Է. Շարմազանով. «Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը պիտի կայանայ դեկտեմբերի սկիզբը»

Յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը պիտի կայանայ: Այդ մասին Չորեքշաբթի՝ 18 Նոյեմբերի երեկոյեան ՀՀԿ Գերագոյն Մարմնի նիստէն ետք լրագրողներուն յայտարարեց Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ, ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով:

«Երկու նախագահների հանդիպումը հաւանաբար կը կայանայ Դեկտեմբերի սկզբին», -աւելցուց խօսնակը` ընդգծելով, որ հայկական կողմը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման բանակցային գործընթացի կողմնակիցն է:

Ան նաեւ ըսաւ, որ երկու նախագահներու հանդիպման վայրի վերաբերեալ տեղեկութիւն սահմանուած կարգով կը հրապարակէ նախագահի լրատուական ծառայութիւնը: