Թուրքիոյ ընտրութիւններէն ետք սպասելի էր անշուշտ, որ Էրտողան պիտի որդեգրէ բոլորովին նոր մակարդակի խաղաոճ մը, որուն հիմնական առանցք պիտի հանդիսանայ դէպի «Հաւաքական Արեւմուտք» «վերադարձ»ը։ Ի հարկէ վերադարձ բառը չակերտի մէջ դրի, պարզ այն պատճառով, որ արդէն բոլորիս համար աւելի քան յստակ էր, որ Էրտողան ոչ մէկ կերպ կրնայ «ձերբազատուիլ» Արեւմուտքէն, այլ կրնայ պարզապէս խուսանաւել, այդպիսով ալ իր շահերը ընդգծելով ու նաեւ Ռուսաստանի հետ առկայ յարաբերութիւնները լաւագոյնս օգտագործելով։
Այս պարզ մեկնաբանութեան մէջ, անշուշտ շատեր կ’աւելցնէին նաեւ այն միտք բանին, որ այսօրուան Թուրքիոյ համար անկարելի էր Ռուսաստանէն հեռանալը, կամ առկայ, կնքուած կամ կնքուելիք բազմապիսի համաձայնութիւններուն չեղարկումը։
Երկու երկիրները, առաւելաբար Թուրքիան կարիքն ունէր Ռուսաստանին ու այդ մէկը իր մէջ կը պարունակէր թուականէն ասդին պարզուած ընդհանուր դրութեան կարգ մը հիմնարար շեշտադրումները։
2016 -ին էր, որ Մոսկուայի առաջնորդը՝ Վ. Փութին ամէն ճիգ ըրած էր «պահելու» եւ «պահպանել»ու Էրտողանեան ռէժիմը ու այդ կերպով ալ հանդիսանալով Էրտողանի սրտակիցն ու «գաղափարակից»ը։
Ինչ խօսք, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բարեկամութիւնը, հիմնուած էր, ոչ թէ գաղափարական առանցքներու, այլ մանաւանդ շահերու վրայ, որոնք յաճախ ալ կարճաժամկէտ ըլլալու մասին կը յուշէին։
Այս բոլորէն անդին այսօր աւելի քան յստակ սկսած է դառնալ, որ Էրտողան ոչ միայն մեծ թեքում մը կատարած է դէպի Արեւմուտք, այլ այդ թեքումի առանցքներուն մէջ ան սկսած է նուազ կարեւորութիւն տալ ռուսական դերակատարութեան։ Աւելին Թուրքիոյ հորիզոնին վրայ երեւացող անցեալին «ՄԻԹ»ի (Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւն, խմբ. Ս. Ա.) եւ ներկայիս երկրի Արտաքին Գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնած Հաքքան Ֆիտան, որ մեծ հաշուով կը համարուի «Ամերիկայի մարդ», սկսած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը իր ձեռքն առնել ու այդ առումով ալ մեծ տուրք տալ Արեւմուտքին։
Այս վիճակը բնականաբար կապուած է Էրտողանի առողջական դրութեան, անոր «յոգնածութեան» նշաններուն եւ առհասարակ Թուրքիոյ մէջ գլուխ բարձրացնող քաղաքական նոր պատկերին հետ, որուն հիմնական ճարտարապետը՝ Հաքքան Ֆիտանն է։
Այստեղ է նաեւ, որ պէտք չէ բացառել, որ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները կրնան ապրիլ, ոչ միայն ցնցումներ, այլ այդ յարաբերութիւնները կրնան երթալ մեծ լարումներու։
