Երեւանի մէջ պիտի բացուի Իրինա Ռոտնինայի գեղասահքի մարզադպրոցը

Երեւանի մէջ պիտի բացուի Իրինա Ռոտնինայի գեղասահքի մարզադպրոցը: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, 25 Նոյեմբերին, Երեւանի աւագանիի հերթական նիստին յաջորդած արտահերթ նիստին ժամանակ նշած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը:

Երեւանի քաղաքապետը տեղեկացուցած է, որ աւագանիի անդամներու քննարկման ներկայացուած է «Երեւանի գեղասահքի եւ տափօղակով հոքէյի  մանկապատանեկան  մարզադպրոց» համայնքային ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը «Իրինա Ռոտնինայի գեղասահքի մարզադպրոց» ՀՈԱԿ անուանափոխելու մասին որոշման նախագիծը:

Ներկայացնելով որոշման նախագիծի ընդունման անհրաժեշտութիւնը` քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը մասնաւորապէս նշած է, որ «Բարեկեցութիւն» բարեգործական հիմնադրամը, որ կը հանդիսանայ Ծովակալ Իսակովի պողոտայի 27/10 հասցէին վրայ կառուցուած նոր մարզադպրոցի շինարարութեան պատուիրատուն, սոյն խնդրանքով դիմած է Երեւանի քաղաքապետին` յատկանշելով, որ գեղասահքի ողիմպիական եռակի, աշխարհի ու Եւրոպայի բազմակի ախոյեան Իրինա Ռոտնինան իր անմիջական աշխոյժ մասնակցութիւնը ունեցած է գեղասահքի դպրոցի կառուցման գաղափարը կեանքի կոչելու հարցով: Բացի այդ, որոշման նախագիծի ներկայացման համար հիմք ծառայած է նաեւ այն հանգամանքը, որ Իրինա Ռոտնինան իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է մարզադպրոցը շահագործման յանձնելէ յետոյ գործուն աջակցութիւն ցուցաբերել հայկական գեղասահքի զարգացման գործին:

Աւագանին քուէարկութեամբ հաւանութիւն տուած է ներկայացուած որոշման նախագիծին: