Պետդումայի մէջ օրէնքի նախագիծ ներկայացուած է Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար պատասխանատուութեան կանչելու մասին: Այդ մասին Tweeter-ի իր էջին մէջ գրած է «Արդար Ռուսաստան»-ի առաջնորդ Սերկէյ Միրոնով:
«Քիչ առաջ մենք օրէնքի նախագիծ ներկայացուցինք Թուրքիոյ կողմէ 1915-ին իրականացուած ցեղասպանութեան ժխտման համար պատասխանատուութեան կանչելու մասին», — նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, կը տեղեկացնէ News.am-ը:
Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ռուս գործընկերոջ` Վլատիմիր Փութինը քննադատած է 1915-ի հայերու ցեղասպանութեան մասին արտայայտուելու համար: Ինչպէս կը նշուի, Երեւան իր այցելութեան ընթացքին Փութին յարգած է 20-րդ դարասկիզբի զոհուածներուն յիշատակը: Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը պաշտօնապէս դատապարտած է Փութինը անոր համար, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն կոչած էր: