Անասելի է Արցախի ցաւը։ Ոչ միայն անոր համար, որ Հայաստանի սահմանները աւելիով փոքրացան, կամ անոր համար, որ Հայաստանի անվտանգութեան եւ ապահովութեան հիմնական երաշխաւորը, որ հայկական Արցախն էր այլեւս չկայ, այլ անոր համար, որ եղածը մէկ հարիւր տարուան մէջ արդէն երկրորդ ցեղասպանութիւնն է։
Հրանդ Տինք իրաւացի էր, երբ բաց թեքստով կը գրէր, թէ եթէ Օսմանեան կայսրութեան «գործիքներ»ը եւ զինուորները, նոյնիսկ ոսկեպատ օդանաւերով հայութիւնը հանէին իրենց արմատներէն, ապա այդ ալ ցեղասպանութիւն պիտի կոչուէր։
Ցեղասպանութիւնը այս պարագային հողազրկումն է, այն հողը, որուն վրայ հայերն ապրած են դար ու դարեր, այսօր արդէն պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ։
Այս ամբողջ ցաւէն, կորուստէն, նահատակումներէն ու բռնագաղթէն անդին տխուր է անշուշտ, որ Արցախեան հարցը չունեցաւ այնպիսի լուծում, որուն առընթեր երկու հակառակող կողմերը՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը գոհ ըլլային եղածէն։
Ատրպէյճան վստահելով իր ռազմական, քաղաքական եւ դիւանագիտական ուժին հաւատաց ու դեռ ալ կը շարունակէ հաւատալ, որ Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, ընդհանրապէս աւարտած է կը սխալէր, որովհետեւ խորքին մէջ այդպէս չէր։
Հայաստան, որ իրերու բերմամբ կը փորձէ կառչիլ այն վարկածին, որ Արցախի հարցի «աւարտով» շրջանը պիտի մտնէ ամբողջական խաղաղութեան շրջան մը ու բոլոր դրոյթները պիտի յանգեցնեն «սպասուած» մեծ խաղաղութեան կը սխալի,որովհետեւ դարձեալ այդպէս չէ։
Արցախեան հարցը յար եւ նման միջազգային տարբեր օրակարգեր բացող, առաջնորդող եւ պայմանաւորող խնդիրներուն նման է։ Հրաբուխի պէս է, որուն լաւան կրնայ որեւէ պահու ժայթքիլ ու մեծ ռումբ է նետուած այս ամբողջ շրջանին սրտին վրայ, որ կը կոչուի Հարաւային Կովկաս։
Թերեւս խօսիլ է պէտք նաեւ միւս խաղացողներուն՝ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Եւրոպայի կամ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներուն մասին, բայց այդ բոլորը էական չեն, այլ երկրորդական …
Էականը աւելի քան ապահով եմ, որ արցախցիներուն խօսքն է։ Ասկէ առաջ ալ, երբ տարբեր առիթներով գրեցի Արցախեան խնդրի այս փուլին մասին, նշեցի, որ «վերջին փրկիչներ»ը միայն ու միայն արցախի բնիկ՝ բնակիչներն են։
Կը հասկնամ, կ’ընկալեմ անշուշտ, որ այս թեման բաւական բարդ եւ բաւական լուրջ թեմա է, ու անոր մէջ կան կարմիրով քաշուած բարակ թելեր, բայց յանուն ճշմարտութեան պէտք է նշել, որ Արցախի համար պայքարող, Արցախը օրակարգի վրայ պահող միակ երկաթեայ օղակը, որ այսօր կոտրուած է նոյն արցախցին է։
Այս անպայման չի նշանակեր, որ մայր Հայաստանը պէտք է իր ձեռքերը ընդհանրապէս լուայ Արցախէն, բայց եւ այնպէս Հայաստանի թոյլ վիճակը, տկարացած բանակը եւ ներքին անվտանգութեան ընդհանուր տինամիքները թոյլ պիտի չտան, ու չտուին, որ Հայաստան «տէր» դառնայ Արցախին։
Նոյն սխալը գործուեցաւ անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին, երբ պաշտօնական Երեւան, ամէն առիթի հաւաստեց, որ ինք Արցախի «տէրն ու պաշտպանն է»։ Արցախի անվտանգութիւնը պահպանելու հիմնաւոր մօտեցումը, Հայաստանի «խելքէն վեր» բան է, այն իմաստով, որ Արցախը կարիքն ունէր աւելի մեծ հովանաւորութեան մը, որ կարողանար «Խօսք հասկցնել» Պաքուին ու թերեւս այդ հովանաւորի բացակայութեան հետեւանքով էր, որ Ատրպէյճան ոչ ոքի հաշիւը ըրաւ եւ ունեցանք այն ինչ, որ ունինք հիմա…։
Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ Արցախի վաղուան, արցախեան խնդրի գոյութեան իրաւունքը դարձեալ մէկ հոգիի ձեռքն է եւ այդ մէկ հոգին ինք՝ վտարանդի արցախցին է, որ պիտի փորձէ իր կռնակը շտել, ոտքի կանգնիլ ու մտածէ թէ ինչ դրոյթներով պիտի նայի վաղուան։
Մօտիկ անցեալին հայկական օրակարգը վառ պահող դրոյթը Արցախեան խնդիրն էր, իսկ այսօր վտարանդի արցախցին է, որ այս անգամ եւ թերեւս վերջին անգամ հաշուի նստի իր վաղուան ու գալիքին հետ։
Ըսուած է չէ, որ կամքը ամբողջ լեռները կրնայ շարժել, կամքն ու հաւատքը ու հոս է նաեւ, որ ազգովին մենք բոլորս ըսելիք ու տալիք ունինք, անշուշտ բոլորուելով արցախցիին շուրջ, որ այսօր պարզապէս գաղափար է…։
Այս բոլորէն անդին ու հասկնալու համար, որ անցնող օրերուն ինչ տեղի ունեցաւ Արցախ աշխարհին մէջ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ այս օրերուն կատարուած գրառում մը (բնագիրը՝ ռուսերէն), որուն հեղինակն է, արմատներով ռուս-իսրայէլացի պլոկըր ՝Ալէքսանդր Լափշինը։
Ալեքսանտր Լափշին կը գրէ՝
«Թերեւս տակաւին կանուխ է ըսելը, որ 120 հազար արցախցիները միայն փախստականութեան ու Ցեղասպանութեան զոհ չդարձան, այլ նաեւ՝ կորսնցուցին իրենց բնակարանները, տուները, հողը, ունեցուածքը. այն ամէնը, ինչ որ ստեղծուած ու կառուցուած էր ապագայ սերունդներուն համար։ Ամէն ինչ պիտի գրաւէ Ալիեւեան ռեժիմը: Առաջինը, որ մտած է Արցախի գիւղերն ու քաղաքները եղած է «Եաշմա» ջոկատը, որուն զինուորները հեռախօսով ուրախ նկարահանած են խաղաղ բնակչութեան դէմ դաժանութիւնները եւ տեղադրած համացանցի էջերուն: Խուզարկման պատրուակով անոնք գացած են՝ տուն-տուն եւ փնտռած՝ փորփրած մարդոց գոյքերը, յոյս ունենալով գտնել ոսկէ մատանի մը կամ տատիկի մը արծաթէ դգալները: Աւելորդ է խօսիլ այն մասին, թէ ինչ պիտի պատահի անոնց հետ, որոնք ժամանակ չեն ունեցած լքելու իրենց հայրենիքը:
«Եաշմա» -ի գողութիւններու եւ կողոպուտներու առաջին ալիքէն յետոյ՝ քաղաքները կը մտնեն աւելի բարձրաստիճան աւազակները՝ ներքին գործերու նախարարութեան պաշտօնեաներ, գնդապետներ, բանակի ու ոստիկանութեան հրամանատարներ՝ «քաղաքացիական վարչութիւն»: Ասոնք, մահճակալներու տակ տատիկի դգալներ պիտի չփնտռեն, այլ հայու ունեցուածքն ու հողը իրենց մէջ պիտի բաժնեն։ Հաւնեցա՞ք լերան վրայ Աշոտ պապիկի տունը։ Հոյակապ։ Պաքու կը հեռաձայնեն եւ կաշառակեր նոտարը կը տրամադրէ վկայական մը, որ իբրեւ թէ, այս տունը եւ անոր շրջակայքի հողը, Սուրբ Քուրանի ստեղծման ժամանակներէն, պատկանած է Պաքուի, Մաշտաղի շրջանի հրամանատար՝ Մամէտ Մամէտովին։ Նոյն ձեւով, անօրինական կերպով կը սեփականացնեն հայկական խանութները, լքուած ինքնաշարժները, փոքր գործարանները: Յետոյ, իրենց անունին արձանագրել կու տան հողերը, որոնք երկու-երեք ամիս ետք տասը անգամ աւելի թանկի կը ծախեն իրենց սեփական պետութեան։ Իսկ նոյն կաշառակեր Մամէտով/Ալիեւը առաջին պետպատուէրը կը կնքէ առաջին գողին հետ, անկէ կաշառք ստանալով։
Ճիշդ այս ձեւով, գերմանացի նացիստները վարուեցան հրեաներուն եւ անոնց ունեցուածքներուն հետ, գրաւեալ Եւրոպայի մէջ։ Ընտանիքս, Լեհաստանի Լիտվա եւ արեւմտեան Ուկրանիոյ՝ Լվով քաղաքներէն էին։ Պատերազմէն առաջ, անոնք բաւական հարուստ էին: Նացիները, Վիլնիուս, Լվով, Քրաքով մտնելով, ոչ միայն ոչնչացուցին այնտեղի հրեայ բնակչութիւնը, զանոնք ուղարկելով Աուշվից եւ Փաներայ, այլեւ տէր դարձան անոնց ունեցուածքներուն: Ես կը յիշեմ հանգուցեալ տատիկիս եւ պապիկիս պատմութիւնները, որոնք այն ժամանակ երիտասարդ էին: Նախքան նացիներուն Լվով մուտքը, հրեաներէն ոմանք յաջողեցան դէպի արեւելք երթալ, բայց ոչ բոլորը կրցան փախչիլ քաղաքները մտնող նացիներէն, որոնք սուաստիքայի դրօշները բարձրացնելով Լվովի եւ Վիլնիուսի վրայ, արագօրէն «մաքրեցին» այնտեղ մնացած հրեաները:
Պատերազմէն ետք, երբ նացստիներուն ռեժիմը ոչնչացաւ եւ տեսանելի դարձաւ մարդկային աղէտի մեծութիւնը, ծագեցաւ նաեւ նացիներու կողմէ իւրացուած հրեաներուն ունեցուածքներուն հարցը: Հաշուի առնելով, որ նացիները միտումնաւոր ոչնչացուցին բոլոր արխիւները, իսկ հրեայ տէրերն ալ մահացան համակեդրոնացման ճամբարներուն մէջ, անոնց միլիոնաւոր ժառանգորդները չկրցան վերադարձնել իրենց տուներն ու հողերը:
Ամենայնդէպս, նպատակս Հոլոքոսթի իրականութիւնը վերապատմելը չէր, այլ պարզապէս ըսել, Արցախի եղածներով պատմութիւնը դարձեալ ինքզինք կը կրկնէ»։
Սագօ Արեան