UNESCO համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին ներառուած միջնադարեան հայկական քաղաքամայր Անին դարձեալ յայտնուած է թրքական մամուլի ուշադրութեան կեդրոնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով «Son Dakika» լրատուական կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածը։
Նշեալ յօդուածին մէջ Անին կը ներկայացուի իբրեւ «Քաղաքակրթութիւններու օրրան», «Խաղաղութեան քաղաք», «Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք» եւ «Քառասուն դարպասներու քաղաք»։ Նշուած է, որ Անին իր պատմաճարտարապետական գեղեցկութեամբ կը գրաւէ ինչպէս տեղացի, այնպէս ալ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն հետաքրքրութիւնը: Ուշագրաւ է, որ յօդուածին մէջ բացայայտօրէն կը խօսուի Անիի հայկական ըլլալուն մասին։ Կը տրուի հետեւեալ ձեւակերպումը. «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին վրայ գտնուող Անին 961-1045 թուականներուն ծառայած է իբրեւ հայ տիրակալներու մայրաքաղաք»։ 2012թ. Անին ընդգրկուած է UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան միջանկեալ ցանկին վրայ, իսկ 2016թ. ներառուած է Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ։ Յօդուածին մէջ տեղ գտած են նաեւ թուրք այցելուներու մեկնաբանութիւնները։ Անգարայէն ժամանած զբօսաշրջիկ մը կ’ըսէ․ «Ես եկած եմ Անգարայէն, առաջին անգամ այստեղ եմ, հիանալի վայր է, բոլորին խորհուրդ կու տամ գալու»: Հայաստան-թուրքիա սահմանը բաժնող Ախուրեան գետի արեւմտեան ափին գտնուող Անին, ըստ թրքական կայքի հրապարակման, նախապէս եղած է ռազմական խիստ արգելքի գօտի, եւ ոչ ոք ունեցած է այնտեղ այցելելու հնարաւորութիւն։ Արգելքին վերացումէն ետք Անին գրաւած է ողջ աշխարհի ուշադրութիւնը՝ դառնալով զբօսաշրջային այցելութիւններու գլխաւոր պատճառը Կարսի մէջ։