Ճիշդ է, որ Թուրքիա շատ լաւ կը հասկնայ, որ Ռուսաստանի հետ ցանկացած «խզում» մեծապէս կրնայ ազդել երկրի տարբեր առանցքներուն վրայ, բայց նաեւ կայ վարկած, որ ճգնաժամէ-ճգնաժամ զարնուող Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կրնայ մէկ օրէն միւսը փլուզուիլ, եթէ Անգարա ձեռք չերկարէ՝ Արեւմուտքին ու մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներուն։ Ու հոս է նաեւ, որ երեւելի կը դառնայ այն նոր «գաղտնաբառ»ը, որուն միջոցաւ ալ Թուրքիան պիտի փորձէ ամէն գնով նոր շունչ մը քաշել ու «ազատագրուիլ» ռուսական ազդեցութիւններէն։
ԱՄՆ-ի համար շատ կարեւոր է դիտարկել, որ Թուրքիան «կը հեռանայ» Ռուսաստանէն, այդ հեռացումը օգտագործելի դարձնելու համար Ուքրանիա-Ռուսաստան ընթացող պատերազմի քաղաքական ենթախորքերուն մէջ։
Այս բոլորը տակաւին վերջնական չեն անշուշտ, սակայն այստեղ աւելի քան պարզ կերպով երեւելի կը դառնայ, որ Էրտողան սկսած է գործել «Պապէն աւելի պապական» ըլլալու սկզբունքով ու այդ առումով ալ հասցնելով մի քանի կարեւոր «ժեսթ»եր ընել Ուքրանական կողմին։
Այդ «նուէրներ»ուն մէջ ամէնէն ակնառուն թրքական զէնքերու, ԱԹՍ-ներու Քիէւին վաճառելու խնդիրն է ու նաեւ Ուքրանիոյ մէջ «Պայրաքտար» արտադրող գործարանի մը հիմնումը։
Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, հարկ է անշուշտ դիտարկել, թէ դէպի ո՞ւր կ’երթան Թուրք-ռուսական յարաբերութիւնները։ Ու այստեղ ամէնէն կարեւոր առանցքը կը վերաբերի՝ Հայաստանի Հանրապետութեանը։ Այն իմաստով, որ եթէ այդ երկու «հզօր»ներուն միջեւ լարումն աւելնայ, ապա այդ մէկը ինչքանով կրնայ ազդել Հայաստանի վրայ։
Կարեւոր հարցում մըն է այս մէկը, որն ունի երկսայրի սուրի ազդեցութիւն, սակայն տխուրն ու մտահոգիչն այն է, որ հայկական կողմը մինչեւ այս պահը չէ կրցած հասկնալ, որ անկարելի է Պետականութեան մը անվտանգութիւնը թողնել երկու երկիրներու յարաբերութեան ճակատագրին։ Մին պատմական թշնամութեամբ լեցուն դրուագներով, իսկ միւսը Հայաստանի դաշնակից, բայց եւ այնպէս բազում անկիւններէ անհասկնալի արարքներ գործող եւ մեծ խնդիրներու մէջ խրուած իրավիճակով։
Կարծիք Յակոբ Պատալեանէն
Ի դէպ օրերս Ռուս-Թրքական խնդիրն ու այդ յարաբերութիւններու տեսակէտէն Հայաստանի համար ստեղծուող նոր վիճակին մասին ուշագրաւ դիտարկում մը կատարած է հայրենի վերլուծաբան Յակոբ Պատալեան, որուն կատարած գրառումը արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնեմ՝ «ԱՊԱԳԱՅ»ի ընթերցող հասարակութեան։
Կան որոշակի հարցեր, որոնց առնչութեամբ կ’ակնկալենք պարզաբանում Անգարայէն, յայտարարած է Քրեմլինի խօսնակ Փեսքով, Ուքրանիոյ Ազով գումարտակի խումբ մը հրամանատարներ Ուքրանիա վերադարձնելու Անգարայի որոշման կապակցութեամբ: Այդ տեղի ունեցաւ օրեր առաջ, երբ Անգարա ժամանած էր Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքի՝ Թուրքիոյ նախագահի հրաւէրով: Ինչպէս յայտնի է, «ազովական» հրամանատարները գերեվարուած էին Մարիուփոլի գրաւման ժամանակ եւ յետոյ փոխանակման ծիրէն ներս «ի պահ» տրուած Թուրքիոյ: Տեղի ունեցածը Հայաստանի մէջ ալ արժանացած է ուշադրութեան, առաւելապէս ռուս-թրքական յարաբերութեան պարունակին մէջ: Եւ այդ բնականաբար առարկայական ուշադրութիւն է: Աւելին, կան նոյնիսկ շերտեր կամ խումբեր, որոնք ընդհուպ կը խօսին այն մասին, որ Մոսկուան կրնայ պատժել Անգարան: Եւ այս առումով կ’ընկալուի հեռանկար մը, որ Մոսկուայի պատիժը կրնայ ինչ որ ձեռքբերում դառնալ Հայաստանի ու Արցախի համար:
Իրականութեան մէջ սակայն, պատկերը անշուշտ ոչ միայն չունի այդօրինակ միարժէքութիւն, ոչ միայն կրնանք գործ ունենալ «սառնալեռ»ի հետ, երբ տեսանելի մասը շատ աւելի փոքր է, քան այն, ինչ ջուրի տակ է, այլ տակաւին հարց է, թէ ներկայ փուլին Հայաստանի ու Արցախի համար որքանով շահեկան է ռուս-թրքական հակադրութիւնը կամ լարումը: Ի վերջոյ, կասկածէ վեր է, որ այդ հակադրութիւնը կամ լարումը «պիտի աւարտի» որեւէ նոր համաձայնութեամբ մը, ինչպէս կ’ըլլայ գործնականօրէն պարբերաբար՝ պատմական տարբեր մեծ կամ տեղական շրջաններու մէջ: Ռազմավարական իմաստով, Թուրքիոյ հետ որեւէ կոշտ դիմակայութիւն չի բխիր Ռուսիոյ շահէն, ինչպէս որ Թուրքիոյ շահէն չի բխիր Ռուսիոյ հետ այնպիսի հակադրութիւն, որ փաստացի կը զրկէ Անգարան Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ շահեկան խուսանաւումի հեռանկարէն, որ էրտողանեան քաղաքականութեան հիմնասիւներէն մէկն է: Այդ պայմաններուն տակ, ռուս-թրքական յարաբերութիւնը չի կրնար ենթակայ ըլլալ մեքենայական չափման, ինչպէս յաճախ կը դիտարկուի Հայաստանի մէջ:
Ի վերջոյ, որեւէ լարուածութիւն ինքնին էապէս բարձրացնելով նաեւ Կովկասի, մասնաւորապէս Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան գօտիին մէջ լարուածութեան վտանգը, անոր հետ մէկտեղ կը բարձրացնէ նաեւ այդ անվտանգութեան գօտիին մէջ որեւէ նոր համաձայնութեամբ պայմանաւորուելու վտանգները, հաշուի առնելով, որ այդ համաձայնութիւնները տեղի կ’ունենան Հայաստանի կամ Արցախի հաշւոյն: Հետեւաբար, ռուս-թրքական յարաբերութիւն կամ գործակցութիւն ըսուածի կայունութիւնը ներկայիս թերեւս աւելի նախընտրելի է, քան անոր ցնցումները, որոնք Հայաստանին ու Արցախին կրնան բերել նոր մարտահրաւէրներ, ու այդ այն պարագային, երբ թէ՛ Երեւանը եւ թէ՛ Ստեփանակերտը առարկայական ու ենթակայական պատճառներու բերումով ունին նոյնիսկ ընթացիկ մարտահրաւէրներուն համարժէք եւ արդիւնաւէտ արձագանգի խնդիր, ուր մնաց ստիպուած ըլլան արդիւնաւէտօրէն արձագանգել անմիջական ռեժիմի մաշտապային բնոյթի նոր վտանգներու:
Սագօ Արեան