2015 Հեռախօսամարաթոնը արձանագրեց աւելի քան 1.3 միլիոն Եւրօ

Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի գլխաւորութեամբ Նոյեմբեր 18-22 իրականացած 16-րդ համաեւրոպական դրամահաւաք-հեռախօսամարաթոնը, որուն մասնակցած են Ֆրանսայի (1.205.569 եւրօ), Գերմանիոյ (76.050 եւրօ) եւ Զուիցերիոյ (24.554 եւրօ) հայ համայնքները, արձանագրեց աւելի քան 1.3 միլիոն եւրօ նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում:

Դրամահաւաքի հասոյթը պիտի ուղղուի Արցախի մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման, Տաւուշի մարզին մէջ շարունակաբար իրականացուող գիւղատնտեսական ծրագրերու զարգացման, սուրիահայերու եւ իրաքահայերու օգնութեան:

Նուիրատուութիւններու ընդունումը կը շարունակուի:

 

Հեռուստամարաթոն 2015-ի գլխաւոր հովանաւոր – Հայբիզնեսբանկ
Հովանաւոր – ԱԿԲԱ-կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ Պանք
Գործընկեր – Հայփոստ