Քոնանի` Հայաստանի Մասին Երկար Սպասուած Հաղորդումը Արդէն Համացանցի Վրայ Է

Ամերիկեան յայտնի «Քոնան» հեռուստածրագիրը` Հայաստանի մասին պատմող հաղորդումը արդէն հասանելի է համացանցի վրայ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը, հաղորդման հեղինակ եւ վարող Քոնան Օ’պրայըն իր օգնականին` Սոնա Մովսէսեանը կը բերէ հայրենիք` Հայաստան, ուր ալ կը սկսին անոնց արկածներն ու բացայայտումները:

Հաղորդման վերաբերեալ ամենրիկեան հեղինակաւոր Huffington Post պարբերականը գրած էր. «Ամերիկեան յայտնի շոումեն Քոնան Օ’պրայընի «Քոնան» հեռուստածչագիրի` Հայաստանի մասին պատմող հաղորդումը ոչ միայն լաւ կը զուարճացնէ բոլոր հեռուստադիտողները, այլեւ կը դիպչի հոգիի նուրբ լարերուն»:

«Քոնան» ծրագիրը` Հայաստանի մասին պատմող հաղորդումը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս Քոնան իր արդէն 6 տարուան օգնականին` Սոնա Մովսէսեանի ընտանիքին կը յայտնէ, որ կը ցանկանայ զայն իրեն հետ տանիլ Հայաստան:

Այստեղ անոնք կ՛այցելեն մայրաքաղաք Երեւանի տեսարժան վայրեր, կ՛ըլլան հայկական շուկայի մէջ, ուր Քոնանը կը փորձէ վաճառողներուն հետ խօսիլ հայերէն` մէջբերելով այնպիսի արտայայտութիւններ, ինչպէս «Ջիկեարտ ուտեմ», «Մեռնեմ ջանիդ» եւ այլն: Էրեբունի-­Երեւան տօնակատարութիւններու օրը ականատես կ՛ըլլայ կեդրոնին մէջ կազմակերպուած մեքենաներու ցուցադրութեան, սուրիահայ երիտասարդներու հետ կը մասնակցի երեւանեան գլխաւոր համերգին:

Հայաստանի միւս շրջաններ այցելութեան ժամանակ ան կը տեսնէ հայ հովիւներ եւ կը զարմանայ` ինչու անոնք աւանդական հովիւի հագուստ չեն կրեր: Փոխարէնը ատիկա կ՛ընէ ինքը` Քոնանը: Ան կը նկարահանուի հայկական «Ուրիշի հոգին» հեռուստադիպաշարի դրուագներէն մէկուն մէջ, կը ծանօթանայ հայկական գորգերուն, լաւաշին եւ տնական օղիի պատրաստման գործընթացին:

Քոնանի եւ Սոնայի` Հայաստան կատարած այցի ամենայուզիչ պահը Հայոց ցեղասպանութեան յուշամալիր այցելութիւնն է, ուր Սոնան իր ընտանիքի պատմութիւնը պատմելու ընթացքին չի կրնար զսպել իր արցունքները: Ան կը նշէ, որ իր ընտանիքը պատմական Հայաստանի Սեբաստիա նահանգէն է: Սոնան կ՛ընդգծէ, որ կը ցանկանար այստեղ վերադառնալ իր ընկերներուն ու ընտանիքին հետ` աւելցնելով, որ ցանկութեան պարագային Քոնան եւս կրնար միանալ իրենց:

To Watch the full episode click on this link