«Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութիւնը խստացուցած է անվտանգութեան քայլերը, այսուհետեւ կը զննուին նաեւ ուղեւորներուն կօշիկները: Այս մասին Tert.am –ին յայտնած է «Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան մամուլի խօսնակ Գէորգ Աբրահամեանը:
«Աւելի խստացուած միջոցառումներ են նախատեսուած ե՛ւ աշխատակիցների ե՛ւ ուղեբեռների զննութեան առումով: Ամէն ինչի նկատմամբ օդանաւակայանի անվտանգութեան ծառայութիւնն աւելի ուշադիր, աւելի աչալուրջ է լինելու»,- ըսած է Գէորգ Աբրահամեանը:
Յիշեցնենք, որ Փարիզի ահաբեկչութենէն ետք եւրոպական բոլոր երկիրները որպէս ահաբեկչութեան հիմնական սպառնալիք եւ մարտահրաւէր, յայտարարեցին խստացուած կարգով սպասարկման մասին:
Ընկերութեան մամուլի խօսնակը նկատած է, որ «Զուարթնոց»-ը յագեցած է միջազգային չափանիշներուն համապատասխան արհեստագիտական միջոցներով: