44-օրեայ պատերազմի մասին պատմող «1489» հայկական ֆիլմը արժանացաւ՝ IDFA փառատօնի գլխաւոր մրցանակին

Շարժանկարի բեմադրիչ՝ Շողակաթ Վարդանեանը 44-օրեայ պատերազմի օրերուն ծնողներուն հետ կը փնտռէր անհետ կորսուած եղբայրը՝ Սողոմոնը: Տղան անհետ կորսուած էր 2020 թուականի Հոկտեմբերին։ Երիտասարդ բեմադրիչը, օգտագործելով իր հեռախօսի տեսախցիկը, նկարահանած է եղբօր որոնման ողջ գործընթացը եւ փաստագրած այն փորձառութիւնները, որոնց մէջէն անցած են ինքն ու ընտանիքը։

Վաւերագրական շարժանկարի աշխարհի ամենահեղինակաւոր փառատօնը՝ Ամստերդամի միջազգային փաստավաւերագրական փառատօնը (IDFA), «Լաւագոյն ֆիլմ» անուանակարգով յաղթող ճանչցած է Շողակաթ Վարդանեանի, 44-օրեայ պատերազմի անձնական ողբերգութիւնէն ծնած «1489» տեսանիւթային ֆիլմը եւ շնորհած գլխաւոր մրցանակը:

Ֆիլմը արժանացած է նաեւ «FIPRESCI» մրցանակին, որ աննախադէպ յաջողութիւն է հայ շարժանկարի պատմութեան մէջ։