Լ. Ղարաբաղի վարչապետ՝ Արայիկ Յարութիւնեանը պիտի մասնակցի «Հայաստան» հիմնադրամի ամենամեայ hեռուստամարաթոնին

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 20-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Վարչապետը այցի ընթացքին շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, համայնքին մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ որոշ կազմակերպութիւններու տեղի ներկայացուցիչներու հետ, պիտի այցելէ հայկական վարժարաններ եւ Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսարան: Հանդիպումներ կը նախատեսուի նաեւ որոշ անհատ բարերարներու հետ, իսկ Նոյեմբեր 26-ին Արայիկ Յարութիւնեան պիտի մասնակցի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ հեռուստամարաթոնին, կը  յայտնէ ԼՂՀ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

«Հեռուստամարաթոն 2015»-ը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 26-ին: «Հեռուստամարաթոն 2015»-ի գլխաւոր նպատակն է բնակարաններով ապահովել 5 եւ աւելի երեխայ ունեցող բազմազաւակ ընտանիքները: Դրամահաւաքը կը կրէ «Մեր Տունը» խորագիրը: