Վիգէն Ադդարեանի հետ Lux Media հեռուստացոյցի կայանի հարցազրոյցը

Երկուշաբթի՝ 9 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան,  նախ մոնթրէալահայ գաղութը, ապա համայն աշխարհով սփռուած հայութիւնը պատիւը ունեցաւ հպարտութեամբ դիտելու, այնքան կարեւոր հարցազրոյցը, որ Lux Media հեռուստացոյցի առցանց կայանը առաջարկած էր կատարել մտաւորական՝ Վիգէն Ադդարեանի հետ:

45 վայրկեանի տեւողութեան ընթացքին Վիգէն Ադդարեան, ամենայն ճշգրիտ եւ դիւրահաղորդ կերպով, հիմնուած պատմական իրողութիւններու վրայ, յաջողեցաւ հիմնաւորել՝ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ)-ի  հողերու դարաւոր պատկանելիութիւնը հայերուն, եւ մանաւանդ շեշտելով յիշեց երկու անգամ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդի պատմութեան մէջ, մեկնաբանելով թրքական աշխարհի չյայտարարուած նպատակը:

Սոյն երկտողով, շնորհակալութիւն կ’ուզենք յայտնել Պրն. Վիգէն Ադդարեանին, որ իր սուղ ժամերը տրամադրեց նման ազգօգուտ հարցազրոյցին ընդառաջելու, նամանաւանդ մեր այս դժուար պայմաններուն, ֆրանսերէն լեզուով պատմական իրողութիւնները հաղորդակից դարձնելու օտարներուն, որոնք միայն կը լսեն օտար կայաններու յեղադարձուած լուրերը:

Եզրակացնելով եւ օրինակ առնելով Պրն. Ադդարեանի միջոցառումէն կարելի է տեսնել եւ իմանալ ոեւէ հայ անհատի առաքելութիւնը մեր արդար դատի պաշտպան հանդիսացող նման արարքին որ կարելի է իրականացնել թէկուզ Հայրենիքէն հեռու Գանատայի մէջ, ուստի մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի ինք եւս իր կարգին տարածել այս եւ նմանատիպ եւ շատ կարեւոր ճշմարտութիւնները, որպէսզի համայն աշխարհը իմանայ եւ ճանչնայ մեր ազգի դարաւոր պատմութիւնը եւ յարի՛ արդարութեան:

 

Սոյն հարցազրոյցը դիտելու եւ տարածելու համար սեղմել հետեւեալ կապը: OCCIDENT – IL FAUT ÉVITER UN 2ème GÉNOCIDE ARMÉNIEN avec VIKEN ATTARIAN – YouTube

 

«ԱՊԱԳԱՅ»