ՄԱՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ – ՏԻԿԻՆ ԱՐԱՔՍԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ՎԻԶՈՅԱՆԻ

Լիբանանի Այնճար  հայաւանին մէջ իր մահկանացուն կնքած է  հալէպահայ հասարակական գործիչ, յօդուածագիր եւ գրող՝  Տիկ. Արաքսի Սարգիսեան- Վիզոյեանը:

Հանգուցեալը  եղած է  Հալէպի ԹՄՄ  եւ ՌԱԿ «Ռուբէն Հերեան»  ակումբի երախտաւոր անդամներէն: Ան զանազան պաշտօններու կողքին, երկար տարիներ վարած է ԹՄՄ-եան Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետութիւնը: Յիսուն տարիներէ աւելի երկարող անսակարկ նուիրումի եւ ազգային գործիչի վառ օրինակ հանդիսացող Տիկ. Արաքսին, իր միութենական եւ կուսակցական ընկերներու կողմէ կոչուած էր «ԹՄՄ Մայրը», եւ անոր հաստատուն սիւներէն մէկը: Միութենական կեանքէն ներս ան աչքի ինկած է իր անսակարկ նուիրումով, ժրաջան ազգանուէր աշխատանքով  եւ կազմակերպչական- նախաձեռնողի բարձր ունակութիւններով: Հանգուցեալը Հալէպի ԹՄՄ-եան պատմութեան անցեալը ներկային կապող արժէքաւոր օղակներէն մէկն էր եւ անոր կորուստը ձեւով մը կորուստն է միութենական կեանքի ամբողջ ժամանակահատուածի մը պատմութեան: Հալէպահայ  գաղութին,  ինչպէս նաեւ սուրիական հայրենիքի ընկերային կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ մատուցած իր ծառայութեան համար եւ պարգեւատրուած է Սուրիոյ Ընկերային Հարցերու եւ Աշխատանքի նախարարին  շքանշանով:

Ունեցած է երկու զաւակ եւ 4 թոռներ: Հեղինակ է երկու գիրքերու:

Դժբախտաբար, Սուրիոյ պատերազմին պատճառաւ, ան վերջին տարիներուն զրկուեցաւ իր ընտանիքի անդամներէն եւ հարազատ ընկերներու շրջապատէն ու կեանքին հրաժեշտ տուաւ կարօտալի աչքերով:

Տիկ. Արաքսիի թաղման եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի,  25 Նոյեմբերին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: