Վերափոխման Ս. Աստուածածնի տօնը. Տիրամօր այս աշխարհէն մեկնիլն ու իր մարմինով երկինք վերափոխուելու յիշատակն է:
Այս տօնը Աստուածածնի նուիրուած միւս տօներէն գլխաւորն ու հնագոյնն է եւ ունի շաբաթապահք, նաւակատիք ու մեռելոց: Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին Ս. Պատարագի աւարտին կը կատարուի խաղողօրհնէք: Քրիստոս իրեն կը համեմատէր խաղողի որթատունկի հետ, խաղողէն կը պատրաստուի նաեւ Ս. հաղորդութեան գինին, որպէս Քրիստոսի փրկարար արեան խորհրդանիշ:
Կիրակի Օգոստոս 13, 2023-ին: «Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի» տօնի առթիւ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատոյց Թեմիս Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյս սարկաւագներն ու դպիրները: Երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ՝բարշ. Շահէ Սրկ. Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի:
Պատարագիչ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան, իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն, եւ մաղթեց Ս. Մարիամ Աստուածածնի բարեխօսութեամբ կատարուին բոլորի իղձերուն ու յաղթահարուի կեանքի փորձութիւնները:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ի ներկայութեան հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ «Խաղողօրհնէք»ի արարողութիւնը: Կազմակերպութեամբ Ծխական Խորհուրդի եւ եկեղեցւոյս ժրաջան Տիկնանց Միութեան անդամուհիներուն, տեղի ունեցաւ խորովածի սպասարկութեան եւ հայկական շուկայի (Armenian Market)-ի վաճառք:
Վարձքը կատար բոլորին: