Վերջերս, անսովոր գրութիւն մը յայտնուած էր Ախալքալաքի նախկին բերդի աւերակներուն վրայ: Բերդին մէկ անկիւնը կը գտնուի կիսաւեր նախկին մզկիթը: Անոր մէկ պատին Նոյեմբերի սկիզբը յայտնուած էին թրքական կարմիր կիսալուսիններ եւ«Bir gün döneceğiz elbet» գրութիւնը, որ թուրքերէն կը նշանակէ «Օր մը մենք անշուշտ պիտի վերադառնանք», կը հաղորդէ Javakhkmedia.com-ը:
Ախալքալաքի բերդը Ջաւախքի մէջ թրքական տիրապետութեան տարիներուն տեղական թրքական վարչական կեդրոնի նստավայրն էր: Բերդը գրաւուած է 1828-ի Յուլիս 23-ին, զօրավար Պասկեւիչի կողմէ, եւ անցած է Ռուսական կայսրութեան կողմը: Անկէ ետք անիկա որեւէ ռազմական, ընկերային կամ պատմական դեր չէ խաղցած, եւ անցեալ համարեա 200 տարուան ընթացքին հիմնականօրէն քայքայուած է:
Վերջին տասնամեակի ընթացքին Ջաւախքի եւ Պորչալուի վրայով կ՛իրականացուին բազմաթիւ հաղորդակցութեան նախագիծեր, որոնք կը կապեն Ատրպէյճանն ու Թուրքիան` Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարը, Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում կազատարը, Կարս-Ախալքալաք-Թիֆլիս-Պաքու երկաթուղին, Կարս-Ախալքալաք-Ծալկա-Թիֆլիս մայրուղին եւ այլն: Մասնաւորապէս, վերջերս այդ մայրուղիին համար բացուեցաւ դէպի Թուրքիա նոր անցակէտ, որ կը գտնուի Ջիւանիի հայրենի Կարծախ գիւղին մօտ:
Որպէս արդիւնք այս ամէնուն` Աճարիոյ, Պորչալուի, Ջաւախքի մէջ (եւ ընդհանրապէս Վրաստանի Հանրապետութեան հարաւը) օրէ օր աւելի զգալի կը դառնայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ներկայութիւնը: Ուստի յատկանշական է, որ Ջաւախք այցելող թուրք «հիւրերը», փաստօրէն, չեն մոռցած Ախալքալաքի բերդին տեղը, եւ անոր աւերակներ այցելելով` «յուզական» մակագրութիւններ ձգած են:
Իսկ ալ աւելի յատկանշական է այն, որ երբ Ախալքալաքի մէջ լուր տարածուեցաւ այս գրութիւններուն մասին, քանի մը օր ետք անոնք մէկ գիշերուան մէջ անհետացան: Եթէ առաջին ձեռքը, որ ձգած էր այդ գրութիւնները, կրնար պատմութեամբ հետաքրքրուող պատահական անցորդ թուրքի ձեռք ըլլալ, ապա այդ գրութիւնները ծածկող ջնջող ձեռքը աւելի զգոյշ ու համակարգուած կազմակերպիչի մասին կը վկայէ: