Նոյեմբեր 5, 2015-ին երաժշտական աննախընթաց հանդիսութեամբ մը ոգեկոչումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, հովանաւորութեամբ Եգիպտահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանի: Համերգը տեղի ունեցաւ Նուպարեան-Գալուստեան համալիրի Գահիրէի Պլըքտանեան Սրահին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 200 հանդիսականներու:
Հայ եւ միջազգային երաժիշտներէ բաղկացած նուագախումբ մը ներկայացուց հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր ու օտար երգերու եւ երաժշտութիւններու հաւուր պատշաճի փունջ մը:
Գլխաւոր կազմակերպիչն ու երգչուհին էր Հայաստանի Ազգային Օփերայի երկարամեայ աստղ՝ Գայանէ Վարդանեան, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Սինկափուրէն, ուր վերջին տարիներուն ան կը դասաւանդէր երաժշտութիւն եւ կազմած էր The Armenian Heritage Ensemble-ը: Այս խումբը համերգներ ներկայացուցած է Սինկափուրէն զատ՝ Մալէզիայի, Ֆիլիփինի, Միանմարի մէջ: Դաշնակահարուհին էր Էլէնա Ծամաշվիլի, շրջանաւարտ ԹիֆլիսիՊետական Երաժշտանոցէն: Ան 1991-էն ի վեր դասախօս եղած է Գահիրէի Երաժշտանոցին մէջ: Խումբին ջութակահարն է Գէորգի Յարութիւնեան, որ ծնած է Պաքու, ուսանած է եւ շրջանաւարտ է Մոսկուայի երաժշտանոցէն եւ դասախօսած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն: Ան 1994-էն ի վեր եղած է Գահիրէի սէմֆոնիք նուագախումբին առաջին ջութակահարը:
Յայտագիրը կը բաղկանար Կոմիտասի, Շուպէրդի, Խաչատուրեանի, Մոցարդի, Վերտիի, Կրշուինի, Մէլիքեանի, Տօլուխանեանի եւ Պետրոսեանի ստեղծագործութիւններէն:
Թղթակից