«Ներկայիս Էրտողան ստիպուած է լեզու գտնել Արեւմուտքի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու հետ» Եդուարդ Տանձիկեան

Թուրքիոյ զարգացումները կարեւոր, նոր առանցքներ կը բանան. Մոսկուայի հետ տարակարծութիւն, ապա նաեւ Էրտողանի կողմէ, Արցախի ուղղութեամբ սլաքներ։ Այս թեման աւելի մանրամասն կը քննարկենք Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր՝ Եդուարդ Տանձիկեանի հետ։

 

Պրն. Տանձիկեան, ի՞նչ են տրամադրութիւնները Թուրքիոյ մէջ։ Հակադրութիւն կրնա՞նք սեպել Մոսկուա-Անգարա այս նոր իրավիճակը, կա՞մ անցողակի երեւոյթներ են։ Դուք բազմիցս նշած էք, թէ Էրտողան կառչած պիտի մնայ Մոսկուային եւ այդ յարաբերութիւնը պիտի շարունակուի։

 

Թուրքիոյ օրակարգի առաջին նիւթը, վերջին շաբթուան ընթացքին Ռուսիոյ հետ, Էրտողանի յարաբերութիւններն են։ Աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար, գլխաւոր նիւթը՝ Շուէտի, ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալու, Թուրքիոյ համաձայնութեան լուրն է։ Մէկ տարիէ ի վեր Էրտողան կ’ըսէր, թէ Շուէտը Թուրքիոյ վրայ ահաբեկչութիւն գործող խմբաւորումներու «տուն»ն է եւ անոնք հոն ազատօրէն կը շարժին, հետեւաբար չէր ընդուներ, որ Շուէտը ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնայ։ ՆԱԹՕ-ի վերջին գագաթնաժողովէն երկու օր առաջ լսեցինք, որ Էրտողանը արտօնութիւն տուած է, որ Շուէտն ընդգրկուի ՆԱԹՕ-ի երկիրներու «ակումբ»ին մէջ։ Ներկայիս Էրտողան ստիպուած է արեւմտեան երկիրներուն հետ մօտիկութիւն ցուցաբերել, որովհետեւ տնտեսական տագնապը խիստ է Թուրքիոյ մէջ եւ ան պէտք ունի արեւմուտքին երկրի տնտեսութիւնը բարելաւելու համար։ Քանի մը օր առաջ Ուքրանիոյ վարչապետ՝ Զելենսկին եկած էր Պոլիս։ Ան մօտ երեք ժամ տեւող հանդիպում ունեցաւ Էրտողանի հետ։ Զելենսկի այստեղէն Ուքրանիա վերադարձաւ Թուրքիոյ բանակի կարգ մը հրամանատարներու հետ միասին։ Նոյն օրը Էրտողան յայտարարեց, , թէ Ուքրանիան պէտք է ՆԱԹՕ-ի անդամ ըլլայ։ Եթէ Ռուսիա դժուարին վիճակի մէջ չգտնուէր, Փութին Էրտողանի այս ըրածին շատ հաշտ աչքով չէր նայէր, բայց ան կարծէք ստիպուած էր հանդարտ ձեւով ընդունիլ Զելենսկի – Էրտողան հանդիպումը եւ Էրտողանին կատարած յայտարարութիւնը։ Էրտողան անդրադարձաւ, որ կրնայ հանգիստ շարժիլ, քանի որ Ռուսիա տագնապի մէջ է։ Փութին «Թուղթէ առիւծ» դուրս եկաւ։

 

Այս բոլորին ներքեւ, Էրտողան շատ արագ սլաք մը արձակեց, որ թէեւ Արցախի ուղղութեամբ էր, բայց թիրախը կարծէք Մոսկուան էր։ Ան ըսաւ. «2025-ին ռուսերը անպայման պէտք է հեռանան, մենք կը հաւատանք ատոր»։ Կարծէք նկատելով, որ Փութինի արձագանգը մեղմ է, Էրտողան սկսաւ չափը աւելցնել։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։

 

Այո, Էրտողանին ոճը այս է։ Երբ ան տեսնէ, որ իր բարեկամը կամ թշնամին դժուար վիճակի մէջ է, առաւելագոյն շահ փորձել ապահովելու համար աւելի շատ քայլեր կը նետէ։ Այս եղածը աւելի շատ Հայաստանը եւ Արցախը պէտք է մտահոգէ։ Այո, ռուս խաղաղապահները մեծ գործ մը չեն ընէր, բայց եթէ ամբողջովին քաշուին այդտեղէն ինչ պիտի ըլլայ կացութիւնը, բնաւ չենք գիտեր։ Ես Հայաստան չեմ ապրիր, չեմ կրնար այս մէկը լաւ ձեւով մեկնաբանել, սակայն յայտնի է, որ եթէ Փութինը Ուքրանիոյ խնդիրէն «չփրկուի», լաւ ապագայ մը չսպասէր անոր։ Գիտենք, որ Հայաստանի հարցերէն մաս մըն ալ կապուած է Ռուսիա-Ուքրանիա խնդիրներուն հետ։ Ռուսիան քանի, որ հիմա դժուարութեան մէջ է, Արցախի հետ առնչուող խնդիրները բոլորովին մոռցած է։ Հայաստանը պէտք է մտածէ, թէ ինչ կրնայ ընել, եթէ ռուս խաղաղապահները ամբողջովին քաշուին։ Պէտք է գիտնանք, որ Էրտողանի եւ Ալիեւի նպատակները նոյնն են։ Էրտողանի ամէնէն լաւ բարեկամը Ալիեւն է։

 

Շատ վերլուծաբաններ կ’ըսեն, թէ Էրտողան ձրի բան մը չի տար, այսինքն՝ Շուէտի հանդէպ իր կեցուածքը, Ազոֆի հրամանատարները Ուքրանիոյ յանձնելը եւ այլ հարցեր «ձրի» կերպով չըրաւ։ Ի վերջոյ ինք ի՞նչ պիտի ստանայ, միայն F16-ի կամ F-35-ի հարցը չէ։ Օրինակ, այսօր պիտի բացուի Սուրիա – Թուրքիա միջանցքը՝ ճանապարհը, որ «Պապ ալ հաուա» կը կոչուի, որ երկար ժամանակէ ի վեր փակ էր։ Այնտեղ այս երկու թշնամի պետութիւնները սկսան գործակցիլ։ Հոն արդեօք Էրտողան բան մը ունի՞ ստանալիք քիւրտերու դէմ։ Ձեր մամուլը ի՞նչ կը գրէ այդ մասին։

 

Ասիկա նոր՝ թարմ զարգացում է, նոր լուր է։ Կատակի համար պատմութիւն մը պատմեմ՝ չինական յեղափոխութենէն ետք, Մաոյի ամէնէն մօտ ընկերոջ՝ Չուէլլային կը հարցնեն, որ ֆրանսական յեղափոխութիւնը ինչպէս կը մեկնաբանէ։ Ան ալ կ’ըսէ, որ դեռ կանուխ է մեկնաբանելու համար։ Անշուշտ բան մը պիտի ստանայ։ Իբրեւ առաջին շահ, կրնանք ըսել, որ Շուէտի հանդէպ որոշումով, ան կրցաւ քիչ մը մօտենալ Միացեալ Նահանգներուն։ Սուրիոյ հետ առնչուած խնդիրը Փութինի հետ կապուած է, քանի որ մինչեւ հիմա Ամերիկայի, Փութինի եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնութիւն մը կար։ Թուրքիան այդ համաձայնութիւնը «աւրել» կ’ուզէր, բայց կը վախնար Փութինէն եւ Ամերիկայէն։ Հիմա, որ կրցաւ քիչ մը մօտենալ Ամերիկային, քանի որ Փութինը վատ վիճակի մէջ է, ինչպէս ըսիք ի շահ Թուրքիոյ կարգ մը զարգացումներ կրնանք սպասել։

 

Հայ քաղաքական մտքի մէկ հատուածը տարիներէ ի վեր կը հաւատայ, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան միշտ պէտք է թշնամի ըլլան, որպէսզի այդ թշնամութենէն մենք օգտուինք։ Այս ձեւաչափը, սակայն, կարծէք հիմա սպառած է, աշխատող չէ։ Ինչպէս դուք ըսիք քիչ առաջ, որ Փութինը «թուղթէ առիւծ»ի վերածուեցաւ։ Հիմա ի՞նչ ակնկալենք։ Այս երկիրներու «սիրաբանութիւնը» մեր տունը քանդեց։ Մենք 5000 զոհ ունեցանք, Արցախէն որոշ մաս մը կորսնցուցինք, ծանր պատերազմի մէջ մտանք, պատերազմեցանք ոչ միայն Ատրպէյճանի դէմ, այլեւ այդ մատոյցներուն ետին կանգնող՝ Ռուսաստանին եւ Թուրքիոյ դէմ։ Ռուս-թրքական յարաբերութեան լոյսին տակ, մենք ո՞ւր ենք։

 

Դժուար հարցում մըն է, քանի որ Թուրք-ռուսական յարաբերութիւնը 500 տարուայ պատմութիւն ունի՝ Ստալինի շրջանը կայ, Պրէժնեւի շրջանը կայ, հիմա ալ Փութինի շրջանն է։ Փութինի շրջանը նուրբ շրջան մըն է, քանի որ Փութին ու Էրտողանը իրար գտան եւ անոնք նոյն կերպով կառավարող երկու նախագահներ են։ Էրտողանէն կամ Փութինէն ետք, այս յարաբերութիւնը պիտի փոխուի՞։ Բարեկամ պիտի շարունակե՞ն մնալ կամ ոչ, այդ մէկը կանխատեսելը շատ դժուար է, բայց տեսանք թէ ինչպէս ռուս-թրքական յարաբերութիւնները Հայաստանի ուղղութեամբ որքան վտանգ ստեղծեցին։ Ասիկա պէտք է հասկնալ՝ Փութինը ըլլայ կամ չըլլայ, Էրտողանը ըլլայ կամ չըլլայ, Ռուսիոյ համար՝ Թուրքիան աւելի կարեւոր երկիր մըն է, քան թէ Հայաստանը, քանի որ ան Թուրքիայէն մեծ շահեր ունի։ Այս իրականութիւնը պէտք է ընդունինք։ Հայաստան ներկայիս կը փորձէ արեւմտեան աշխարհին հետ լաւ յարաբերութիւն մշակել, սակայն այս գործը դժուար պիտի յառաջանայ, քանի որ արեւմտեան աշխարհը Կովկասի մէջ չէ։ Կովկասի մէջ կան Ռուսիան, Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան։ Բայց Հայաստանը ինչ որ պիտի շահի, արեւմտեան աշխարհի հետ լաւ յարաբերութիւն մշակելով է, որ պիտի ըլլայ, քանի որ Ռուսիայէն շատ բան կարելի չէ սպասել։

 

 Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի