ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի 2023 թուականի եզրափակիչ փաստաթուղթը` Երեքշաբթի՝ 4 Յուլիս 2023-ին, որդեգրուած Վանքուվըրի հռչակագիրը Ատրպէյճանին կոչ կ’ուղղէ զինեալ ուժերը դուրս բերելու Հայաստանի գերիշխան տարածքէն, ապահովելու մարդոց եւ ապրանքներու անխոչընդոտ անցումը Բերձորի միջանցքով` համաձայն Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 Փետրուարի որոշումին, նաեւ Ատրպէյճանին կոչ կ’ուղղէ` միջազգային ընտանիքին հետ սերտ համագործակցութեամբ դրական օրակարգ ձեւաւորելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նպատակով:
Հռչակագիրը կոչ կ’ուղղէ նաեւ` ազատ արձակելու բոլոր պահուող անձերը եւ ճշդելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ընթացքին անհետ կորսուած բոլոր անձերու ճակատագիրները, պաշտպանելու շրջանի մշակութային ժառանգութիւնը եւ աջակցելու ականազերծման գործընթացին:
Փաստաթուղթը կը խրախուսէ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը շարունակելու բանակցութիւնները համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան ուղղութեամբ` հիմք ընդունելով իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանչնալը, կ’ողջունէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական ջանքերը, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան եւ փոխադարձ վստահութեան հարցին:
«ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը ընդունեց Հայաստանի պատուիրակութեան բոլոր առաջարկները»: Այս մասին դիմատետրի վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար՝ Սարգիս Խանդանեան:
Աւարտին յիշենք, որ Քանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանին ընթացքին Խանդանեան նաեւ ընտրուած է վեհաժողովի ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական հարցերու յանձնախումբի փոխնախագահ: