«Այլոց բերած խաղաղութիւնը նոր պատերազմի նախապատրաստութիւն է». Կիմ Գաբրիէլեան

Արցախի պաշարումը կը շարունակուի, մարդասիրական իրադրութիւնը բարդ է եւ ստեղծուած տագնապը հատած է ընդուելիի բոլոր «կարմիր գիծեր»ը։ Իրավիճակին մասին «ԱՊԱԳԱՅ»ի ընթերցողներուն աւելի յստակ պատկեր մը տալու նպատակով օրերս հեռավար կապով զրուցեցի  արցախցի լրագրող Կիմ Գաբրիէլեանին հետ։  Ստորեւ՝ հարցազրոյցը։

 

 

 

-Արցախի ճգնաժամը կը շարունակուի: Շատ պիտի խնդրէինք հակիրճ տողերու մէջ ներկայացնէք ընդհանուր դրութիւնը։ Ի վերջոյ այսօր արցախցի ժողովուրդը յայտնուած է մահ ու կենաց իրավիճակի մը առաջ, եւ այս առումով որո՞նք են հիմնական մարտահրաւէրները։

 

Արցախի ներկայ կացութիւնը դժուար է հակիրճ տողերու մէջ դիտարկել. իրավիճակն օրըստօրէ կը փոխուի աւելի խորացնելով ճգնաժամը: Իսկ այսպէս երկար չի կրնար շարունակուիլ, որովհետեւ նիւթական եւ հոգեւոր պաշարներն անվերջ չեն, անոնք որոշակի պահ մը պիտի հասնին բացարձակ զրոյական աստիճանի: Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պէտք է յարաճուն պատասխանատուութեամբ վերաբերուին Արցախի փրկութեան, ինչպէս եղած է նախորդ դարավերջին: Մենք, ի վերջոյ,  առասպելական գօտեմարտիկներ չենք, եւ կարելի չէ պարզապէս կողքէն նայիլ ու հիանալ մեր մարմնական ու հոգեկան տոկունութեան վրայ: Ստեփանակերտցիի տուայտանքը պէտք է փոխանցուի ու տարածուի Երեւան, Լոս Անճըլըս, Փարիզ, Պէյրութ, Կրասնոտար բնակող հայերու սրտին մէջ: Մէկ հայրենիքի գաղափարը գեղեցիկ բառախաղ չէ, այնտեղ ներառուած են հազարաւոր նահատակներու անկատար երազանքները. արդեօ՞ք մենք իրաւունք ունինք հրաժարելու զանոնք իրականացնելու սուրբ առաքելութենէն:

Արդի մարտահրաւէրները, կը կարծեմ, պէտք է վերը ըսուածի տրամաբանութեան մէջ գնահատել:

 

– Վերջին ժամանակներուն Արցախի մէջ տեղի կ’ունենան յաճախ անհասկնալի զարգացումներ. Խօսքը ի մասնաւորի ներքին իրավիճակին մասին է, ինչո՞ւ այս լարումները եւ ի վերջոյ այս բոլորը ինչի կարող են յանգեցնել։

 

Թող ներուի համեմատութեան համար, բայց այդ «անհասկնալի զարգացումները» որոշ առումով կը յիշեցնեն իրավիճակ մը, երբ ծանր հիւանդի սնարին մօտ հաւաքուած ազգականները փոխանակ մտահոգուած ըլլալու հիւանդի առողջութեամբ, կը վիճին անոր ժառանգութեան տիրանալու իրաւասութեան շուրջ:

Ես կուսակցական/քաղաքական գործիչ չեմ, չունիմ գաղափարական ընդգծուած յենակէտեր, բայց որպէս գրող, հասարակական գործիչ, այս ամէնուն մէջ իրական վտանգներ կը տեսնեմ: Արցախի մէջ առնուազն երեք գաղափարական բեւեռ կայ, որոնք իրարմէ տարբեր մօտեցումներ ունին երկիրը կործանումէն փրկելու հարցով: Թերեւս կարելի է անոր անմիջական հետեւանքը համարել, որ երեք տարուան ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան մէջ երեք պետական նախարար փոխուած է, մէկ Ազգային Ժողովի նախագահ, իսկ նախարարներու ու պետական այլ կառոյցներու ղեկավարներու փոփոխութիւնները այս պահուն կը դժուարանամ նոյնիսկ ստոյգ հաշուելու:

Անկեղծ ըսեմ, մարդիկ յոգնած են սրտառուչ շաղակրատանքներէ, անոնք բանական դատողութեամբ կատարուած առաջարկներու ու լուծումներու կը սպասեն: Խնդիրը հասած է այն բանին, որ ոմանք կը փորձեն շրջանառութեան մէջ դնել բնակչութեան խոցելի հատուածը տարհանելու տարբերակը՝ առանց քննարկելու անոր վտանգները: Անկանխատեսելի զարգացումներու պարագային, անշուշտ, բոլոր տարբերակներն ալ կրնան հրատապ դառնալ, բայց ինչ որ ալ ըլլան, հնարաւոր վտանգները, զանոնք շրջանցելու հնարաւորութիւնները պէտք է մանրազննին քննարկուին ու համընդունուին: Ճակատագրական պահուն մէկ հոգիի կամ մէկ քաղաքական ուժի ընդունած որոշումը հրամայականութիւն չի կրնար ունենալ, քաղաքական դաշտի փոխհամաձայնութիւնն անհրաժեշտ է:

 

-Մեզմէ շատերուն համար անհասկնալի կը շարունակէ մնալ Ռուբէն Վարդանեան «երեւոյթ»ը. այս առումով ի՞նչ կը մտածէք։

 

-Պարոն Վարդանեանի անձին ծանօթ չեմ, անոր գործունէութեան մասին տեղեակ եմ միայն տեղեկատուական հոսքերէն: Չեմ կրնար գնահատել անոր «երեւոյթը» բայց կ’ողջունեմ ցանկացած հայու արցախանպաստ ջանքերը, յատկապէս, եթէ ան կ’ապրի այստեղ եւ իմ հետ կը կիսուի պաշարման փորձութիւնները:

 -Մեր պատմութեան ընթացքին յաճախ եղած են դէպքեր, երբ արտաքին թշնամին կարողացած է ամուր բերդը «ներսէն» գրաւել: Այսօր այդ վտանգը կա՞յ։

 

-Այսօր դարձեալ արտաքին թշնամին խուժած է այդ բերդէն ներս: Հադրութի, Շուշիի, հայկական բազմաթիւ գիւղերու բռնազաւթման փաստն ինքնին զգուշացնող ուղերձ է, որ վտանգուած է Արցախի մնացեալ հատուածը եւս: Միայն մարդասիրական բեռներու ներկրման արգելափակումը չէ՝ սահմանամերձ բնակավայրերու յաճախակի գնդակոծումը, գիւղատնտեսական աշխատանքներու կատարումը խոչընդոտելը, մարդոց առեւանգելը, տեղեկատուական ահաբեկչութիւնը նոյնպէս սպառնալիք են մեր գոյութեան:

Այդ սպառնալիքը չի վերանար, մինչեւ ազգովին չինքնակազմակերպուինք: Մեր յոյսը դրած ենք դուրսի աջակցութեան վրայ, բայց պատմութիւնը մեզի արժէքաւոր յուշումներ կ’ընէ՝ այլոց բերած խաղաղութիւնն ընդամէնը նոր պատերազմի նախապատրաստութիւն է: Ինքդ պիտի կարողանաս հակառակորդին խաղաղութիւն պարտադրել, որպէսզի ան քեզ հետ հաշուի նստի: Մենք հիմա պատրանքային լաւատեսութեան մէջ ենք, սակայն այդ ալ երկար չի տեւեր՝ կամ ամբողջութեամբ պիտի պարտուինք, կամ վերջապէս խելքի պիտի գանք:

 

-Կան վարկածներ, որ «Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը» ունի նաեւ արտաքին առանցքներ։ Այդ առումով ալ յաճախ լսելի դարձած խօսք է, որ շրջանային խաղացողներու համար յատկապէս՝ Ռուսիա եւ Իրան, Արցախի հարցը ոչ թէ կարեւոր է, այլ տարածաշրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնները պահելու համար ազդեցիկ ուժեր, պարտաւոր են պահել Արցախի անվտանգութիւնն ու որպէս «հայկական գործօն» պահպանումը։ Համաձայն է՞ք այս բնութագրումին հետ, եթէ այո ապա ինչպէս կը մեկնաբանէք ընդհանուր պատկերը։

 

-Այն փաստը, որ շուրջ երեք տասնամեակ Իրան հանդուրժած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, թէպէտ միջազգայնօրէն չճանչցուած, գոյութիւնն իր սահմաններուն մօտ, կը վկայէ, որ նուազագոյնը թշնամաբար չէր տրամադրուած մեր նկատմամբ, եթէ չըսենք հակառակը: Բայց տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական շահերու նոր բախումը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նոր դիրքաւորման տարաւ. մեր հարաւային հարեւանը ոչ թէ դատապարտեց Պաքուի իշխանութիւններու սանձազերծած յարձակողական պատերազմը, այլ ողջունեց «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը»: Դիւանագիտութեան մէջ ինքնանպաստութեան կանոնները «շարժական» են, եւ չի բացառուիր, որ որոշակի փուլ մը Իրան կրկին հաւատարիմ դառնայ տարածաշրջանին մէջ հայկական նոր նախաձեռնութիւններու նկատմամբ: Այս հեռանկարն իրատեսական է, եթէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը կրաւորականէն անցում կատարէ դէպի ներգործական:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, ապա Հարաւային Կովկասի մէջ ան եղած է ու կը մնայ առանցքային երկիր, որու գործողութիւններու բնոյթէն մեծապէս կախուած են երեք կովկասեան երկիրներու ազգային ռազմավարութիւնները: Գուցէ վիճահարոյց միտք կ’արտայայտեմ, բայց իմ ընկալումը այդ է, եւ ըսուածի վառ օրինակը այն է, որ արցախեան հակամարտութեամբ պայմանաւորուած՝ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը /բնականաբար նաեւ Արցախը/ այսօր կարելի է ըսել՝ պատանդ դարձած են Ռուսիոյ ձեռքին:

 

Միւս կողմէ կը նկատենք Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերուն հանդէպ առկայ է համընդհանուր դժգոհութիւն։ Այն վարքը, որ կը դրսեւորուի ռուսներու կողմէ անկարողութեան կամ չկամութեան դրսեւորում է ըստ Ձեզ։

 

Ես կ’ըսէի՝ չկամութեան: Չեմ կարծեր, թէ Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ կը կատարուին առանց Ռուսիոյ Դաշնութեան իմացութեան կամ թողտուութեան: Ծիծաղելի է մտածել, որ Ատրպէյճանի՝ գումարտակային մակարդակով ռազմական գործողութիւններուն իրապէս հակազդելու ուժ ՀՀ զինուած ուժերը չունին: Նոյնը նաեւ Արցախի մէջ. շուրջ ինն ամիս Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ կ’իրականացուի խուլ ու դաժան շրջափակում, իսկ ռուսները չեն կրնար միջազգայնօրէն ընդունուած միջանցքը բանալ: Երկիր մը, որ յանուն իր ազգային շահերուն համա հարիւր հազարաւոր իւրայիններ ու ազգականներ կը կոտորէ Ուքրանիոյ մէջ, չի կրնար թոյլ տալ, որ ազերիները քմահաճօրէն խաղան իր վարկանիշին հետ: Ուրեմն, շան գլուխն ուրիշ տեղ թաղուած է: Բայց սա արդէն բոլորովին այլ թեմա է, չծաւալենք:

 

-Վերադառնալով արցախցի հերոսական ժողովուրդի մօտեցումներուն ու ստուգելով այսօր տիրող ընդհանուր մթնոլորտն ու մտադրութիւնները, ապա ինչպէ՞ս կը բնութագրէք տիրող մթնոլորտը: Հայաթափման մտավախութիւններ կա՞ն արդեօք, կամ թէ արցախցին շատ լաւ գիտէ եւ ընկալած է, որ ինքն է որ պիտի պահէ, պաշտպանէ ու ապրի այդ հերոսածին հողին վրայ։

 

-Մենք սնապարծութիւն մը ունինք՝ միշտ կը յայտարարենք, որ արցախցին ամուր կառչած է հողին, բայց անժխտելի փաստ է, որ 1989-2020 թուականներու կտրուածքով Արցախի բնակչութեան թուաքանակը մօտաւորապէս գտնուած է նոյն սանդղակի վրայ: Պարզ վիճակագրութիւն. եթէ 1989 թուականի մարդահամարով այստեղ կը բնակէր շուրջ 145.000 հայ, 2020 թուականին, նախքան պատերազմը, բնակչութեան թիւը Արցախի մէջ կը կազմէր 150.000: Արցախը գոյութիւն ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ միայն իր պապենական հողին վրայ արմատակալած մարդոց հաշւոյն: Մեր գերխնդիրն ներկայ պահուն ոչ թէ հայերու ներհոսք կազմակերպելն է /անոր համար կան լուրջ խոչընդոտներ՝ կապուած շրջափակման հետ/, այլ արտահոսքը դադրեցնել: Կը կարողանա՞նք՝ ուրեմն Արցախը կը գոյատեւէ, իսկ եթէ ոչ՝ մեղաւորներ փնտռելը բացարձակապէս աւելորդ զբաղում կ’ըլլայ …

 

Սագօ Արեան