Ուրբաթ՝ 16 եւ Շաբաթ՝ 17 Յունիս 2023-ին, կազմակերպութեամբ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, գծագրիչ եւ արուեստագէտ Սերժ Սիւմպիւլեան պատրաստած էր նկարչական ցուցահանդէս մը: Բոլորովին նոր մօտեցումով ու յանդուգն ոճով ան կրցաւ առինքնել ներկաները:
Սերժ Սիւմպիւլեան ծնած է 1963-ին Լիբանան: Մոնթրէալ հաստատուած է 1981-ին:
Բարձրագոյն ուսումը ստացած է՝ Vanier College: Արհեստով ոսկերիչ ըլլալով հանդերձ, կը հետեւի արուեստի (art) ճիւղին այցելելով Concordia համալսարանը:
Արդէն 14 տարեկան, իր մէջ կը յայտնուի մեծ սէր մը գծագրութեան հանդէպ: Ջրաներկով (acrylic), իւղաներկով կամ ածուխով եղած պատկերացումները գոհացում չեն տար իրեն: Միշտ փափաքելով սովորականէն տարբեր միջոցի մը հետեւիլ ան կը յանգի «collage»ներու միջոցին:
Նախ կը սկսի դերասաններու եւ քաղաքական անձերու դիմանկարներով զբաղուիլ:
Իսկ մենք, այդ ցուցահանդէսով, վայելեցինք սուրբերը ներկայացնող բարձրորակ նկարներ:
Իբրեւ արդիւնք՝ իր յաջող գործերուն, Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին կը նուիրէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի դիմանկարը:
Արուեստասէր ներկաներու բարձր գնահատանքին արժանացաւ Սերժ Սիւմպիւլեանի սոյն ցուցահանդէսը:
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք անոր:
Ներկայ մը