Երեքշաբթի, 17 Նոյեմբերին TBS պատկերասփիւռի կայանէն ցուցադրուած է Քոնան Օ՛Պրայընի հայաստանեան այցելութեան նուիրուած հաղորդումը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է։ Արդարեւ, ըստ deadline.com-ի, յայտագիրը դիտած է 1.04 միլիոն հոգի, որոնց 666 հազարը՝ 18- 49 տարեկան: 317 հազար հոգի ալ դիտած է յայտագիրի ժամերէն ետք ցուցադրուող կրկնութիւնը, կը հաղորդէ News.am-ը:
Համեմատութեան համար պէտք է նշել, որ Մարտին ցուցադրուած է Քոնանի Քուպա կատարած այցելութեան յայտագիրը, զոր դիտուած է 1.3 միլիոն հոգի: Սակայն երբ շատեր գիտցած են, որ Քոնան առաջին հաղորդավարն էր, որ Քուպայի մէջ յայտագիր կը նկարէ, դիտողներուն թիւը հասած է 3.7 միլիոնի:
Յիշեցնենք, որ Քոնան Օ՛Պրայընի հայաստանեան այցելութիւնը ներկայացնող հաղորդման ամբողջական տարբերակը արդէն հրապարակուած է։