Վերջին ժամանակներուն ու յատկապէս Արցախի հայաթափումէն ասդին տարբեր հարթակներու վրայ երեւելի դարձաւ Արցախը քաղաքական մարմինը պահելու, պահպանելու դրոյթը։
Ընդդիմադիր շրջանակներ, որոնք հաւանաբար կը կանգնին այս դրուածքի շեմին կը պաշտպանեն այն թէզը, ըստ որուն Արցախը, պէտք է պահպանէ իր ուրոյն քաղաքական ամբողջութիւնը եւ այդ հիմունքով ալ ունենայ, կազմէ «Աքսորի կառավարութիւն» մը։
Անշուշտ մինչեւ այս պահը այդ առումով ոչ մէկ յստակ պատկերացում գոյութիւն ունի, թէ ինչ տեսակի կառավարում, կամ ինչ տեսակի ընտրութեամբ պիտի կազմուի այդ կառավարութիւնը, բայց եւ այնպէս եթէ հարցը տարողունակ կերպով դիտարկենք պիտի համոզուինք անշուշտ, որ այդ մանրամասնութիւնները երկրորդական են։
Այստեղ անշուշտ բեկումնային հարց մըն ալ կը ծագի, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութեան մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ ունին այն համոզումը, որ Արցախի գծով այդ տիպի ցանկացած քայլ կը համարուի վտանգ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Այս մօտեցումը դատապարտելէ, կամ Հայաստանի իշխանութիւններէն աւելին պահանջելէ բացի կայ առարկայական հարցադրում մը կապուած ՀՀ իշխանութեանց կեցուածքներուն հետ, որովհետեւ ոչ մէկ մօտեցում, ոչ մէկ կեցուածք եւ ոչ մէկ դիրքորոշում «երկինքէն պիտի չիյնայ»։
Մեզի համար հաւաքապէս դառն են այդ դէպքերը, որ տեղի ունեցան Արցախի մէջ։ Նախ արագ պատերազմ, յետոյ զոհեր ու աւերածութիւն ու անկէ ետք ալ արագ հրադադար, Պաքուի կողմէ դրուած պայմաններուն շուրջ համաձայնութիւն ու անկէ ետք ցաւոտ գաղթականութեան ալիք մը, որուն հետեւանքով Արցախն ամբողջութեամբ կը հայաթափուէր։
Ոչ մէկ հայու համար, ըլլայ ան իշխանական կամ ընդդիմադիր այդ պատկերները ընդունելի էին, ի հարկէ այլ խօսք, որ ով կը կրէր, կամ ապագային ալ ով իր ուսերուն պիտի կրէ եղածներուն ողջ պատասխանատուութիւնը։
Միւս կողմէ, եթէ իրականութիւնները ճիշդ հաշուառենք, ապա մեր առջեւ պիտի ստեղծուի այն իրական պատկերը, որ անցնող ամիսներուն Արցախէն եղած հայաթափումը պատահականութեան մը արդիւնքը չէր։ Այն իմաստով, որ ինչպէս շատ-շատերուն համար, այս տողերը գրողին համար ալ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան իրական եւ իրաւական երաշխիքը ունէր միայն ու միայն ռուսական խաղաղապահ կողմը, եւ այդ խաղաղապահ ուժերու ներկայութեամբ էր նաեւ, որ արցախցիք 2020 թուականի Նոյեմբերին յայտարարուած հրադադարէն անմիջապէս ետք վերադարձան իրենց հողերը։ Ճիշդ է, որ այդ պատերազմի օրերուն ամբողջ Արցախը չէր դատարկուած, բայց եւ այնպէս հազարաւորներ տեղափոխուած էին Երեւան եւ Հայաստանի այլ շրջաններ։
Չենք խօսիր միայն Շուշիի եւ Հադրութի բնակչութեան մասին, որոնք ամբողջութեամբ կորսնցուցած էին իրենց յոյսը եւ տեղաւորուած նոյնիսկ Հայաստանի ամենահեռաւոր շրջաններուն մէջ՝ Կիւմրի կամ Շիրակի մարզի այլ շրջաններ, այլ կը խօսինք այն ընտանիքներուն մասին, որոնք մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն, Արցախի երկրորդ եւ երրորդ կարեւոր քաղաքներէն՝ Մարտակերտէն ու Մարտունիէն հեռացածներուն մասին։
Ու մեր այս հայրենակիցները հաւանաբար իրենց մտքերուն ունենալով այն վառ յոյսը, որ Ռուսիան ամէն գնով պիտի պահէ-պահպանէ արցախցիներուն անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը։ Բայց եկուր տես, որ հակառակը պատահեցաւ։
Այստեղ առանց չարակամութիւն, կամ հակա-ռուսական քարոզին մէջ իյնալու պէտք է լսել արցախցիներու այն վկայութիւնները, որոնք կը պատմեն եղածներուն ահաւորութեան ու ռուսական կողմին «անգործութեան» մասին։ Փաստը կը մնայ փաստ, բայց եւ այնպէս եղած դէպքերը արժանի են լուրջ վերլուծութեան։
Ինչո՞ւ Ռուսիան հրաժարեցաւ իր վրայ դրուած պարտաւորութիւններէն, կամ ի՞նչ ստացաւ Ռուսիան այս բոլորէն եւ ամենակարեւորը Արցախը Ատրպէյճանին «լքել»ու իր քայլով, Մոսկուա ինչ կորսնցուց Հարաւային Կովկասի մէջ եւ անոր դիմաց ի՞նչ շահեցաւ (եթէ շահեցաւ) այլ տեղէ։
Հարցումները շատ կարեւոր են, ոչ միայն առաջին գիծ մղելու համար հայ-ռուսական վիրաւոր յարաբերութիւններու հարցը, այլ նաեւ իրողապէս հասկնալու, որ Արցախի խնդրով, ի՞նչ կը մտածէ Ռուսաստանը։
Այս հարցումը կը փոխառնչեմ այս նիւթին տրուած ընդհանուր խորագրին հետ, քանզի, բոլորիս համար յստակ է, որ առանց քաղաքական իրական նեցուկի մը անկարելի է առաջ տանիլ Արցախի «Աքսորի կառավարութիւն» մը ստեղծելու խնդիրը։
Այդ նեցուկը պարտաւոր է ունենալ աշխարհաքաղաքական ընկալում եւ այդ պարագային, եթէ արեւմուտքին համար Արցախի էջը փակուած կը համարուի, ապա նոյն պարունակին մէջ ինչ կը մտածէ Ռուսական կողմը։
Աւարտելով նիւթիս այս հատուածը հարկ կը համարեմ նշել, որ Արցախի համար նոր վիճակ մը ստեղծելու հիմնարար քայլերէն կ’ըլլայ այն, որ նոյն այդ «Աքսորի կառավարութիւն»ը կազմուի Հայաստանէն դուրս, պայմանով որ ան ունենայ կարեւոր եւ իսկական նեցուկ։
Այլապէս մէջտեղ նետուած բոլոր մակարդակի առաջարկները չեն անցնիր հրավառութեան սահմանները եւ մեծ հաշուով անոնք կրնան դառնալ արկածախնդրութեան հերթական փորձեր, որոնք մեծ հաշուով ալ վնասակար են Հայաստանի համար։
Ի դէպ վերադառնալով Արցախեան խնդրին Հայաստանի իշխանութիւններու ընդհանուր կեցուածքին եւ ունեցած թերացումներու թեմային ստորեւ կը ներկայացնեմ ամերիկահայ վերլուծաբան եւ քաղաքագէտ՝ Հրայր Պալեանի գրչով վերջերս ստորագրուած յօդուածէն հատուած մը, նշելով նաեւ որ յօդուածը լոյս տեսած է Modern Diplomacy ամերիկեան հանգամանաւոր պարբերականին մէջ։
Պալեան կը գրէ՝
«Հայաստանի կառավարութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, կը կրէ Լեռնային Ղարաբաղի կորուստի համար առաջնային քաղաքական պատասխանատուութիւն: 2022 թուականի Սեպտեմբերին Փաշինեան ճանչցաւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ընդունեց, որ Լեռնային Ղարաբաղն Ատրպէյճանի մաս է՝ պայմանով, որ անկլաւի (կղզիացած տարածք) հայերու «իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը» կրնան երաշխաւորուիլ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ներքոյ:
Թէեւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումն անխուսափելի է՝ հաշուի առնելով երկու երկիրներու միջեւ սահմանի սահմանումը, Փաշինեանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումն Ատրպէյճանի մաս ըլլալու անհատոյց զիջում է, որ կ’առաջարկուի առանց անկլաւի իշխանութիւններու հետ համաձայնութեան կամ խորհրդակցութեան:
Փաշինեանի զիջումը, որ բազմիցս վերահաստատուած է 2023 թուականին, փակեց միջազգային աջակցութեան դուռը՝ շարունակելու տէ ֆաքթօ (իրողական) անկախութիւնը եւ ապագային Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը տէ ժիւրէ (իրաւականօրէն) ճանչնալուն:
Որպէս ամբոխահաճ առաջնորդ՝ Փաշինեան, հաւանաբար, արձագանգեց հայ բնակչութեան մէկ մասի ցանկութիւններուն, որոնք յոգնած էին Ատրպէյճանի հետ տասնամեակներու պատերազմէն: Այս ցանկութիւնները համընկած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան նախապատուութիւններուն հետ՝ արագ լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:
Անցեալ տարուան ընթացքին Փաշինեան վերակողմնորոշած է Հայաստանի անվտանգութեան հովանոցը Ռուսիայէն դէպի Արեւմուտք՝ միամտօրէն յոյս ունենալով Ատրպէյճանի հետ շարունակուող բանակցութիւններուն ստանալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը: Ի վերջոյ, Փաշինեան իր վերակողմնորոշմամբ եւ զիջումներով այլ բան չունէր ցոյց տալու, քան մտահոգութեան, դատապարտման ու կարեկցանքի անատամ արտայայտութիւնները: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն եւ Եւրոպական Միութիւնը աջակցած են հակամարտութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի դիրքորոշման՝ անոր տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու քօղի տակ: Փաշինեանի կրաւորական պատասխանը բացաւ Ալիեւի ախորժակը եւ անոր զգալի ռազմական զինանոցը շրջեց Հայաստանի դէմ՝ պահանջելով երկրի հարաւային Զանգեզուրի կամ Սիւնիքի շրջանի մէկ մասը, որ Ալիեւ կեղծ կերպով կ’անուանէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»:
Այս ձախողութեան պատասխանատուութիւնը կը կրէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը: Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան միասին՝ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի միջոցով, առաջ քաշեցին համապարփակ առաջարկներ, ներառեալ մատրիտեան սկզբունքները 2008 թուականի՝ անորոշ ժամանակով երկարացնելու անկլաւի փաստացի անկախ կարգավիճակը եւ, ի վերջոյ, հանրաքուէի միջոցով ճանչնալու անոր ինքնորոշման իրաւունքը: Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններն անզգոյշ կերպով մերժեցին առաջարկը, քանի որ այն կը պահանջէր վերադարձնել անկլաւի շրջակայքի տարածքները, որոնք ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած էին 1994 թուականին, որպէս անվտանգութեան արգելակ: Չօգտագործուեցան նաեւ այլ հնարաւորութիւններ:
2020 թուականի պարտութենէն յետոյ ստեղծագործական փոխզիջումները կրնային օգնել խուսափելու Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական կորուստէ: Թերեւս, լիակատար անկախութեան փոխարէն, Լեռնային Ղարաբաղի որոշակի մակարդակի ինքնավարութիւնը կրնար երաշխաւորել անոր բնակիչներու իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը՝ իրենց ընտրած իշխանութիւններու վերահսկողութեան ներքոյ՝ ի վերջոյ ճանչնալով Ատրպէյճանի տէ ժիւրէ ինքնիշխանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ, բայց պահպանելով անկլաւի տէ ֆաքթօ ինքնորոշումը:
Ընդհանուր առմամբ, ԼՂ հակամարտութեան կողմերու մէջ փոխզիջումը կու գայ թուլութեան հետ: Ըստ այդմ, այս կամ այն կողմը մերժած է տարբեր կէտերու առնչութեամբ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի առաջարկները: Այսպիսով, ցանկացած փոխզիջում ընդունելու Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը կասկածելի էր: Փոխարէնը, Ատրպէյճան իր նաւթատոլարային եկամուտները ծախսեց Թուրքիայէն, Իսրայէլէն, Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայէն գնուած զէնք կուտակելու վրայ եւ պատրաստուեցաւ այն օրուան, երբ կրնար ուժով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնն իր օգտին: Այնուամենայնիւ, երբ բռնի հակամարտութիւններու սթաթուս քուօն (հաստատուած իրավիճակ) անկայուն է, ստեղծագործական փոխզիջումներու խթանումը կրնայ անսպասելի դռներ բանալ հակամարտութիւններու կարգաւորման հեռանկարային ջանքերուն առջեւ»։
Սագօ Արեան