Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներ հանդիպած են Թիֆլիսի մէջ:

Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեան եւ Գէորգի Կվիրիկաշվիլին Նոյեմբեր 26-ին հանդիպած են Թիֆլիսի մէջ:

Վրաստանի ԱԳՆ-ի մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ`  Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը Թիֆլիս ժամանած է` մասնակցելու «Արեւելեան գործընկերութեան» ոչ պաշտօնական երկխօսութեան վեցերորդ հանդիպումին:

«Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ դէմ առ դէմ կայացած հանդիպման կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Վրաստանի երկկողմ համագործակցութեան կարեւոր հարցերը, մէկ անգամ եւս ընդգծուած են երկու երկիրներու բարիդրացիական փոխյարաբերութիւնները»,- ըսուած Է հաղորդագրութեան մէջ:

Թիֆլիս ժամանած են նաեւ Մոլտովայի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Նաթալիա Գերմանը եւ Էլմար Մամետեարովը, ինչպէս նաեւ` պատուիրակութիւններ Պելառուսիայէն եւ Ուքրանիայէն, հաղորդած Է Sputnik-ը: