Ամավերջի Երգահանդէս

Սքանչելի եւ հպարտութեամբ լի օր մըն էր բոլոր անոնց համար, որոնք ներկայ գտնուեցան Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի ամավերջի երգահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 3 Յունիս 2023-ին, եկեղեցւոյն կից շէնքի սրահին մէջ։

Երեք տարիներու դադարէ ետք, երգչախումբի բարձրորակ կատարումները արդարօրէն արժանացան ներկաներու յոտնկայս ծափահարութիւններուն։ Չհիանալ կամ հպարտութեամբ չլեցուիլ անհնար էր ի տես շուրջ 300 աշակերտներու բարձրորակ երգեցողութեան։ Բաժնուած երկու խմբակներու, Առաջինէն մինչեւ Տասերորդ դասարաններու աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ ներկայացուցին մանկական, հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգեր, որոնց պատրաստութեան համար ուսումնական տարեշրջանի իւրաքանչիւր Շաբաթ օր անոնք վարժութիւններ կատարած էին։

Մեծապէս գնահատելի էր փորձառու եւ հմուտ ղեկավար՝ Տիկին Նատա Նավասարդյանի պարտաճանաչ աշխատանքն ու անսակարկ նուիրումը, որոնց արգասիքն էր որ կը վայելէր հանդիսատեսը մեծ ուրախութեամբ։

Համերգին, ծնողներու կողքին ներկայ էին նաեւ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանը, Հովիւի Օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը, Օնթարիօ Նահանգի Երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեանը, Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Րաֆֆի Պետրոսեանը, վարժարանի նախկին Տնօրէն եւ Տնօրէնուհի՝ Տիար Եդուարդ Պալեանը եւ Տիկ. Լիւսի Հոբյեանը, Պապայեան Հաստատութեան ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Քնար Պասմաճեանը եւ այլ հիւրեր:

Բացման խօսքին մէջ Շաբաթօրեայ վարժարանի Տնօրէն՝ Դոկտ. Արփի Փանոսեան Մըթարթ անդրադարձաւ Տիկին Նատա Նավասարդյանի համբերատար եւ բացառիկ տաղանդին, շնորհակալութիւն յայտնելով շաբաթօրեայ դպրոցի վերելքին իրենց ներդրումը բերող դպրոցի ընդհանուր անձնակազմին։

Առաջին բաժնի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան, փոխանցելու իր սրտի խօսքը։ Այս առթիւ, Տէր Հայրը շնորհաւորեց Տիկին Նատան, աշակերտներն ու ծնողները, բարձր գնահատելով Շաբաթօրեայ Վարժարանի առաքելութեան նուիրուած դպրոցի անձնակազմը։

Մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ երբ վերջին երգով բեմ բարձրացան եւ աշակերտներու երգեցողութեան միացան դպրոցի ուսուցիչներն ու անձնակազմը, որմէ ետք Տէր Հօր ձեռամբ պարգեւատրուեցաւ Տիկ. Նատա Նավասարդյանը։

Տէր Հօր «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ երգահանդէսը: