ՌԱԿ Համակարգուած Մամուլի խմբագիրները կը նախատեսեն մեծ մտաւորական եւ խմբագիր Երուանդ Ազատեանի մահուան առթիւ ատենին լոյս տեսած գրութիւնները ամփոփել առանձին հատորի մը մէջ եւ զայն լոյս ընծայել յառաջիկայ տարուան Մարտի կէսերուն, մահուան տարելիցին։
Առ այդ՝ արդէն մամուլի էջերուն լոյս տեսած գրութիւններու հեղինակներէն կը խնդրենք լրամշակել (եթէ կարիք կայ) իրենց գրութիւնները եւ զանոնք առաքել «Ազգ» կամ «Պայքար» շաբաթաթերթերու խմբագրութիւններ։
Նմանապէս՝ բոլոր անոնք, որոնք ժամանակին ինչ-ինչ պատճառներով չէին կրցած իրենց գրութիւնները Համախմբումին մաս կազմող մեր մամուլին հասցնել, կը խնդրենք իրենց սրտի ու միտքի պարտականութիւնը այժմ կատարել՝ դիմելով վերոյիշեալ զոյգ թերթերու խմբագրութիւններուն, որոնց e-mail-ի հասցէները՝ ստորեւ։
Ուշադրութիւն. լրամշակուած կամ նոր գրութիւններուն առաքման վերջնաժամկէտն է՝ Սեպտեմբեր 15, 2023։
ՌԱԿ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ
«Ազգ»- ani.grigoryan.73@mail.ru
«Պայքար»– hhvartivarian@gmail.com
«Միրըր-Սփեքթէյթըր»- aram@mirrorspectator.com