարձրաստիճան «չինովնիկ»երու (պետականօրէն նշանակուած ձեւական ոչ բարեխիղճ պաշտօնեայ) մօտ. այդ իսկ պատճառով ալ ան չ’ընդունելով ժամանակի կրթական բարեփոխումները յաճախ խոչընդոտներու  ու ոչ իրաւացի հալածանքներու էր ենթարկուած մասնաւորապէս  Երեւանի գաւառապետին Նիկիֆոր Վասիլեւիչ Բլավատոսկիի կողմէ:  Վերջինիս նենգամիտ զեկոյցի հիման վրայ Կովկասի փոխարքայ Միխայիլ Որոնցովի հրամանով Աբովեանը երեքօրեայ տնային կալանքի կ’ենթարկուի այն պատճառով, որ Ներսէս Կաթողիկոսի ներկայութեան  Աբովեանը իրեն անվայել է պահած այն ինչ վերջինիս ու կաթողիկոսի յարաբերութիւններն միշտ ալ լաւ են եղած Աբովեանի   ուսանողական տարիներէն: Շնորհիւ Ներսէս Կաթողիկոսի միջնորդութեան Աբովեան Թիֆլիս կը հրաւիրուի  Ներսիսեան դպրոցի տեսուչի պաշտօնը վարելու: Աբովեանի նպատակն էր ժամանակաւորապէս Երեւանէն հեռանալ:

Խ. Աբովեանի անյայտացման կապակցութեամբ  առաջին պաշտօնական գրութիւնը Երեւանի գաւառապետ Նիկոֆոր Վասիլեւիչ Բլավատոսկինին հաղորդած է Անդրկովկասեան դպրոցներու վերատեսուչ Իվան Դիմիտրեւիչ Տուրկեստանովը կամ Թուրքեստանովը (ազգութեամբ վրացի), որը մինչեւ նոյն տարուայ Նոյեմբեր 13-ը փոխարինած է Աբովեանին՝

«1848 թ. 7 Ապրիլ 3.

«Երեւանի պարոն գաւառապետին

«Կոլեժսկի Ասեսոր Աբովեանը, երէկ, վաղ առաւօտեան, ինչպէս յայտնեց նրա կինը, անյայտ է թէ որտեղ է գնացել եւ մինչեւ այժմ տուն չի վերադարձել: […] Ընդ սմին պատիւ ունեմ խոնարհաբար խնդրելու Ձերդ բարեծննդութեան կարգադրութիւնը կոլեժսկի ասեսոր Աբովեանին փնտռելու մասին»:  [2]

Գաւառապետ Բլավատցկին Ապրիլ 20-ին, հետեւեալը կը հաղորդէ   փոխարքայ իշխան Միխայիլ Որոնցովին՝

«Երեւանի գաւառական տեսչի պաշտօնից ազատուած կոլեժսկի Ասեսոր Աբովեանն Ապրիլ 2-ի լուսադէմին մեկնել եւ յայտնի չէ թէ ուր եւ անհետ կորել:  Տանեցիների ասելով, մեկնելուց երեք օր առաջ նա ընկել էր մտածմունքների մէջ, համարեա ոչինչ չէր ուտում, քիչ էր խօսում, շորերը չէր հանում եւ իբրեւ թէ տառապում էր անքնութիւնից» Այսպէս է  վկայած նաեւ Աբովեանի տան սպահանցի սպասաւոր Ասատուրը՝ «իմ աղէն երեք օր տրտմութեան մէջ ընկաւ, ոչ ուտում էր, ոչ խօսում, մի գլուխ իր երկար չիպուխն էր ծխում ու շարունակ ախ ու վախ անում»: [3]

Շատ են Ժողովրդական իրար հակասող վարկածները: Աբովեանը որպէս թէ անձնասպան է եղած Զանգու գետին մէջ ու մարմինը գտնուած ափին  ապա տեսնողներ զայն կրկին նետած են ջուրին մէջ: Այս ոչ ստոյգ վարկածը, հիմնաւորուած  է  վերջինիս «Վէրք Հայաստանի» վէպին մէջ նշած յուսահատական պահերու, Զանգուի ափին նստած մահուան մասին ակնարկները:  Տարածուած մէկ այլ լուրերու համաձայն, զինք տեսած են Աբովի գիւղի աւերակներուն մօտ  նստած արտասուելու պահուն. երբ մօտեցած են հաց տալու համար ան անմիջապէս հեռացած է: Ըստ երրորդ վարկածին վերջինս արեւելեան զգեստներով տեսնուած է պատմական Հայաստանի եւ Անդրկովկասի վայրերուն՝ Ղարսի (Կարս) շուկային, Ակոռի եւ Գեյանջայի (Գանձակ) մէջ:

Ըստ Ակսել Բակունցին՝ 1848-ին Աբովեանը մասնակցած է Եւրոպական յեղափոխութիւններուն, գալով Աշոտ Յովհաննիսեանի՝ ան ինքնասպանութեան է դիմած. Պիոն Յակոբեանի կարծիքով՝ յստակ չէ թէ Աբովեան ինքնասպան է եղած եւ կամ թաքնուած ապրած:  Այս անորոշ առեղծուածներուն մասին Աւետիք Իսահակեանի մօտ գոյութիւն ունեցած է այլ փաստաթուղթ մը, ուր Մայր Աթոռի միաբան Ռուբէն ծայրագոյն վարդապետ Մանասեան երբ 1925-ին որպէս Մայր Աթոռի նուիրակ այցելած է Հեռաւոր Արեւելքի Հայ համայնքներուն, Մանչուրիայի Խարրին քաղաքին մէջ հանդիպած է կովկասահայ Սարգիս Գրձիլեան ականաւոր անձնաւորութեան մը, որը ներկայացուցած է Սիբիրի Հայութեան ճշգրիտ պատկերը, անդրադառնալով Խ. Աբովեանի գերեզմանի մասին թէ՝ Կուկունեանի խումբէն Ծերուն անունով Սախալինէն աքսորեալ մը   իրեն յանձնած է Աբովեանի գերեզմանի նկարը, որը Ս. Գրձիլեանի տան հրոյ ճարակի պատճառով փճացած է:  Խ. Աբովեանի Սիբիր աքսորուելու մասին եւս մէկ փաստ կու գայ մեզ յուշելու Ս. Էջմիածնի վաստակաւոր ուսուցիչ Ստեփան Կանաեանցը, իր Գերմանիա ուսանողութեան տարիներուն 1883 թուականին, Աստրախանի ընկերոջմէն նամակ կը ստանայ, ուր ռուս նշանաւոր գրող եւ հրապարակախօս Նիկոլայ Չերնիշեւսկին Աստրախանի մէջ հայերուն պատմած է թէ ինքը Սիբիր աքսորուած ժամանակ տեսած է Խաչատուր Աբովեան:  Մինչ այժմ բերուած կարծիքները մեզ կը յանգեն այն եզրակցութեան, որ Աբովեան սպաննուած ու անյայտ թաղուած է, եւ կամ  ցարական «սեւ կառեթ»-ով (ռուսերէն կարեթա՝ վրան ծածկուած  փակ կառք)  աքսորուած է հեռաւոր Սիբիր:

Հետաքրքրական են պատմաբան, գիտնական Վարշամ Ավետեանի հետազօտական տուեալները վերոյիշեալ վարկածներու կապակցութեամբ: Վերջինս անհեթեթ կը գտնայ պետականօրէն գաղտնի կերպով աքսորեալի մը ընտանիքին ազնուականի տիտղոս, ու նպաստ շնորհուիլը:   Իրողութիւն է, որ Սիբերիոյ մէջ եղած է Աբովեան անունով տապանաքար մը ուր միայն ազգանունը նշուած է սակայն յետագային յայտնաբերուած է, որ այնտեղ Լոռիի Օձուն գիւղէն Գրիգոր Աբովեան անունով աքսորեալ լուսաւորիչ մը հանգչած է:  Աւետեանի ուսումնասիրութիւններէն ի յայտ են եկած, որ Աբովեանը Երեւանի եւ Նախիջեւանի գաւառաշրջաններուն մէջ դասաւանդած է հաշտարար դատաւորի չինովնիկ Շաֆիր Բէկ Մուրսալի Բէկովի երկու զաւակներուն՝ Աբասին եւ Մահմէդին:

Ըստ այդ ժամանակուայ ընդունուած ժամանցի սովորութեան, Մամաթ Շաֆիր Բէկովը  չինովնիկներուն հետ  թղթախաղով տարուելով, պարտքի ու գրաւի տակ կը դնէ իր տունն ու այգին:  Վերջինիս կինը նիւթական հնարաւորութիւն չունենալու պատճառով օգնութեան կը դիմէ զաւակներուն ուսուցիչն՝ Աբովեանին փոխ վերցնելով հազար ռուբլի տունն ու այգին աճուրդի չի դրուելու համար: Այդ ընթացքին Մ. Շաֆիր Բէկովը  պաշտօնով երբ քաղաքէն կը բացակայի, Սուրայան, որպէս իր ժամանակի զարգացած կին Աբովեանի նման եւրոպական կրթութիւն ունեցող անձնաւորութեան մը հետ հաճելի հանդիպումներ ունեցած է այգեստանի այգիներուն մէջ:  Մ. Շաֆիր Բէկով վերադարձին երբ կը տեղեկանայ իր կնոջ հանդիպումներուն մասին, կասկածներ կ’արթննան իր մէջ անոր անհաւատարմութեան նկատմամբ թէ ինչո՞ւ սովորական վարժապետը մեծ գումար պիտի վճարէր իր աշակերտներուն ծնողներուն:  Սուրայայի ու Աբովեանի կրօնական վարքի տարբերութիւնը առիթ կու տայ վերջինիս կեանքի գնով հատուցել, որը  ձեռնտու էր Շաֆիր Բէկովին պարտքը չվերադարձնելու պարտաւորութենէն:

Աբովեանին անհետանալէն մի քանի օր առաջ իրենց տանը այցի կ’երթայ երեխաներուն կնքահայր գնդապետ Գէորգիլովը զգուշացնելու համար թէ վատ բան կը պատրաստուի Աբովեանի դէմ:

Աբովեանը նախքան Թիֆլիս մեկնիլ ու նոր պաշտօնը ստանձնելը կը փորձէ պարտքերը հաւաքել: Երբ Շաֆիր Բէկովը կը յետաձգէ գումարը վերադարձնել, Աբովեանը դատարան կը դիմէ:  Ապրիլ 2-ի առաւօտեան ժամը ութին կը նախատեսուի դատը ուր  Շաֆիր Բէկովի փոխարէն ներկայանալու էր վերջինիս Իսկանտար անունով օգնականը սակայն նախքան դատը  Շաֆիր Բէկովը Աբովեանին իր մօտ կը կանչէ պարտքը վերադարձնելու համար:

Շաֆիր Բէկովը Ասատ Ամին անունով ծառային հօրը հետ նախօրօք կը կարգադրէ հող փորել:  Երբ Աբովեան առաւօտ կանուխ կարգով  Շաֆիր Բէկի տունը կը ժամանէ, Ասատ Ամինի տուեալով կացինով կը սպանեն զինքը ապա կտաւի մէջ փաթթելով մարմինը փոսին մէջ կ’ամփոփեն ու վրան գորգով կը ծածկեն:   Շաֆիր Բէկովը երկու օր այնտեղ պառկած կը մնայ մինչեւ որ վրան ծառ տնկեն:  Մի քանի օր անց Այգեստանի թուրքերը տեղեակ են եղած որ հայ վարժապետը սպաննուած ու այդ վայրին մէջ է թաղուած:  Մէկ տարի անց  Շաֆիր Բէկովը տունն ու այգիները զաւկին Մահմաթ Բէկին թողելով կը հեռանայ Երեւանէն:

Շաֆիր Բէկովի Ասատ Ամին ծառայի որդին քսանական թուականներուն պատմած է թէ ինչպէս ամբողջ գիշերը երկու մեթր խորութեամբ փոսը փորած եւ երեք ընկուզենի տնկած են Աբովեանի հետքը անհետացնելու համար:  Այս մասին 1930-ական թուականներուն Շաֆիր Բէկովի հարիւրամեայ որդին պատմած է իր տանը վարձով բնակուող հարեւանին՝ յատուկ ծառայութիւններու գործակալ Սարդարեանին:

Խ. Աբովեանի անհետանալէն տարիներ ետք իր որդիին՝ Վարդանի մօտ անծանօթ կին մը կը ներկայանայ  պատմելով, որ Շաֆիր Բէկովն է հօր սպաննողը եւ ինքը գիտէ գերեզմանի վայրը խնդրելով արտաշիրիմ կատարել ապա քրիստոնէական  ծէսով թաղել իրեն պատշաճ գերեզմանի մէջ, որպէս լուսաւոր անձնաւորութիւն այլ ոչ թէ փլատակներու տակ մնար:   Յետագային ի յայտ կու գայ այդ անծանօթը  եղած է Շաֆիր Բէկովի կինը նոյն ինքն Սուրայան:

1920-ական թուականներուն հայ մտաւորականները դիմած են պետական մարմիններուն, Աբովեանի շիրիմի արտահանման կապակցութեամբ, սակայն օրուայ քաղաքական պայմանները չեն թոյլատրած ոչ միայն  մեղքը ցարական իշխանութիւններուն վրայ բարդելով՝ այլ նաեւ հարեւան ազերիներուն միջեւ խոչնդոտ չստեղծելու միտումով:  1980 -ին Վարշամ Աւետեանը  կը դիմէ Կարեն Դեմիրջեանին  Աբովեանին շիրիմը տեղափոխելու համար ու իր գլխաւորութեամբ ալ կը կազմէ յանձնաժողով սակայն  Կարեն Դեմիրջեանի պաշտօնանկութեան պատճառով այդ յոյսը ի թերեւ կ’ելլէ:

Թէեւ Խաչատուր Աբովեան իր կենդանութեան օրով չհասաւ տեսնել իր ազգի լուսաւորումը, բայց այսօր իր յուշարձանն է, որ Քանաքեռէն կը դիտէ իր երազած Երեւանը…

Սամուէլ Քէօշկէրեան

 

1 Բակունց Ակսել, «Խաչատուր Աբովեանի Անյայտ բացակայումը», Պետհրատ, Երեւան 1932 էջ 5:

2 Տե՛ս անդ էջ 5:

3 Տե՛ս անդ էջ 15-16: