Ռիչըրտ Միլս. «Մենք կը խրախուսենք, որ ամերիկացիները ՀՀ բոլոր ոլորտները դիտարկեն ներդրումներու համար»

Տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-ամերիկեան միջկառավարական աշխատանքային խումբի հերթական նիստի ծիրէն ներս ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ-ի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ շատ կարեւոր է այս երկկողմ հանդիպումը, քանի որ աւելի լայն համապատկերի մէջ կարելի է քննարկել հարցը` ինչպէս կրնայ ԱՄՆ-ն աջակցիլ ՀՀ-ի տնտեսական աճին ու զարգացման:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Ռիչըրտ Միլս ըսած է, որ պիտի քննարկուին այնպիսի հարցեր, ինչպէս Հայաստանի ռազմավարութիւնը իր ուժանիւթային անվտանգութեան առումով, ջրային միջոցներու կառավարման հարցերը: Նաեւ` ինչ հնարաւոր է ընել` աջակցելու ՀՀ կառավարութեան եւ ժողովուրդին կաշառակերութեան չարիքի դէմ պայքարելու հարցով:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ օրակարգին մէջ ներառուած է նաեւ կրկնակի հարկման համաձայնագիրի մասին հարցը, եւ իր կարծիքով` ատիկա ինչպէ՞ս կրնայ ազդել ՀՀ տնտեսութեան վրայ, դեսպանը պատասխանած է, որ համաձայնագիրի կնքման անհրաժեշտութեան եւ նպատակայարմարութեան հարցը պիտի քննարկուի նիստին:

«Մենք մեր հայ գործընկերներու հետ քննութեան պիտի առնենք այդ հարցը, պիտի որոշենք` արդեօք պէտք է այդ ուղղութեամբ շարժինք: Այս հարցով դեռ որոշում չունինք»,- ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ ամերիկացի գործարարները Հայաստանի մէջ որ ոլորտներուն մէջ պիտի ուզէին ներդրումներ ընել` հաշուի առնելով փոքր շուկան, Ռիչըրտ Միլս ըսած է. «Մենք կը խրախուսենք, որպէսզի ամերիկացիները այստեղ դիտարկեն բոլոր ոլորտները: Ամերիկացիներու համար առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ոլորտը, մենք նաեւ այստեղ կ՝աջակցինք գիւղատնտեսութեան ոլորտին, քանի որ ատիկա կը համարենք տնտեսութեան աճի շարժիչ ուժերէն մէկը»:

Դեսպանը ընդգծած է, որ այս հարցերը եւս այսօր ներառուած են օրակարգի մէջ, բացի այդ, ուշադրութեան կեդրոնին է նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտը:

«Այս պահուն դեռ շատ բան չեմ կրնար ըսել, բայց վաղը կը մեկնարկենք ծրագիր մը, որուն ուղղուածութիւնը գիւղական բնակավայրերու մէջ զբօսաշրջութեան զարգացումն է»,- ըսած է ան: