ՀՀ նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար` Սերժ Սարգսեան Հինգշաբթի՝ 19 Նոյեմբեր 2015-ին, աշխատանքային այցով մեկնած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան պաշտպանական դիրքեր: Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն,նախագահը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին եւ ՀՀ զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամկազմի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ շրջայց կատարած է սահմանային զօրամասերուն մէջ, այցելած պաշտպանական դիրքեր, ծանօթացած է զինուած ուժերու մարտական պատրաստականութեան, բանակաշինութեան ընթացիկ աշխատանքներուն:
Հանրապետութեան նախագահը ներկայ գտնուած է 2-րդ բանակային զօրամիաւորման ստորաբաժանումներու ներգրաւմամբ իրականացուած ցուցադրական պարապմունքին, ունկնդրած է բանակային զօրամիաւորման հրամանատարի զեկոյցը ենթակայ զօրամասերուն մէջ տիրող իրավիճակին եւ առկայ խնդրայարոյց հարցերու վերաբերեալ: Զօրամասերէն մէկուն մէջ նախագահը մասնակցած է նաեւ զինծառայողներու համար նոր կառուցուած ճաշարանի բացման արարողութեան:
Նոյն օրը նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով մեկնած է Արցախի Հանրապետութիւն: