Ճազի երեկոյ – Արտէն Արաբեան եւ իր եռեակը

Մշակութային զանազանութիւն Թէքէեան կեդրոնէն ներս

Նոյեմբեր 21ի երեկոյեան Թէքէեան կեդրոնը իր զարդարումով, պսպղուն մոմերով, խորհրդաւոր լուսաւորութեամբ եւ սրճարանի մը նման հանգստաւէտ բազկաթոռներով զարդարուած, պատրաստ էր ներկայ ստուար հասարակութեան յաջող Ճազի երեկոյ մը հրամցնելու:

Հանրածանօթ Ճազի երաժշտական մեկնաբան եւ յօրինող Արտէն Արաբեանն էր որ իր հետ ընկերակցող երկու երաժիշտներու հետ երեկոյեան երաժշտական բաժինը պիտի ներկայացնէր:

Եռեակը կը կազմէին՝

Olivier Hébert  (contrebasse), Arden Arapyan (piano), Frank Palacios (flute & percussion)

Արտէնը իր բարձր կատարողականութեամբ ու իր բացատրականներու վարպետ հաղորդականութեամբ կրցաւ ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւել իր 3 մէկ ժամեայ ելոյթներով: Հանդիսատեսը իր խմիչքով, թեթեւ համադամներով եւ իրեն ծանօթներու շրջապատով, մեծ խանդավառութեամբ ըմբոշխնեց հրամցուած ճազային ներկայացումները:

Իւրաքանչիւր երգ, դաշնաւորում եւ յօրինում առատ ծափահարութիւններով է որ կ’ընդունուէր: Մինչ Արտէնի խտասալիկները կը սպառէին, ներկաները երաժշտութեամբ ընկալուած չէին անդրադառնար թէ ժամերը կը սահէին ու արդէն կէս գիշերը անց էր:

Ժողովուրդը մեկնեցաւ մեծ գոհունակութեամբ, բարձր մակարդակի երաժշտական ներկայացման մը ներկայ գտնուելու վայելքով:

Թղթակից

Photo credit: Kevork Torosian