Անթիւ ու անհամար հարցումներու թնճուկին մէջէն, անմեղ հարցում մը գլուխը կը ցցէ «ԻՆՉՈՒ՞»… Անմեղ թուացող այս փոքրիկ բառը, իսկութեան մէջ անտակ, մութ ու ահալից խոր վիրապի մը դուռը կը թակէ. ինչո՞ւ:
Պատերազմները յաճախ երկկողմանի դադարներ կ՛ունենան, կորսըւածն ու շահուածը ծանր ու թեթեւ ընելու, շունչ մը քաշելու եւ յաջորդ փուլին պատրաստուելու համար: Սուրիոյ հնգամեայ պատերազմը դադար չունեցաւ, որ մարդիկ շուրջերնին նային ու հաշուեյարդարի ենթարկեն եղածը եւ փորձեն պատասխան գտնել հարցումներու տարափի մը, որոնց գլխուն կան «ինչու՞, ինչպէ՞ս, ե՞րբ, քանի՞, ո՞ր, որու՞, որմէ՞…» հարցականները:
Անշուշտ այս հարցումները պատերազմի ընթացքին ամէն օր, ամէն ժամ թռչկոտեցան օդին մէջ, երբեմն սուրացին, երբեմն զիրար խաչաձեւեցին, երբեմն բարձրաձայնուեցան, երբեմն շշուկով արտաբերուեցան, սակայն պատասխան չգտան: Ենթադրութիւններու վրայ հիմնըւած պատասխաններ լեցուցին միջոցը, սակայն գոհացուցիչ ու սպառիչ պատասխան չունեցան անոնք, քանի որ… քանի որ… պատասխան չկայ:
Մէկ կողմ ձգենք անդադար կրկնուելէն մաշած հարցումներն ու մէկ հարց տանք. «Ո՞վ, ի՞նչ շահեցաւ Սուրիան քանդելէն»:
Սուրիոյ նման բաց երկինքի տակ թանգարան մը քանդելէն. Սուրիոյ նման խաղաղ ու բարգաւաճ երկիր մը աւերակի վերածելէն. բազմազգեան ու բազմակրօն, համերաշխութեամբ գոյակցող ժողովուրդ մը տարտղնելէն ու մահուան դուռը տանելէն. ո՞վ, ի՞նչ շահեցաւ:
Ան, որ Սուրիոյ մէջ չէ ապրած, չի կրնար Սուրիոյ երկրի իսկութիւնը գիտնալ: Անցեալ դարակիսուն, երբ արաբական շատ մը երկիրներ տգիտութեան մէջ կը լողային եւ Ծոցի երկիրներու տեղացի բնակիչները անվարտի էին ու մարախներով կը սնանէին, Սուրիան զարգացած երկիր էր. ան ՄԱԿ-ի հիմնադիրներէն մին էր, արաբական աշխարհի մէջ կնոջ քուէարկելու իրաւունք տուող առաջին երկիրը, երբ այսօր այդ օրերէն եօթանասուն տարի ետք, Սէուտական Արաբիոյ մէջ կիները զրկուած կը մնան շատ մը իրաւունքներէ, նոյնիսկ ինքնաշարժ վարելէ:
Սուրիոյ մէջ ֆրանսական մանդատի (հոգատարութիւն) օրերուն, երբ քրիստոնեայ վարչապետ Ֆարէս Խուրիին կ՛ըսեն, որ Ֆրանսան եկած է Սուրիոյ Քրիստոնեաները պաշտպանելու, Ֆարէս Խուրին մըզկիթ երթալով, մանպար (Ամպիոն) կը բարձրանայ ու կ՛ըսէ. «Եթէ Ֆրանսան Սուրիա մտած է քրիստոնեաները պաշտպանելու, ահա՛ ես այս ամպիոնէն կը գոչեմ «Լա Իլահա Իլլա Ալլահ»… Աղօթքի եկած իսլամները զինք ուսամբարձ կը տանին Դամասկոսի փողոցներով…
Ահա՛ այսպէս եղած է Սուրիոյ մէջ համերաշխ գոյակցութիւնը: Ինչու՞ կ՛ուզեն որոմ ցանել ու քանդել այս գեղեցիկ երկիրն ու անոր օրինակելի կենսաձեւը: Խօսքս երկիրի մը քանդումին մասին է. ընդդիմութիւն եւ ընդդիմադիրներ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ալ կան եւ պէտք է ըլլան, ատիկա իր դրական ազդեցութիւնը ունի, եթէ ի շահ երկրին է, սակայն ծրագրուած քանդու՞մ:
Ո՞վ, ի՞նչ շահեցաւ… Պատասխան կա՞յ: