Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ “Armenian Mirror Spectator” թերթի, ինչպէս նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Ամերիկայի եւ Գանատայի վարիչ տնօրէն՝ Արամ Արքուն։
Պրն. Արքուն, Արցախի պաշարումը առկայ է ութ ամիսէ ի վեր։ Ունինք դժբախտութիւններ, սովամահութիւն եւ ընդհանուր յուսահատական պատկեր, բայց պիտի պայքարինք վստահօրէն։
Միւս կողմէ Արցախեան խնդրին նուիրուած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի առաջին նիստը արդէն մեր ետին է։ Առհասարակ Արեւելեան Ամերիկայի պրիսմակէն դիտուած ի՞նչ են ակնկալիքները։
Տրամադրութիւնները կարծէք անվստահութեան ուղղուածութիւն ունին, քանի որ մինչեւ հիմա, միջազգային հարթակներու վրայ, Ատրպէյճանը յանդիմանելու, շրջափակումը վերացնելու լաւ խօսքեր եւ խոստումներ միայն կը լսենք, բայց գործնական որեւէ քայլ դեռ չենք տեսած։ ՄԱԿ-ին դիմելը լաւ նշան մըն է, որ գոնէ Արցախի հարցը լսուեցաւ այդ բարձր հարթակէն։ Բայց պէտք է յիշենք, որ այս Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ տասնհինգ անդամ կայ։ Հինգ մնայուն անդամներէն մէկը Ռուսաստանն է, եւ կրնայ ըլլալ, որ զանազան պատճառներով, գործնական քայլ առնելը արգիլէ։ Վստահ, որ դիւանագիտական առումով Հայաստանը նախապէս պատրաստութիւն տեսած է, որպէսզի յաջողութեան սկիզբի մը հիմքը դրուի։ Կ’ենթադրենք, որ առնուազն յայտարարութիւն մը պիտի տրուի, բայց չենք գիտեր եթէ այդ պիտի ունենայ որեւէ ստիպողական՝ գործադրական բաժին։
Դուք Միացեալ Նահանգներէն՝ Պոսթընէն կը խօսիք, եւ այսօր տխուր իրականութիւն մը կայ, քանի որ Ռուսաստանը՝ աւելի քան իր 70-80 տարուայ դաշնակիցը՝ Հայաստանը անտէր թողած է։ Աշխարհը նաեւ կը դիտարկէ այդ մէկը։ Մինչ այդ ԱՄՆ կ’ուզէ առիթը չփախցնել եւ նեցուկ կանգնիլ Հայաստանին։ Իրական պատկերը ի՞նչ է։ Ի՞նչ են շահերու յարաբերակցութիւնները։ Ձեր կարծիքով, Ռուսաստանի կողմէ ինչո՞ւ այս փորձերը կը կատարուին, եւ դուք ալ ըսիք, որ Ռուսաստանը յանկարծ կրնայ «վէթօ» դնել եւ այս թեման փակել։ Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այս բոլորը։
Ինչպէս նախապէս ըսի, ԱՄՆ-ի կոչերը թուղթի վրայ մնացին, այսինքն՝ գործնական քայլեր չառնուեցան։ Այո, դրական է, որ բանակցութեան փորձեր եղան, սակայն գործնական որեւէ բան տեղի չունեցաւ։ Դժբախտաբար, չեմ կարծեր, որ մեր՝ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնն ալ կրնայ կամ ի վիճակի է աւելի մեծ ձեւով միջամտելու հարցին։ Խնդիրը այն է, որ Ամերիկան կ’ուզէ Ռուսաստանը դուրս մղել շրջանէն, եւ դէպի Ուքրանիա ուղարկած իր օգնութիւնը նաեւ այդ նպատակով է։ Բայց միւս կողմէ, մենք կը հասկնանք, որ Ամերիկայի ամենամօտիկ դաշնակիցները Թուրքիան եւ Ատրպէյճանն են։ Հայաստանը նոյնիսկ եթէ ամբողջապէս արեւմուտքի կողմը անցնի, ցանկին վրայ ամէնէն վերջին տեղը պիտի գրաւէ, քանի որ Թուրքիան շատ աւելի ազդեցութիւն պիտի ունենայ, նոյնպէս Ատրպէյճանը՝ իր քարիւղի եւ կազի ներուժով։ Պէտք է իրատես ըլլանք։ Նոյնն ալ կրնանք ըսել Ռուսաստանի պարագային։ Հայաստանը կամ Արցախը, իբր դաշնակից կամ իբր կարեւոր երկիր, շատ բարձր տեղ չեն գրաւեր անոր համար։ Ուրեմն իրատեսական չէ սպասելը, որ Ամերիկայի կամ ՆԱԹՕ-ի օգնութեամբ լրիւ պիտի կարենանք ձերբազատիլ այս կացութենէն։ Որոշ չափով՝ այո, կրնանք օգտուիլ Ամերիկայէն, բայց սահմաններ կան։ Նոյնպէս Ռուսաստանը, իր աւանդական դերը չկրցաւ շարունակել, աւելի մեծ քաղաքական շահերու պատճառով։ Ուքրանիոյ պատերազմը զինք տկարացուց եւ ան ստիպուեցաւ տնտեսական առումով յենիլ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ, հետեւաբար չի կրնար այդ շահերը զոհել Հայաստանի համար։ Մենք բարեկամ չունինք, այլ քաղաքական շահեր կան եւ Հայաստանի տալիքը այնքան մեծ չէ, թէ՛ Ռուսաստանին եւ թէ՛ Ամերիկային։ Այդ պատճառով ալ այսօր շատ դժուարին վիճակի մէջ ենք։
Եթէ սեպենք, որ մենք չկրցանք որեւէ բան քաղել այս եղածէն, մեր յաջորդ քայլը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Ատրպէյճանը, զէնքի ուժով չկարենալով իր նպատակին հասնիլ, կ’ուզէ արցախահայութեան վրայ օղակը սեղմելով խեղդամահ ընել, սովամահ ընել եւ ի վերջոյ Արցախը հայաթափել։
Այո, շատ դժուար վիճակ է, մեր ձեռքը շատ քարտեր չմնացին։ Միակ բանը, որ կրնանք ընել, կրնանք փորձել միջազգային՝ ըլլայ ռուսական, ըլլայ եւրոպական, ըլլայ ամերիկեան միջամտութիւնը ապահովել, գոնէ շրջափակումը կոտրել։ Պատերազմը կորսնցնելէն յետոյ ա՛լ ետ նայելու պէտք չկայ։ Դժուար վիճակի մէջ ենք։ Յոյսը այն է, որ դիւանագիտական միջոցներով ճնշումներ բանեցնենք, որպէսզի փրկենք արցախահայութիւնը, ինչ ձեւով ալ ըլլայ՝ ըլլայ օդային ճանապարհով, ըլլայ՝ ցամաքային։ Հիմա դանակը ոսկորին հասած է, եւ արագ պէտք է շարժինք, քանի որ վիճակը օրէ օր աւելի վատ կը դառնայ։
Սփիւռքի մէջ որոշակի նոր շարժում սկսաւ, այն իմաստով, որ նոյնիսկ բարձր մակարդակի Արցախցի պատասխանատուներ մեղադրեցին Սփիւռքը, որ լուռ է։ Մենք կը տեսնենք, որ Լոս Անճըլըսի մէջ ցոյցեր տեղի կ’ունեան, նաեւ Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնին առջեւ մեծ ցոյցեր եղան։ Այս քայլերը յուսադրի՞չ են, թէ սովորական ալիք է, որ կու գայ ու կ’երթայ։ Ի՞նչ դասեր քաղել այս բոլորէն։
Պէտք է հասկնանք, որ Սփիւռքին մեծ մասը շուարած է, չի գիտեր ինչ պիտի ընէ, քանի որ 2020 թուականի պարտութեան հարուածը եթէ որոշ չափով մարսուեցաւ Հայաստանի մէջ, Սփիւռքի մէջ շատ դժուար եղաւ դէմ առ դէմ գալը, ընդունիլը։ Ինչպէս Հայաստանի մէջ, մեր մէջն ալ պառակտումը մեծ է։ Ժողովուրդին մէկ մասը Հայաստանի ղեկավարութիւնը «դաւաճան» կ’որակէ, եւ կ’ըսէ, թէ ան «դաւաճանած» է հայ ժողովուրդի շահերը, միւս մասը՝ հակառակը, կը հաւատայ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ճիշդ կ’ընէ, թէ ճնշման տակ ուրիշ բան չի կրնար ընել։ Երբ պատերազմը կորսնցուցինք եւ Արցախի մեծ մասը Ատրպէյճանին ձեռքը ինկաւ, նուիրատուները, որոնք օգնած էին, որ Արցախի հողին վրայ հաստատութիւններ հիմնուին կամ ծրագիրներ մշակուին, անոնք քիչ մը շշմեցան։ Շատեր սկսան մտածել աւելի Հայաստանի վրայ կեդրոնանալու մասին։ Յետոյ, տեսնելով, որ Հայաստանի հողերն ալ կամաց-կամաց կը գրաւուին, այդ ալ շատ մտահոգեց զիրենք։ Թէ ինչ պէտք է ընենք, շատ դժուար է պատասխանելը։ Մեր քաղաքական ուժերը նոյնպէս պառակտուած վիճակի մէջ են։ Ուրեմն կը կարծեմ, որ ատիկա մղիչ ազդակ մըն է, եւ այդ պատճառով է, որ ցոյցեր կը տեսնենք, քանի որ մարդիկ կ’ուզեն բան մը ընել, օգտակար դառնալ։ Ցոյց եթէ պիտի ընենք, պէտք է գիտնանք, թէ ուր պէտք է ընենք։ ՄԱԿ-ին առջեւ ընելը շատ լաւ է։ Քալիֆորնիոյ մէջ ընելը լաւ է, քանի որ մեծ թիւ կարելի է հաւաքել եւ ձայնը լսելի դարձնել։ Իսկ հայութեան փոքր թիւ ունեցող շրջաններուն մէջ թիրախները պէտք է որոշուին։ Պետութիւնները պէտք է կերպով մը շարժենք։ Դժուար բան է, սակայն յոյս ունիմ, որ կացութիւնը մօտ ատենէն կը փոխուի։
Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի