Պոլսահայ Միութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Աննախընթաց Գրական Երեկոն

                                (Early Modernity & Mobility)

 

Պոլսահայ Միութեան «Մէկ» յանձնախումբն ու Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, միացեալ ըլլալու սկզբունքէն առաջնորդուելով, 15 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Պոլսահայ Միութեան «Արամ Խաչատուրեան» վերանորոգուած շքեղ սրահին մէջ, միասնաբար կազմակերպեցին գրական աննախընթաց երեկոյթ մը:

Սիրայօժար կերպով ներկայ էր պատմագէտ դոկտ. Սուրէն Դաւիթ Ասլանեան, որ պիտի ներկայացնէր իր վերջին ուսումնասիրութիւնը՝ «Early Modernity & Mobility» հատորը:

Բացման խօսքը ըրաւ «Մէկ» յանձնախումբի ժրաջան վարչական Տիկ. Հէրա Սուքիաս- Տէմիրճեան որ շատ մաքուր առոգանութեամբ ու յստակօրէն ներկայացուց օրուան նպատակը.  յետոյ հրաւիրեց դոկտ. Կապրիէլլա Ճեռահեանը, որ մօտէն կը ճանչնար օրուան պատմագէտ-բանախօսին:

Դոկտ. Ճեռահեան-անգլերէն լեզուով -դիւրահաղորդ, այլ մասնագիտական ոճով ներկայացուց դոկտ. Ասլանեանը:

Այս նախապատրաստական աշխատանքը – այսինքն՝ զոյգ դոկտորներուն ներկայութիւնը- արդէն տուած էր պահանջուած լուրջ, խոհական մթնոլորտը:

UCLA-ի պատմութեան համալսարանային դասախօս դոկտ. Սեպուհ Դաւիթ Ասլանեան հրաւիրուեցաւ ներկայացնելու իր վերջին ուսումնասիրութիւնը:

Հոս կ’արժէ փակագիծի մէջ անդրադառնալ, որ հակառակ ունեցած հարուստ գիտութեան, դոկտ. Ասլանեան, անգլերէնով, եւ ամենայն հանդարտութեամբ եւ յստակութեամբ մեզ մագնիսացուց գրեթէ մէկ ժամ, նիւթով մը, որ մեզ համար յայտնութիւն մըն էր:

Կլանուած ու հաճոյքով զինք մտիկ ըրինք:

«Early Modernity & Mobility» գիրքով դոկտ. Ասլանեան կը յայտնաբերէ XVII -XVIII դարերու Եւրոպայի կամ Ասիոյ հայկական տպագրական հաստատութիւնները: Ուսումնասիրութիւնը կը պարփակէ, առաջին տպագրական հոսանքէն, որ ծագում առած է Վենետիկ՝ 1512-էն մինչեւ 1800.

Հայկական տպագրութիւնը, ի սփիւռս աշխարհի, տեղի ունեցած է 21 շրջաններու մէջ, սկսելով Ամսթըրտամ-էն, Լիվոռնօ-էն,  Մարսէյ-էն մինչեւ  Սէնթ-Փիթըրզպըրկ, Ասթրախան, Նոր Ջուղա, Մատրաս եւ Կալկաթա: Լոյս տեսած են հազարի չափ հրատարակութիւններ եւ աւելի քան կէս միլիոն տպագիր հատորներ:

Ընդարձակ արխիւային հետապնդումներէ ետք դոկտ. Ասլանեան կը յայտնաբերէ՝ թէ ինչո՞ւ կարգ մը գիրքեր տպուած են որոշեալ ժամանակի մը ընթացքին, ինչպէ՞ս գիրքեր ծախուած են սփիւռքի մէջ, ովքե՞ր եղած են կարդացողները եւ թէ ինչպէ՞ս տպագրութիւնը մեծ դեր խաղացած է թէ’ հայոց գրաւոր մշակոյթի պահպանման, թէ’ ալ իրենց հաւաքական ինքնութեան վերամշակման գործողութեան մէջ

Դոկտ. Սեպուհ Ասլանեան մտածելու դուռ կը բանայ, թէ դաւանային սահմանափակումները՝ հայկական եւ հռոմէական եկեղեցիներու միջեւ, եղած են «մղիչ ուժը» հայկական գիրքի պատմութեան:

Դոկտ. Սեպուհ Ասլանեան ծնած է Ատիս-Ապապա (Եթովպիա) 1965-ին. 12 տարեկանին (1977) անցած է Միացեալ Նահանգներ, յետոյ Շարժա (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): 1980-ին եղած է Մոնթրէալ մօտ 11-12 տարի, բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ John Abbott college եւ յետոյ McGill համալսարան: PHD-ին ստացած է  Colombia համալսարանէն ունենալով իբրեւ աւարտաճառ «From the Indian Occean to the Mediterranean» կոչուած ուսումնասիրութիւնը:

Ասլանեան դասաւանդած է զանազան համալսարաններ, ներառեալ՝ Whitman College, University of Chicago, University of Michigan, California State University, Long Beach.

Այս բանախօսութենէն ետք դոկտ. Կապրիէլլա Ճեռահեան մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ առաջարկեց  դոկտ. Ասլանեանին որ իր սրտի խօսքը ուղղէ հայ երիտասարդութեան:

– Ճիշդ է, թէ ցեղասպանութիւնը շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայուն վրայ,- ըսաւ ան,- եւ ճիշդ է թէ պէտք է արդարութիւնը հետապնդել եւ ստանալ, սակայն պէտք է միշտ յիշենք որ հարուստ պատմութիւն մը ունեցած ենք բացառիկ մշակոյթով, որ պէտք չէ նոյնացնել կամ շփոթել Ցեղասպանութեան հետ:: Պէտք է աւելի խորանանք մեր պատմութեան մէջ, որ մեզ պիտի առաջնորդէ համաշխարհային պատմութեան, եւ առաջնորդուելով համաշխարհային պատմութենէն՝ աւելի քաջատեղեակ պիտի ըլլանք ՄԵՐ ազգային պատմութեան:

Ահաւասիկ գրական խնճոյքի երեկոյ մը, որ կը հասնէր իր կատարելագոյնին, երբ կազմակերպիչ յանձնախումբը մտածած էր, տալ նաեւ հոգեւոր երեւոյթ մը: Տէր Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեան նախ՝ յայտնեց իր սրտաբուխ խօսքը, այս բծախնդրօրէն պատրաստուած գիրքին ներկայացման՝ պտուղը տասը տարիներու աշխատանքին, յետոյ՝ հետաքրքրական նմանութիւնը ըրաւ «գինեձօն» բառին՝ նորածին մանուկի մը կնունքին եւ գիրքի մը ծննդեան օրհնութեանը:

Պատուասիրութեան սեղաններու- շուրջ հետաքրքիր ներկաներ տակաւին կը մօտենային Պատմագէտին, ուղղելու համար հարցումներ, յափշտակելու համար մակագրուած գիրքէն օրինակներ, ու մանաւանդ յագեցնելու համար իրենց գիտական ծարաւը՝ նիւթի մը մասին, որ յայտնութիւն մըն էր բոլորիս համար:

Կը շնորհաւորենք Պոլսահայ Միութեան «Մէկ» յանձնախումբի ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան զոյգ վարչութիւնները, որոնք առիթ կը ստեղծեն նման պատմագէտներ հրաւիրելու, հետեւաբար եւ ստեղծելու տարբեր մթնոլորտ մը հարուստ ու առողջ մտածողականութեամբ:

Ահաւասիկ ուսումնասիրութիւն մը որ արժանի է գրախօսականի մը աշխատանքին:

Սոյն գիրքը կարելի է գտնել Amazon-ի վրայ:

Պերճ Գոգորեան